Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Զինադադարի Ամրապնդման Ամերիկեան Փաստաթուղթին Մէջ Նշուած Սկզբունքները Վաւերացուց» Կ՛ըսէ Նախագահական Պալատը

August 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը հինգշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Պաապտայի պալատին մէջ  հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստի ընթացքին որդեգրեց զինադադարի ամրապնդման ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ նշուած սկզբունքները, զորս կառավարութիւնը վաւերացուց հետեւեալ ձեւով.

1.- Լիբանան կը գործադրէ «Թաէֆի համաձայնութիւն» անունով ծանօթ Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթը, Լիբանանի սահմանադրութիւնը, Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները` նախ եւ առաջ թիւ 1701 որոշումը, եւ կ՛որդեգրէ անհրաժեշտ քայլերը` իր ամբողջական գերիշխանութիւնը տարածելու իր բոլոր հողերուն վրայ, ամրապնդելու համար օրինական հաստատութիւններուն դերը, ամրագրելու համար պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումներու որդեգրման մէջ պետութեան մենաշնորհը եղող իշխանութիւնը եւ երաշխաւորելու զէնքի` Լիբանանի ամբողջ տարածքին մէջ պետութեան մենաշնորհումը:

2.- Տեւական, համապարփակ եւ երաշխաւորուած լուծումի յանգեցնող կանոնաւոր քայլերու ճամբով երաշխաւորել դադրեցման տեւականութիւնը թշնամական արարքներու, ներառեալ ցամաքային, օդային եւ ծովային բոլոր խախտումները:

3.- Աստիճանական կերպով վերջ տալ ոչ կառավարական կողմերու, ներառեալ Հըզպալլայի լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ` Լիթանի գետէն հարաւ եւ հիւսիս զինեալ ներկայութեան, եւ ատոր կողքին աջակցութիւն տրամադրել լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն:

4.- Լիբանանեան բանակը տեղակայել սահմանային շրջաններուն եւ ներքին հիմնական դիրքերուն վրայ` անոր եւ ապահովական ուժերուն տրամադրելով յարմար աջակցութիւն:

5.- Իսրայէլի հեռացում «հինգ կէտերէն» եւ անուղղակի բանակցութիւններու ճամբով դիւանագիտական միջոցներով լուծել սահմանի ու գերիներու հարցերը:

6.- Սահմանամերձ գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու բնակիչներու իրենց տուներ ու կալուածներ վերադարձ:

7.- Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման, թշնամական բոլոր արարքներու, ներառեալ ցամաքային, օդային եւ ծովային խախտումներու դադրեցման երաշխաւորում:

8.- Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջազգային սահմաններու տեւական ու տեսանելի սահմանագծում:

9.- Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմաններու տեւական սահմանազատում եւ սահմանագծում:

10.- Գումարել տնտեսական խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցին Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Լիբանանի այլ բարեկամներ` աջակցելու համար լիբանանեան տնտեսութեան եւ վերաշինութիւն կատարելու, որպէսզի Լիբանան դառնայ բարգաւաճ եւ կենսունակ երկիր մը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կոչին համաձայն:

11.- Լիբանանեան ապահովական մարմիններուն, մասնաւորաբար լիբանանեան բանակին յաւելեալ միջազգային աջակցութիւն` անոր տրամադրուելով առաջարկին կէտերու գործադրման եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար յարմար զինուորական միջոցներ»:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կ՛ուզենք Աշխատիլ Տնտեսական Լուրջ Դիւանագիտութեան Վրայ, Որ Լիբանանցիներուն Առջեւ Կը Բանայ Աշխատանքի Եւ Ներդրումներու Դռները»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Լիբանանի Կառավարութեան Որոշումը

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.