Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 21, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ ժամանեց Պէյրութ: Այսօր ընթացք կ՛առնեն անոր պաշտօնական հանդիպումները:

. ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը Աննայայի մէջ Ս. Շարպելի տօնին առիթով երէկ մատուցեց սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ առաջին տիկինին:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար կը պատրաստուի իր սուրիացի պաշտօնակից Մըզհեր Ուէյսի հետ կապ հաստատել` համաձայնութիւն գոյացնելու համար լիբանանեան եւ սուրիական կողմերուն մօտ դատապարտուած բանտարկեալներու փոխանակումը կատարելու, որպէսզի իրենց բանտարկութիւնը շարունակեն Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ, եւ այդ քայլով նուազեցնելու լիբանանեան բանտերուն խճողուածութիւնը:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ քաղաքականութեան մասնագէտ դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմի նպատակը լուծումի եւ Լիբանանի ճակատի հանդարտեցման հասնիլն է, եւ ամերիկացիները լիբանանեան պատասխանին իրենց պատասխանին մէջ չշեղեցան իրենց որդեգրած քաղաքականութենէն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգները ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի եւ Լիբանանի մէջ իր դեսպան Ճոնսընի ճամբով նախանձախնդիր է լիբանանեան պահանջներուն հասկացողութիւն ցուցաբերելու, եւ մղելու, որ Լիբանանի պետութիւնը կատարէ զէնքի մենաշնորհի եւ բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութիւնը հաստատելու առումով իր բոլոր պարտականութիւնները»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ. «Հըզպալլան, ուրբաթ օր անոր ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի արտասանած ճառին մէջ ըսածին համաձայն, Լիբանանի մէջ զէնքը պետական մարմիններուն մենաշնորհը դարձնելու տեղական եւ միջազգային պահանջներուն դիմաց բարձրացուց գոյութենական վտանգի խաղաթուղթը` պայման դնելով, որ նախքան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան քննարկման սկսիլը այդ վտանգը վերցուի: Մինչ այդ, հարցերը դէպի լիբանանեան պետութեան դիրքորոշման, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթը դրական պիտի ընկալէ, եւ կուսակցութեան դիրքորոշման միջեւ տարբերակում կ՛ուղղուին»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մթնոլորտին ծանօթներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. Իսրայէլի` Լիբանանի վրայ իր առօրեայ յարձակումները շարունակելն ու այդ յարձակումներուն ընկերակցող Հըզպալլայի անդամներու ահաբեկումները Հըզպալլան հետզհետէ աւելի կը կառչեցնեն իր զէնքին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Իսրայէլ տուներու վերաշինութեան փորձերը թիրախաւորելու փուլէն անցաւ փլատակներու վերացման մեքենաներու թիրախաւորման` բնակիչներուն իրենց տուները վերակառուցել արգիլելու համար»:

 

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Բ. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ

Յաջորդը

«Լիբանան Պէտք Չէ Սուրիոյ Մէջ Սադրանքի Համար Անցք Ըլլայ, Եւ Մենք Պիտի Փակենք Սադրանքի Դռները» Կ՛ըսէ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.