Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետն Ու Հանրապետութեան Միւֆթին Կոչ Կ՛ուղղեն` Սադրանքի Թակարդը Իյնալէն Զգուշանալու

July 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան հեռաձայնած է տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունային` ընդգծելու սիւննի եւ տիւրզի համայնքները միացնող իսլամական ու ազգային եղբայրութիւնը եւ բարեկամութեան ու յարգանքի յարաբերութիւններն ու հասարակաց ճակատագիրի երկար պատմութիւնը:

Հանրապետութեան միւֆթին խոր ցաւ յայտնած է Սուէյտայի մէջ մէկ հայրենիքի եղբայրներուն միջեւ արիւնահեղութեան նկատմամբ` նշելով, որ ցաւը մէկ է:

Շէյխ Ապի Մունան եւ շէյխ Տրիանը իրենց ամբողջական մերժումը յայտարարած են հրահրման որեւէ հռետորաբանութենէն տարուելուն, անոնք նաեւ մերժած են արդարացնել որեւէ սադրիչ արարք, որ կրնայ միջհամայնքային լարուածութիւն հրահրել կամ երկու համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ոչ իսկական պատկեր փոխանցել:

Երկու համայնքներու հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին խուսափելու սադրանքի թակարդին մէջ իյնալէ, ինչ որ «մարդկութեան թշնամիները կ՛ուզեն»:

Անոնք շեշտեցին, որ կը մերժեն որեւէ արտաքին միջամտութիւն եւ յարձակում, որ կը նպաստէ այդ միասնականութեան քայքայման` ընդգծելով, որ այդ միասնականութիւնը միշտ ալ եղած է երկու համայնքներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն մէջ:

Երկու հոգեւոր պետերը բոլոր առնչակիցներուն, սկսելով սուրիական պետութենէն, որ առաջին պատասխանատուն է, Ժապալ Արապի տիւրզի շէյխերուն, հեղինակութիւններուն, կրօնական մարմիններուն եւ ցեղախումբերուն կոչ ուղղեցին` լրջօրէն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու բռնարարքներու անմիջապէս դադրեցման համար, եւ եղբայրներու միջեւ կռիւը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ վտարելու ծայրայեղականները, որոնք աշխատանք կը տանին տագնապը հրահրելու, կայունութիւնը ականահարելու եւ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը նպաստեն կասկածելի ծրագիրներու գործադրութեան:

 

Նախորդը

Ապի Մունա. «Բացարձակապէս Կը Մերժենք Սուէյտայի Դէպքերու Լիբանանեան Բեմին Վրայ Որեւէ Արձագանգ Ունենալը»

Յաջորդը

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Երկրի Կացութիւնն Ու Շրջանային Զարգացումները

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.