Հայրենի «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ. «Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ կատարուած արտաքին ուղղակի ներդրումներուն ծաւալը անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած է շուրջ երեք անգամով` 180 միլիոն տոլարէն նուազելով մինչեւ 65 միլիոն տոլարի:
«Նուազած են գրեթէ բոլոր երկիրներէն մեր տնտեսութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ կատարուած ներդրումները: Բացառութիւն կը կազմէ թերեւս միայն հանքային արդիւնաբերութեան մարզը: Ուշագրաւ է, որ ասիկա առաջին կիսամեակն է, որ Հայաստան կը գտնուի նոր տնտեսական տարածքի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ, եւ կը յայտարարուէր, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ արտաքին ներդրումները պիտի աւելնան:
«Փաստօրէն տեղի ունեցած է հակառակը: Իսկ առաւել ուշագրաւ է այն, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ մեր կարեւորագոյն գործընկերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան մէջ աւանդաբար մեծագոյն ներդրումները կատարող Ռուսիան այս տարուան առաջին կիսամեակին ներդրումները նուազեցուցած է աւելի քան 12 անգամով: Եթէ անցեալ տարուան առաջին կիսամեակին ռուսական ծագում ունեցող արտաքին ուղղակի ներդրումները կը կազմէին շուրջ 88 միլիոն տոլար, ապա այս տարի հազիւ կ՛անցնին 7 միլիոն տոլարի սահմանը»: