Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Երկխօսութեան Համար Սուէյտայի Մէջ Զինադադար Կ՛առաջարկէ

July 19, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքի համայնքային խորհուրդի արտակարգ ժողովէն ետք յայտնեց. «Պէտք է ողջախոհ ըլլալ նախքան զգացական եւ ամբաստանութիւններու մէջ մտնելը, որովհետեւ մենք խելքի եւ իմաստութեան համայնք ենք, եւ եթէ կ՛ուզենք ամբաստանութիւններ կատարել, ապա անոնք բազմաթիւ են»:

«Կ՛առաջարկեմ բոլորս խորհրդակցինք շարք մը միտքերու շուրջ, որոնք հիմքը պիտի ըլլան հաղորդագրութեան մը, որուն ճամբով կը դիմենք հարազատներուն եւ բոլորին», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ առաջարկեց «զինադադար հաստատել երկխօսութեան մէջ մտնելու համար: Մէկ կողմէ սուրիական պետութիւնը կայ, միւս կողմէ` Սուէյտայի մարմինները եւ ուրիշներ: Առաջին կէտը զինադադարն է, եւ հաստատել, թէ Սուէյտայի մէջ Ժապալ Արապը Սուրիոյ անբաժանելի մասն է»:

Ան կոչ ուղղեց դատապարտելու Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները, Լիբանանի վրայ իսրայէլեան առօրեայ յարձակումները, «եւ պահանջել հետաքննիչ յանձնախումբ մը` բացայայտելու համար Սուէյտայի մէջ մեր հարազատներուն եւ պետեւիներուն դէմ գործուած ոճիրներն ու արարքները»:

Ժոմպլաթ նաեւ կոչ ուղղեց «Լիբանանի մէջ եւ արտաքին գրգռութեան արշաւները դադրեցնելու եւ դատապարտելու ճամբաները փակելու կոչերը: Մենք ճամբան որո՞ւ դիմաց կը փակենք. մեր հարազատներուն եւ մենք մեր վրա՞յ»:

«Մենք շատ երկար խնդիրի մէջ ենք, եւ համայնքային մակարդակի վրայ բաժանման սկիզը: Կը մաղթէինք, որ այստեղ չհասնէինք», ըսաւ ան:

Հանրապետութեան Նախագահն Ու
Հանրապետութեան Միւֆթին Հեռաձայնեցին Ժոմպլաթին

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` շեշտելով ներկայ նուրբ փուլին համակարգում կատարելու կարեւորութիւնը, եւ վստահեցուց, որ պետութիւնը իր բոլոր հաստատութիւններով ներկայ ու պատրաստ է որեւէ ջանքի, որ կը նպաստէ կայունութեան պահպանման:

Աուն իր գնահատանքը արտայայտեց Ժոմպլաթի արտայայտած պատասխանատու դիրքորոշումներուն եւ փողոցին մէջ լարուածութեան վատթարացումը արգիլելու նախանձախնդրութեան նկատմամբ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան իր կարգին հեռաձայնեց Ժոմպլաթին` շեշտելով քաղաքական ու կրօնական տարբեր ուժերու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` խուսափելու համար Սուրիոյ դէպքերուն Լիբանանի մէջ որեւէ հաւանական ազդեցութիւններէն:

Շէյխ Տրիան գնահատեց լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու դերն ու զգօնութեան կոչը` ընդգծելով լիբանանեան բեմը որեւէ մագլցումէ պաշտպանելու եւ ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ժոմպլաթ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է Սուէյտայի մէջ զինադադարը ամրապնդել, ապա սուրիական պետութեան հետ բոլոր կրօնական, քաղաքական եւ համայնքային բաղադրիչներուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնել»:

Ան կոչ ուղղեց որդեգրելու ապահովութեան հաստատման յստակ ծրագիր մը եւ տիւրզի զինեալները ներառել սուրիական ոստիկանութեան կամ բանակին մէջ:

«Իսրայէլացիները իրենց միջամտութեամբ սադրանքի կրակը կը հրահրեն եւ տիւրզիները կը դնեն սուրիական հասարակութեան բոլոր բաղադրիչներուն դիմաց պատերազմի մը մէջ, որ պիտի չդադրի», ըսաւ Ժոմպլաթ` շեշտելով, որ կը մերժէ որեւէ «արտաքին պաշտպանութիւն», յայտնեց ան:

«Իսրայէլ ոչ ոք կը պաշտպանէ, անիկա նոյնիսկ մեծ պետութիւնները կ՛օգտագործէ, սակայն միայն իր շահերը կը պաշտպանէ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Հըզպալլան Կը Յաջողի Զէնքեր Մաքսանենգել Եւ Մատակարարումը Վերակազմակերպել

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ապաատ Միութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.