Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախկին նախարար, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:
Նախարարը երեսփոխանին ներկայացուց այն ծրագիրները, որոնց նախարարութիւնը ձեռնարկած է կամ կը պատրաստուի գործադրելու երիտասարդութեան, սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ, մասնաւորաբար «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» նախաձեռնութիւնը, որ ընթացք առաւ Սուր քաղաքէն եւ յառաջիկային պիտի շարունակուի Ճիւնիի, Ալէյի եւ Պէյրութի մէջ:
Ապու Ֆաուր, որուն կ՛ընկերակցէր Տահր Ահմար մարմնակրթական ակումբէն պատուիրակութիւն մը, Պայրագտարեանէն խնդրեց հովանաւորութիւնը ստանձնել եւ ներկայ գտնուիլ նշեալ ակումբի 30-ամեակին առիթով պաշտօնական հանդիսութեան: Նախարարը համաձայն գտնուեցաւ: