Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Բոլոր կուսակցութիւնները յայտարարեցին, թէ անհրաժեշտ է զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել, եւ Հըզպալլան միակն է, որ այս միաձայնութենէն դուրս կը մնայ»:

«Գործընկերութիւնը միայն օրէնքի նշաձողին, սահմանադրութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարութեան տակ կրնայ իրականանալ», շեշտեց Ժեմայել:

–  ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Կառավարութեան քննարկումը շարունակելով ամերիկեան փաստաթուղթը վաւերացնելուն վրայ պնդելը եւ նախարարաց խորհուրդի որոշումները գործադրելու ուղղութեամբ աշխատիլ պնդելը միջազգային ընտանիքին կը յղէ պատգամ մը, թէ Լիբանանի մէջ որոշումը այլեւս Իրանի եւ Հըզպալլայի ձեռքը չէ»:

– ԸՍՏ «Ասաս»-ի տեղեկութեան, «Բանակի պատրաստելիք եւ 31 օգոստոսին նախարարաց խորհուրդին ներկայացնելիք ծրագիրի գործադրութեան սկիզբը 1 սեպտեմբերին կը նախատեսուի, իսկ աւարտը` 31 դեկտեմբեր 2025-ին»:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ ականաւոր աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շիի երկեակի նախարարներուն կառավարութեան նիստէն հեռանալը կառավարութենէն հրաժարելու պիտի չյանգեցնէ: Որդեգրուած որոշումները Ազգային ուխտին կը հակասեն եւ անոնց նպատակը մեզ բանակին հետ բախումի մղելն է, ինչ որ տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ կառչած ենք երեք «ոչ»-երու` ո՛չ զէնքի յանձնման, ո՛չ փողոցին մէջ եւ բանակին հետ բախումին, ո՛չ կառավարութենէն հրաժարելուն: Մեզի հետ գոյացած համաձայնութեան դէմ յեղաշրջում կատարուեցաւ»:

– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Այն,  ինչ որ նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց,  Հըզպալլայի պահանջածն է: Կառավարութեան վաւերացուցած նպատակներուն շարքին են Իսրայէլի հեռացումը, յարձակումի դադրեցումը, գերիներու վերադարձը, սահմանի ամրապնդումը եւ լիբանանեան բոլոր գերիշխանական պահանջները»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շիի երկեակին ընդդիմութեան ծաւալը սահմանափակուած կը մնայ քաղաքական հռետորաբանութեան եւ հաստատութիւններու ծիրին մէջ, անոնց ամէնէն շատ հետաքրքրածը իրենց երեսփոխաններն ու նախարարները խորհրդարանին ու կառավարութեան մէջ պահելն ու փողոցը իբրեւ կացութիւնը պայթեցնող գործիք չօգտագործելն է»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը գրէ. «Իրանի նախկին դեսպան Մուժթապա Ամանի խանգարիչ դեր ունեցաւ Թամ Պարրաքի փաստաթուղթին շուրջ բանակցութիւններու փուլին, եւ ան զէնքը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան որեւէ լուրջ մօտեցում խոչընդոտող գլխաւոր դէմքերէն էր»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը. «Սուրիոյ ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան պետ Հիւսէյն Սալամէ Լիբանանին յայտնեց, թէ սուրիական նոր իշխանութիւնները Լիբանանի դէմ որեւէ արարք գործելու մտադրութիւն չունին»:

– «ԹԱՍՆԻՄ». «Արաղչի իր եգիպտացի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը տարբեր քաղաքական կողմերու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի եւ համակարգումի պահպանման, ինչպէս նաեւ խուսափելու քայլերէ, որոնք կրնան ներքին լարուածութեան յանգեցնել»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Զահրանիի ճամբուն վրայ յարձակում գործեց: Զոհուեցաւ «Հաուանա Լուպնան» կայքի տնօրէն, լրագրող ու լուսանկարիչ Մոհամետ Շահատէ:

– 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 3000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.446.000 լ.ո.-ի եւ 1.486.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 17000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.380.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.092.000 լ.ո.:

Նախորդը

Աֆրամ Բ. Եւ Պասիլիոս Ա. Պատրիարքները Միասնաբար Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Եազպեք. «Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղենք` Վերջ Տալու Լիբանանի Մէջ Իրանի Միջամտութեան Եւ Ապահովութեան Խորհուրդին Անոր Դէմ Բողոք Ներկայացնելու»

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.