Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Նախարարաց Խորհուրդի Վերջին Որոշումը Կը Վտանգէ Երկրի Գերիշխանութիւնն Ու Միասնականութիւնը»

Օգոստոս 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց. «Լիբանանեան ներկայ քաղաքական վարչակարգը ձախողեցաւ իրագործելու իր հիմնական նպատակները, որոնց գլխաւորը անկախ պետութիւն մը եւ միասնական ազգային հասարակութիւն կառուցելն է»:

Շէյխ Խաթիպ նշեց, որ քաղաքական որեւէ համակարգ չի կրնար յաջողիլ առանց ընկերային միասնականութեան եւ պատկանելիութեան ու ճակատագիրի միացեալ զգացողութեան` լիբանանեան ներկայ վարչակարգը նմանցնելով «զինադադար»-ի համայնքներու միջեւ, որոնք կ՛ապրին առաջին վտանգի առջեւ տապալող ժամանակաւոր հաւասարակշռութիւններու հիմամբ:

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը քննադատեց կառավարութեան 5 օգոստոսի նիստի որոշումը` զայն նկատելով «ամերիկացի պատուիրակին կողմէ բերուած իսրայէլեան փաստաթուղթին դէմ ազգային միացեալ կեցուածքի տապալում»:

«Որոշումը կ՛օրինականացնէ անձնատուութիւնը եւ կը վտանգէ լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու երկրին միասնականութիւնը», շեշտեց ան:

Շէյխ Խաթիպ կոչ ուղղեց կառավարութեան յաջորդ նիստին ետդարձ կատարելու այդ որոշումէն` նշելով. «Սխալէն ետդարձ կատարելը առաքինութիւն է, եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու համար վճարուող գինը անձնատուութեան գինէն շատ աւելի նուազ է»:

Շէյխ Խաթիպ, նախքան այդ, «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կայ համայնք մը, որ ամբողջութեամբ յարձակումի կ՛ենթարկուի, եւ լիբանանեան կառավարութեան դիրքորոշումը կ՛օրինականացնէ այս համայնքին վրայ յարձակումը: Կառավարութիւնը կ՛ուզէ իրավիճա՞կը շրջել, Դիմադրութեան զէնքին յանձնումը դարձնել իր պահա՞նջը եւ իսրայէլացի թշնամի՞ն արդարացնել:

«Մենք վերաշինութիւն չենք ուզեր, եթէ ատոր գինը ենթակայութիւնն ու անձնատուութիւնն է», ըսաւ ան:

«Մեր ժողովուրդը պատրաստ է ինք իր հարաւային գիւղերը կառուցելու, եւ պէտք չունինք արտաքին օժանդակութիւններու, եթէ մեր քաղաքական որոշումը իբրեւ գրաւ պիտի վերցուի: Մենք ատիկա պիտի չընդունինք: Լիբանանը անկարող չէ իր հողը պաշտպանելու եւ վերակառուցում կատարելու», յայտնեց շէյխ Խաթիպ:

 

Նախորդը

«Հըզպալլան Զինաթափելու Ծրագիրը Ամերիկայի Եւ Իսրայէլի Կողմէ Ձախող Ծրագիր Մըն Է» Կ՛ըսէ «Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհումը, Հակառակ Դժուարութիւններուն Ու Խոչընդոտներուն, Պիտի Իրականանայ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?