Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր դիմատետրի էջին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առիթով: Վարչապետը մասնաւորապէս ըսած է. «Խօսքեր չեմ գտներ արտայայտելու այն խորը ցաւը, որ կրկին վերապրեցայ այսօր փոքրիկն Սերիոժայի մահուան գոյժը լսելուս պէս: Խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Աւետիսեաններու հարազատներուն եւ իրենց հետ կը բաժնեմ այս ծանր վիշտը»: