Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոչարեան Դէմ Կ՛արտայայտուի Սահմանադրական Բարեփոխումներուն

October 8, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kocharian_10-07-15

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մեծ սխալ որակեց գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւնները` պնդելով, որ անոնց հետեւանքները ծայրայեղ վտանգաւոր են Հայաստանի ապագային համար:

Երէկ իր ոչ պաշտօնական կայքին` 2rd.am-ին հրապարակած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան վերստին ընդգծած է, որ ինք միանշանակ դէմ է փոփոխութիւններուն, աւելցնելով` «առաջարկուող նախագիծը քաղաքական մենաշնորհը կը դարձնէ սահմանադրական կանոն»:

«Նախագիծի 89-րդ յօդուածը կոչուած է ապահովել մէկ կուսակցութեան գերակայութիւնը խորհրդարանին մէջ, այն է` իշխանութեան մէջ», կը մանրամասնէ նախկին նախագահը: «Մեր իրողութիւններուն մէջ, անկախ իր վայելած ժողովրդականութենէն, այդ կ՛ըլլայ այն կուսակցութիւնը, որ կը տիրապետէ վարչական եւ նիւթական միջոցներուն: Իսկ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ ներկուսակցական ժողովրդավարութեան անգամ փոքր նշոյլի բացակայութիւնը, հովանաւորչական կառավարումը կը դառնայ անխուսափելի եւ յարատեւ չարիք, լճացման աղբիւր եւ արատաւոր համակարգի վերարտադրման գործիք», ընդգծած է ան:

«Հրապարակուած նախագիծը գերազանցեց իմ վատագոյն սպասումներս», յայտարարած է Քոչարեան` զուգահեռներ գտնելով նախագիծին եւ Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան միջեւ,  «Խորհրդային սահմանադրութիւնը լեցուն էր գեղեցիկ բառերով, սակայն Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարող եւ ուղղորդող դերին մասին 6-րդ յօդուածը կ՛օրինականացնէր համայնավարներուն քաղաքական մենաշնորհը»:

«Սահմանադրութեան նախագիծը իր մէջ էական վտանգներ կը  պարունակէ, որ երկիրը գլորէ դէպի տէ ֆաքթօ միակուսակցական համակարգ, այսինքն եւ դէպի քաղաքական մենաշնորհ ու լճացում»:

«Ես այդպիսի ապագայ իմ երկրիս չեմ ցանկար, այդ պատճառով ալ միանշանակ դէմ եմ այս փոփոխութիւններուն: Մեծ սխալ կը կատարուի, որուն հետեւանքները ծայրայեղ վտանգաւոր են Հայաստանի ապագային  համար», յայտարարած է Հայաստանի երկրորդ նախագահը:

 

 

Նախորդը

«Ազատութեան» Մրցանակ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Երախտաւորներուն

Յաջորդը

Թուրքիա Պիտի Շարունակէ Ազրպէյճանին Աջակցիլ

RelatedPosts

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
«Թրամփի Ուղի»-ին Մէջ Ներդրումներու Դիմաց  Մասնաբաժինի Փոխանցում Նախատեսուած Չէ
Հայկական

«Թրամփի Ուղի»-ին Մէջ Ներդրումներու Դիմաց Մասնաբաժինի Փոխանցում Նախատեսուած Չէ

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.