Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յուսադրիչ, Բայց Ոչ Բաւարար

July 5, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական գլխաւոր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները եւ անոնցմէ անդին անցնող նաեւ կառավարութեան ձեւաչափին մասին քննարկումները յուսադրիչ նախանիշեր են կառավարութեան կազմութեան ոդիսականի աւարտին:

Յուսադրիչ, բայց ոչ բաւարար անշուշտ, քանի որ պարզ է, որ քրիստոնեայ համայնքը բաղկացնող գլխաւոր ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները պէտք է ստանան միջհամայնքային եւ ատով նաեւ համալիբանանեան տարողութիւն:

Լիբանանեան ուժերու առած  նախաձեռնութիւնը մէկ կողմէ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ փոխզիջումնային սկզբունքով, առանց նախապայմաններու եւ կտրուկ մերժումներու համախոհական մթնոլորտի մէջ կը միտի ձեւաւորել կառավարութիւնը, միւս կողմէ քաղաքական ընթերցումով գնդակը միւս համայնքներու դաշտ ուղարկելու իրատեսական մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ:

Իսկ ահա միւս կիսադաշտին մէջ խաղի կանոնները կը բարդանան: Եթէ պահ մը զանց առնենք համայնքային դրութիւնը եւ հեռակառավարման վարկածը, ապա գործընթացը աւելի հեզասահ տեսնելու նախադրեալները պիտի նկատենք: Քաղաքական ըմբռնողութեան յուշագիր ստորագրած խորհրդարանական երկու մեծագոյն խմբակցութիւնները  քաղաքագիտութեան տարրագոյն կանոններով կրնան կազմել կառավարութիւն եւ ապա մշակել ծրագիր եւ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Խօսքը կը վերաբերի Ազգային ազատ հոսանքի եւ Հըզպալլայի խորհրդարանական խմբակցութիւններուն:

Բնականաբար այսքան պարզ չէ գործընթացի տրամաբանութիւնը. միջհամայնքային համընդհանուր համաձայնութիւնը խոչընդոտող արտաքին ազդակներ կան: Այդ գործօնները  նախ եւ առաջ տարածաշրջանային գործընթացներուն հետ կրնան կապուած ըլլալ:

Մանրադիտակը հեռացնելով Լիբանանի քաղաքական հրապարակէն եւ լուսարձակները կեդրոնացնելով աշխարհագրական անմիջականութեան վրայ, նկատենք, որ ռազմաքաղաքական աշխուժութիւն կ՛երեւի դրացի Սուրիոյ եւ այս պարագային անոր հարաւային հատուածին վրայ:

Երկարապատում վերլուծաբանութեան պէտք չկայ այնտեղ տեսնելու համար ռուս-ամերիկեան լուռ հասկացողութիւն մը` սուրիական կառավարական ուժեր հարաւային շրջան տեղակայելու եւ այդ առաջադրանքին համար ճանապարհ հարթելու համար:

Այդ կը նշանակէ մինչ այժմ այնտեղ գտնուած Հըզպալլայի ուժերու հեռացումը շրջանէն: Այս լուռ հասկացողութենէն անմասն չէ նաեւ Անգարան, որ մերթ առանցք պահելու, մերթ իր քայլերով ռազմավարական գործընկեր մեկուսացնելու գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ:

Հըզպալլան անշուշտ որքան իրանեան խաղաթուղթ նկատուի, նոյնքան նաեւ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորող գլխաւոր երաշխիք է: Եւ բնականաբար հիմնական յենասիւն բոլոր կառավարութիւններու ձեւաւորման համար:

Խնդիրը տարածաշրջանային նշանակութիւն ունի այնքանով, որքանով այսօր փորձ կը կատարուի իրանեան յենասիւները չէզոքացնելու: Պատժամիջոցներէն մինչեւ վառելանիւթի արտահանման դէմ դրուած արգելքը եւ տնտեսական ճգնաժամի շահարկումով ներիրանեան խլրտումներ յառաջացնելը աշխարհաքաղաքական ընդհանուր քաղաքականութեան բաղադրիչներ են:

Միաժամանակ սակայն դժուար է չնկատելը Թեհրանի ազդեցութեան գօտիները Իրաքի, Պաղեստինի, Սուրիոյ, Քաթարի, Արաբական ծոցի տարբեր երկիրներու մէջ եւ յատկապէս ներքին հսկայական պաշարներու արդիւնաւէտ օգտագործումով պատժամիջոցներու ազդեցիկութիւնը նուազեցնելու պետական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Վերադառնանք Լիբանանի քաղաքական հրապարակ եւ դարձեալ տեսնենք, որ ներքրիստոնէական ու լեռնալիբանանեան համախոհութեան, նախագահ-վարչապետ աշխուժ երկխօսութիւններու եւ հասարակ յայտարարներու յանգելու նկրտումները համալիբանանեան տարողութիւն ապահովելու համար այլ անհրաժեշտ փուլեր ունին թեւակոխելիք տակաւին: Այստեղ արդէն ոչ թէ մեկուսացման, այլ համագործակցութեան եւ միջհամայնքային համագոյակցութեան իրողական երեւոյթները բաւարարէն աւելի անհրաժեշտ հրամայական են կառավարութեան կազմութեան եւ պետութեան բնականոն ընթացքի ապահովման համար:

«Ա.»

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կողմ Քուէարկեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Ընդլայնուած Համագործակցութեան Համաձայնագիրին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.