Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտական Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Տինքի Մահուան Տարելիցին Նուիրուած Քայլարշաւ Կազմակերպած Է

January 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11915_HDP«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղը Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով քայլարշաւ կազմակերպած է:

Քայլարշաւին մասնակիցները պնդած են, որ օրեր առաջ ձերբակալուած Ճիզրէի ոստիկանապետը կապ ունի Տինքի սպանութեան հետ` նշելով, որ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըի եւ տարեց հայ կնոջ` Մարիցա Քիւչիւքի սպանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են:

Քայլարշաւին մասնակիցները ստորագրահաւաքի սկսած են «Էրկենեքոն»-ի փողոցը Հրանդ Տինքի անունով կոչելու համար: Անոնք նաեւ փողոցին մէջ «Հրանդ Տինքի փողոց» գրութիւնը փակցուցած են:

Ստորագրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբի օրը նկատուող ապրիլ 24-ը:

«Առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, ցեղասպանութեան հետ», պաստառը պարզած շուրջ 50 մարդ քայլարշաւի ընթացքին տարբեր կարգախօսներով հանդէս եկած են` մասնաւորաբար. «Քիւրտ, թուրք, հայ. կեցցէ՛ ազգերու եղբայրութիւնը», «Մեր եղբայրն ես, Հրա՛նդ», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» եւ այլն:

Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով անոր գերեզմանը այցելած են հարազատներն ու զինք գնահատողները:

Անոնք աղօթած են Տինքի հոգիի համար, իսկ գերեզմանատան աշխատակից Մալիք Եալչըն անոր յիշատակին բանաստեղծութիւն արտասանած է:

Յիշատակի ոգեկոչման մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու, որ յիշեցուցած է, որ Տինք սպաննուած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն:

Ան յիշեցուցած է, որ 3-5 «գործիքէն» բացի, սպանութեան իրական կազմակերպիչները չեն բացայայտուած:

 

 

Նախորդը

Շիրակի Մարզպետը Կը Միանայ Գիւմրեցիներու Պահանջին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Ստորագրահաւաք Սկսած Է

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.