Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Հըզպալլան զինաթափելու փորձերը նորութիւն չեն եւ նախապէս ալ տեղի ունեցած են Դիմադրութեան զէնքին պատերազմի դաշտին վրայ յստակօրէն երեւցած ազդուութեան պատճառով:
Ան նշեց. «Կարգ մը կողմեր, որոնք կը կարծեն, թէ Հըզպալլան տկարացած է կամ փխրուն դարձած, այս ծրագիրը վերստին առաջարկեցին, սակայն (Հըզպալլայի) ընդհանուր քարտուղարին յայտարարած վճռական դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը փաստեցին, թէ կուսակցութիւնը ճնշումներուն դիմաց տոկուն կը մնայ»:
Ան աւելցուց. «Լիբանանի մէջ շիի հոսանքը ներկայիս իր ուժի գագաթնակէտին կը գտնուի»:
«Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւններուն համաձայն, վերջին պատերազմին պատճառով հասած վնասները դարմանուած են, Հըզպալլան վերակազմակերպուած է, անոր ուժերը տեղակայուած են եւ հրամանատարները նշանակուած: Այս հոսանքը ինքզինք պաշտպանելու անհրաժեշտ կարողութիւնը ունի», շեշտեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ վերջնական որոշումը ինքնին Հըզպալլայի ձեռքն է, իսկ Իրան աջակցող կողմը պիտի մնայ, առանց անոր ընտրանքներուն միջամտելու կամ անոր որեւէ ուղղուածութիւն պարտադրելու», նշեց Արաղչի: