Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն:
Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումները եւ Լիբանանը այդ զարգացումներու որեւէ արձագանգէ զերծ պահելու կարեւորութիւնը:
Երկու կողմերը շեշտեցին «Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ առկախ մնացած թղթածրարներու լուծման շտապելու կարեւորութիւնը»:
Ֆրանսայի դեսպանը լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը դրաւ Ֆրանսայի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան վերանորոգումը երաշխաւորելու համար կատարած հաղորդակցութիւններու եւ դիւանագիտական ջանքերու մթնոլորտին մէջ:
Մակրօ նաեւ Ռաժժին տեղեակ պահեց ֆրանսական կողմին ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ Լիբանանի հարցին շուրջ շարունակուող բանակցութիւններու մթնոլորտէն: