«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս տարուան յունուար-օգոստոս ժամանակաշրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուած է 211 միլիառ 43,2 միլիոն դրամի (աւելի քան 445 միլիոն 756 հազար տոլար) շինարարութիւն:
2014-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ շինարարութեան ծաւալը աճած է 0,2 առ հարիւրով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, շինարարութեան 13 առ հարիւրը կատարուած է օգտագործելով պետական պիւտճէն, 1,7 առ հարիւրը` համայնքներու միջոցները, 10,7 առ հարիւրը` միջազգային վարկեր, 2,3 առ հարիւրը` մարդասիրական օգնութիւն, 47,8 առ հարիւրը` սեփական կազմակերպութիւններ (որոնց 6,2 առ հարիւրը` օտարերկրացի ներդրողներ) եւ 24,5 առ հարիւրը` բնակչութեան միջոցներ: