Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` շեշտելով «Սուրիոյ միասնականութեան պահպանումը եւ սուրիական պետութեան երդիքին տակ անոր բոլոր զաւակներուն փոխադարձ հասկացողութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ ողջախոհութեան ու իմաստութեան դրսեւորման, եւ խուսափելու հակազդեցութիւններէ, որոնք կրնան մէկ հայրենիքի զաւակներուն միջեւ ներքին լարուածութիւններ ստեղծել»:
Սալամ գովաբանեց «Ժոմպլաթի եւ տարբեր շրջաններու այլ ականաւոր գործիչներու կողմէ թափուած ջանքերը` խուսափելու համար ներքին որեւէ խնդիրէ, որ կը սպառնայ մեր հայրենիքի կայունութեան եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար հեղինակութիւն մնացող պետութեան իշխանութեան վերականգնման երթին: