Հայկական

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական  Դրամատունը 2015-ի Համար Կը Նախատեսէ  2,5-3,8 Տոկոսի Տնտեսական Աճ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատունը 2015-ի Համար Կը Նախատեսէ 2,5-3,8 Տոկոսի Տնտեսական Աճ

Ներսէս Երիցեան «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան փոխնախագահ Ներսէս Երիցեան Ազգային ժողովին մէջ Կեդրոնական դրամատան 2015-ի դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ Կեդրոնական դրամատան նախատեսութիւններուն համաձայն, 2015-ի ընթացքին 12 ամսեայ գնաճը պիտի տատանի հիմնականին մէջ 4 առ հարիւր +1,5 տոկոսային կէտ թոյլատրելի միջոցի վերի հատուածին մէջ եւ տարեվերջին պիտի մօտենայ նպատակային ցուցանիշին` կանխատեսուող հորիզոնի մնացեալ...

«Իրանի Հետ Յարաբերութիւնները  Հայաստանի Համար  Կենսական Նշանակութիւն Ունին»  Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

«Իրանի Հետ Յարաբերութիւնները Հայաստանի Համար Կենսական Նշանակութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ռեյիսին` դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` պաշտօնավարման անցած երեք տարիներուն հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման գործին մէջ  ներդրած ջանքերուն համար եւ մաղթած յաջողութիւն հետագայ գործունէութեան մէջ: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Իրանի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունին եւ ...

Ազգային Ժողովը Սահմանադրական  Բարեփոխումներու Նախագիծը Հանրաքուէի  Դնելու Մասին Որոշում Տուաւ

Ազգային Ժողովը Սահմանադրական Բարեփոխումներու Նախագիծը Հանրաքուէի Դնելու Մասին Որոշում Տուաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-¬ը, սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին կողմ քուէարկեց 104, դէմ` 10, ձեռնպահ` 3 պատգամաւոր: Մինչ այդ, սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած էր բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման...

Սկիզբ Առաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 71-րդ Ժողովը

Սկիզբ Առաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 71-րդ Ժողովը

4-էն 9 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Հայ օգնութեան միութեան 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին միութեան 25 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր եւ դէտեր: Ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 հոկտեմբերին` «Տապըլ Թրի պայ Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան...

Իրանէն Հայաստան Ներմուծուող  Կազի Ծաւալները Պիտի Աւելնան

Իրանէն Հայաստան Ներմուծուող Կազի Ծաւալները Պիտի Աւելնան

Հայաստան կը պատրաստուի աւելցնելու Իրանէն ներմուծուող կազի ծաւալները` միաժամանակ աւելցնելով ուժանիւթի արտահանումը Իրան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` վկայակոչելով իրանական լրատուամիջոցները, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան եւ  Իրանի քարիւղի նախարար Պիճան Զանկանեհի: Վերջինս նշած է, որ այդ հարցով հայ-իրանական համագործակցութեան ձեւաչափը պիտի շարունակէ մնալ նոյնը` աւելցնելով, որ գործարքին մանրամասնութիւնները...

Կրակոց` Գերմանիոյ Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան Ներկայացուցիչի Տան Վրայ

Կրակոց` Գերմանիոյ Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչի Տան Վրայ

Դասախօս Աւետիս Սադոյեան իր Ֆեյսպուքեան էջին վրայ գրած է. «Պերլինի մէջ կրակած են Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանի տան վրայ: Աւելի ուշ, տան դիմաց յայտնուած էր հայերու դէմ վիրաւորական գրառում: Ներկայացուցիչը ատիկա լուրջի չէր առած: Դէպքը հաւանաբար կապուած է Յ. Գրիգորեանի` վերջին շրջանին ցուցաբերած աշխուժութեան հետ: Յարութիւն Գրիգորեան կը զբաղի նաեւ միջազգային հանրային իրաւունքի տեսակէտէ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւ Նիքոլայ  Պորտիւժա Քննարկած Են Զինադադարի  Հետեւանքով Յառաջացած Իրավիճակը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւ Նիքոլայ Պորտիւժա Քննարկած Են Զինադադարի Հետեւանքով Յառաջացած Իրավիճակը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ, 3 սեպտեմբերին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Նախագահի կայքին փոխանցումով, զրուցակիցները քննարկած են Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին ընդունուած որոշումներուն կատարման ընթացքը եւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը անդրադարձած են կովկասեան շրջանին մէջ  անվտանգութեան ապահովման հարցերուն: Նաեւ...

Նշելով, Որ Հայաստանի Բանակը Լիովին  Ունակ Է Ապահովելու Երկրին Անվտանգութիւնը.  Պորտիւժա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Խաղաղ  Բնակչութեան Ռմբակոծումը  Մեզի Համար Անընդունելի Է»

Նշելով, Որ Հայաստանի Բանակը Լիովին Ունակ Է Ապահովելու Երկրին Անվտանգութիւնը. Պորտիւժա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Խաղաղ Բնակչութեան Ռմբակոծումը Մեզի Համար Անընդունելի Է»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա «Բաղրամեան» ռազմափորձին ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի համար վերջին շրջանին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցածը անընդունելի է: «Մեզի համար անընդունելի է, որ ռմբակոծուած են Հայաստանի տարածքները, ծանր զինատեսակներ օգտագործուած են խաղաղ բնակչութեան դէմ: Այդպիսի դէպքերը մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի են», յայտարարած է Պորտիւժա: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը...

Լեռնային Ղարաբաղի  Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.  «Հայկական Կողմին Ձեռնարկած Քայլերը  Պիտի Ըլլան Աւելի Զօրաւոր,  Հետեւանքները Ցաւոտ»

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայկական Կողմին Ձեռնարկած Քայլերը Պիտի Ըլլան Աւելի Զօրաւոր, Հետեւանքները Ցաւոտ»

2-էն 3 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 130 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (107 արկ) եւ 82 (16 արկ) միլլիմեթրնոց ականանետերէ ու ՀԱՆ-17 (70 արկ) տիպի նռնականետէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան...

Աշխատանքային Այցելութիւն`  Ս. Փեթերսպուրկ

Աշխատանքային Այցելութիւն` Ս. Փեթերսպուրկ

30 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան  առընթեր անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի նախագահ Մարտին Սարգսեանի աշխատանքային այցելութիւնը Ս. Փեթերսպուրկ: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ Մարտին Սարգսեանի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանի մասնակցութեամբ սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի փորձառական ծրագիրը, որ կարելիութիւն կու տայ Ռուսիոյ  հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան 7-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Քաղաքացիական Ծառայողներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

2 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 7-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը եւ նախարարութեան քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, պետական, հասարակական, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու  ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ: Գառնիկ Մկրտիչեան Վիգի Մարաշլեան Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ծաղիկներ զետեղած հայ ազատամարտիկներու եւ Հայոց ցեղասպանության...

Տը Վաալ. «Ազրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններու Սկսելու  Զինուորական Կարողութիւն Չունի»

Տը Վաալ. «Ազրպէյճան Լայնածաւալ Գործողութիւններու Սկսելու Զինուորական Կարողութիւն Չունի»

Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քառնեկի» հիմնադրամին վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ սկսելու հետաքրքրութիւն չի տեսներ: 2 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման նիւթով կազմակերպուած քննարկումի մը ընթացքին Թոմաս տը Վաալ միացած էր տեսակամուրջի միջոցով: Ան ընդգծած է, որ հայկական կողմին համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը անոր օգտին է, իսկ Ազրպէյճանի համար...

Արժանթինի Միսիոնես Նահանգը Պաշտօնապէս  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Արժանթինի Միսիոնես Նահանգը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Արժանթինի Միսիոնես նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է օրէնք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան: Ըստ «Արցախփրես»-ի` «Արմենիա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր օրէնքը իր դրոյթներով հաւատարիմ  մնացած է դեռ 2006 թուականին Արժանթինի մէջ ընդունուած 26/199 ազգային օրէնքին, որ ապրիլ 24-ը կը սահմանէ իբրեւ «Հանդուրժողականութեան եւ մարդոց միջեւ յարգանքի օր»: 26/199 օրէնքը կը գործէ Արժանթինի եւս 15 նահանգներու մէջ` Պուենոս Այրես, Քատամարկա,...

Ճեֆրի Ռոպըրթսըն Կ՛արժանանայ Մրցանակի  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Ունեցած Աւանդին Համար

Ճեֆրի Ռոպըրթսըն Կ՛արժանանայ Մրցանակի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Ունեցած Աւանդին Համար

Միջազգային մակարդակի փաստաբան եւ մարդու իրաւունքներու անուանի իրաւապաշտպան Ճեֆրի Ռոպըրթսըն կ’արժանանայ «Արդարութեան պաշտպաններ» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար: Մրցանակը պիտի տրուի 25 հոկտեմբերին` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակին կազմակերպած ամէնամեայ «կալա» ընդունելութեան ընթացքին: Ռոպըրթսըն 23 եւ 24 հոկտեմբերին պիտի մասնակցի նաեւ «Ճանապարհ դէպի հատուցում» քննարկումին, որուն ընթացքին միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Գառնիկ Քրքոնեանի հետ...

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը  Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային  Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կը Խոստանայ Ընտրուելու Պարագային Պետականօրէն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ տեղի ունեցող ժողովին ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը: Կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կողմէ ներկայացուած նախընտրական ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ ընտրուելու պարագային կուսակցութիւնը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ կէտը ընդունուած է ծափահարութիւններով: «Կուսակցութիւնը պատմութեան ընթացքին տարբեր ազգերու դէմ գործուած...

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի.  Արտերկրէն Հայաստան Ուղարկուող  Գումարներու Անձնական Փոխանցումներուն  Նուազումը Կը Ստանայ Աղէտալի Կշռոյթ

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Արտերկրէն Հայաստան Ուղարկուող Գումարներու Անձնական Փոխանցումներուն Նուազումը Կը Ստանայ Աղէտալի Կշռոյթ

Հայաստանեան «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Արտերկրէն Հայաստան ուղարկուող գումարներու անձնական փոխանցումներուն նուազումը արդէն աղէտալի կշռոյթներ կը ստանայ: Այս տարուան օգոստոսին անձնական փոխանցումներու զուտ ներհոսքը անցեալ տարուան օգոստոսին համեմատ նուազած է գրեթէ կէս չափով: «Եթէ անցեալ տարուան օգոստոսին անձնական փոխանցումներու ծաւալը կազմած էր աւելի քան 156 միլիոն տոլար, ապա այս տարուան օգոստոսին կազմած է ընդամէնը 87,2 միլիոն տոլար` նուազելով 44...

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում  Ունեցած Է Նախագահ Սարգսեանին Հետ

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցած Է Նախագահ Սարգսեանին Հետ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ` 30 սեպտեմբերին անոր Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Կարօ Արմէնեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայ ատենապետ Քեն Խաչիկեան եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի...

Նալբանդեան. «Պէտք Է Բանակցային Հոլովոյթը  Շարունակուի, Որովհետեւ Այլընտրանք Չկայ»

Նալբանդեան. «Պէտք Է Բանակցային Հոլովոյթը Շարունակուի, Որովհետեւ Այլընտրանք Չկայ»

Պէտք է բանակցային հոլովոյթը շարունակուի, որովհետեւ  այլընտրանք չկայ: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Յիշեցնելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  յայտարարութիւնը, որով անոնք կոչ ուղղեցին համաձայնութեան գալու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին, Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ շփման գիծին վրայ դէպքերը հետաքննելու մեքանիզմներ ստեղծելու վերաբերեալ, նախարարը ըսաւ, որ «Հայաստանը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը...

«Յառաջիկային Ազրպէյճանը  Խելքը Գլուխը Կը Հաւաքէ»  Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

«Յառաջիկային Ազրպէյճանը Խելքը Գլուխը Կը Հաւաքէ» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին  անդրադարձաւ Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան: «Ազրպէյճանը համապատասխան հակահարուածը կը ստանայ, կը կարծեմ` մօտակայ ժամանակներուն խելքը գլուխը կը հաւաքէ, իսկ ինչ կը վերաբերի ընդհանուր վիճակին, ապա անոնք արդէն անցած են բոլոր սահմանները», ըսաւ Քոչարեան: Անոր խօսքով` Ազրպէյճանը կը խախտէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած համաձայնագիրները: Արտաքին...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Կառավարութիւնը  Համաձայնութիւն Տուաւ  2016-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծին

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը Համաձայնութիւն Տուաւ 2016-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծին

Երէկ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2016-ի պետական պիւտճէի նախագիծին, որուն համաձայն, համախմբուած պիւտճէն կը կազմէ եկամուտներու գծով` 1.183,00 միլիառ դրամ, ծախսերու գծով 1.373,70 միլիառ դրամ, պակասը` 190,70 միլիառ դրամ: Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` Հայաստանի պետական պիւտճէի նախագիծով Համախառն ներքին արդիւնքի իրական աճը կանխատեսուած է 2,2 տոկոս, գնաճը` 4 +/-1,5 տոկոս, պիւտճէական` 3,5 տոկոս: Ելեւմուտքի...

Page 624 of 692 1 623 624 625 692

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?