Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաղաքական Առաւելներ. Բացառել Ետդարձը

Յուլիս 9, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը Հայաստանի Հանրապետութեան մասին դրական-քաջալերական յստակ բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ` համագործակցութիւնը խորացնելու եւ առաջադրուած կէտերը իրականացնելու համար աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու առումով: Թէ քննարկումներու ընթացքին հնչած տեսակէտներու հիմնաւորումներու բաժինները եւ թէ՛ բանաձեւի խմբագրութիւնը յստակօրէն ներառած են մեր երկրին մէջ կայացած յեղափոխութեան եղանակը, բախումներէ զերծ մնալը, դէպի իրաւական պետութիւն եւ առ այդ եւրոպական համակարգի սկզբունքներուն ընդառաջ շարժիլը:

Տարբեր խօսքով` մեր երկրին ու պետութեան վայելած տեղեկատուական վարկն ու հեղինակութիւնը սկսած են թեւակոխել նաեւ իրաւաքաղաքական հարթութիւն, երբ հայաստանանպաստ բանաձեւի որդեգրման իբրեւ հիմնաւորում բազմիցս կը վկայակոչուին վերջին իրադարձութիւններով մեր երկրի ժողովրդավարացման գործընթացի անցած ճանապարհն ու առաջադրուած սկզբունքները:

Մինչ, Ազրպէյճանի ուղղութեամբ պայմանադրական-բացասական բանաձեւը հիմնականին մէջ կը հակադրէ Ազրպէճանի մէջ տիրող քաղաքական բանտարկեալներու երեւոյթը, ոչ ժողովրդավարական կարգերը, փտածութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման պարագաները: Այսպէս կը հասկցուին ընդգծումները, մանաւանդ երբ յստակօրէն կը շեշտուի, որ որեւէ ըմբռնողութեան համաձայնագիր չի ստորագրուիր որեւէ երկրի հետ, որ եւրոպական համակարգի սկզբունքները չի յարգեր ու չի ճանչնար զանոնք:

Համեմատած իր դրացիներուն հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այժմ մենաշնորհի կարգավիճակ վաստկած ըլլալ կը թուի. Ազրպէյճանի նման եւ աւելի քննադատական եւ պայմանադրական մօտեցումներ կ՛ամրագրուին Թուրքիոյ մասին,  մինչ Վրաստանը կարծէք այս առումով նոր աստիճանաչափեր չնուաճելով լճացման մէջ ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ:

Առաջադրուած այս արժէքներուն առընթեր Ազրպէյճանի ուղղութեամբ կը յիշուին ԵԱՀԿ-ի շրջանակներու ձեռնարկած գործողութիւններուն սատար կանգնելու եւ յատկապէս հրադադարի դրութիւնը յարգելու պայմանները:

Ուրեմն, բազմաթիւ ուղղութիւններով եւ այս պարագային Արցախի հարցով եւս քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու ենթահող ստեղծուած է հայկական կողմին համար:

Այս ենթահողի ձեւաւորման մէջ բնականաբար յաւելեալ ժողովրդավարացման քայլեր առնելու  եւ իրավիճակ փոխելու իրականութիւնները նկատի առնուած են:

Քաղաքականին առընթեր անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանուածութեան եւ ներքին կայունութեան խնդիրները առաջնային կարեւորութեամբ կը շեշտուին այսօր:

Ներքին կայունութիւն եւ համախմբուածութիւն պահելը բնականաբար չի հակադրուիր սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով ապահովուած քաղաքացիական շարժում առաջացնելու եւ հանրահաւաք կազմակերպելու իրաւունքներուն. խնդիրը այս պարագային պահու նպատակայարմարութեան կը վերաբերի: Այլ խօսքով` յարմար պահուն նման խնդիրներ արծարծելու, բողոքներ դրսեւորելու եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ շարժելու եւ այլ պահու համախմբուելու, բաժանարար գիծեր ջնջելու եւ որեւէ ձեւով հակառակորդի ոտնձգութիւն չէզոքացնելու: Հետեւաբար նաեւ թշնամիի աշխուժացումներուն, կուտակումներուն եւ նախապատերազմական իրավիճակ ստեղծելու նկրտումներուն դիմաց յաւելեալ սթափ մօտեցում ցոյց տալու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու լիարժէք օգտագործման առընթեր արտաքին վտանգի թափի հաւաքման համար ներքին տուեալներ չհրամցնելու սկզբունքային մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը: Արցախի ժողովուրդը (եւ ոչ միայն Արցախի) բազմիցս ցոյց տուած է, որ գիտէ պահերու զանազանութիւնն ու ընտրութիւնը:

Եւ այս առումով վարչապետին վերջին ժամանումը Ստեփանակերտ, առաջնագծային դիրքեր այցելելը անվերապահ զօրակցութիւն է Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի իշխանութիւններուն. մանաւանդ ներկայ պահուն եւ ներկայ պայմաններուն մէջ:

Քաղաքական առաւելները պէտք է զարգացնել կարենալ նաեւ որեւէ ձեւով ներքին լարուածութիւններ չստեղծելով: Գիտակցելով,  որ քաղաքակիրթ երկխօսութիւնը մեր քաղաքական առաւելներու ձեռքբերման համար շատ կարեւոր երեւոյթ էր, որ համակողմանիօրէն նկատուած է:

Քաղաքակիրթ ճանապարհով պէտք է լուծել նաեւ եկեղեցւոյ վերաբերող խնդիրները: Պարզ է, որ կան հարցեր, նոյնքան յստակ է, որ հրամայական է եկեղեցւոյ վերաբերող բարեփոխումներու խնդիրը: Անկախ խնդիրներէն, որոնց լուծման համար բացառապէս քաղաքակիրթ երկխօսութիւնը պէտք է ընտրել իբրեւ հանգուցալուծման միջոց, պէտք է բացառել բռնութիւնը, բախումը, անվայելուչ եւ ոչ քաղաքակիրթ ճանապարհը: Որքան ալ անջատ ըլլան պետութիւնն ու եկեղեցին, ի վերջոյ իրաւական պետութիւնը խնդիրներու հանգուցալուծման համար ունի օրինական ճանապարհներ: Եւ այդ ճանապարհներէն պէտք է ընթանան բոլոր երկխօսութիւնները,  քննարկումները, հասարակ յայտարարներու յանգելու գործընթացները:

Մենք` իբրեւ պետութիւն, երկիր եւ ժողովուրդ,  համայն աշխարհին ներկայացած ենք միայն քաղաքակիրթ, ժողովրդավար, իրաւապահ մարմիններ-քաղաքացիական հասարակութիւն մոտել հանդիսացած ամբողջութիւն, ուստի նման ընթացքէ որեւէ ետդարձ հարուած է մեր երկրի միջազգային հեղինակութեան:

Քաղաքական առաւելներու պահպանման համար քաղաքակիրթ ճանապարհներէն ետդարձը պէտք է բացառել:

«Ա.»

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտ-Սելթիք Մրցումին Իրաւարարները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?