Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահ Աղուան Յովսէփեանի հրաւէրով երէկ Հայաստան հասած է Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքին:
Ըստ քննչական խորհուրդի տեղեկատուութեան ծառայութեան, Յովսէփեան եւ Պասթրիքին նախապէս հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած սպանութեան գործի քննութեան վերաբերող հարցեր: