Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ընթացակարգային Եւ Քաղաքական Բնոյթի Հարցադրումներ

November 16, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Ռիատի առած քայլին հետեւանքները կը թուի, որ երկարատեւ դրոյթ ունին: Օրերու թաւալումը աւելիով կը համոզէ, որ տասը օր առաջ հրաժարական ներկայացուցած Լիբանանի վարչապետին տունդարձը, հակառակ յայտարարութիւններուն եւ պահանջներուն, մօտալուտ չէ, ինչ որ իր հերթին դուռ կը բանայ անմիջական պատասխաններ սպասող հարցադրումներու:

Քաղաքական հետեւեալ բեմագրութիւններուն կրնանք ականատես ըլլալ:

Առաջին. վարչապետը, հիմնուելով իր կեանքի սպառնալիքի գոյութեան մասին կատարած յայտարարութեան վրայ, կ՛առկախէ իր վերադարձը: Նախագահը առայժմ կը մնայ իր հրապարակումով կատարուած այն հաստատումին վրայ, թէ հրաժարականը ընդունելու համար անհրաժեշտ է, որ վարչապետը վերադառնայ Պէյրութ եւ խորհրդակցի իրեն հետ հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն մասին: Այդ պարագային, եթէ սահմանադրականօրէն չէ ընդունուած վարչապետին հրաժարականը, կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը կը պահէ իր լիազօրութիւնները եւ նախարարները, ոչ իբրեւ ընթացիկ աշխատանք վարող նախարարի պաշտօնակատարներ, այլ իբրեւ լիազօր նախարարներ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

Անմիջապէս հետեւող հարցումը` կառավարութեան նիստ կը գումարուի՞: Գումարուելու պարագային եւ որոշումներու կայացման պահուն ո՞վ է վարչապետի լիազօրութիւնները ստանձնողը եւ անոր բացակայութեան նախագահին առընթեր անոր  փոխարէն որոշում ստորագրողը: Արտակարգ իրաւավիճակի մը մասին ուրուագծային պատկերացում մը կազմելու համար կրնայ ստեղծուիլ այն կացութիւնը, որ գոյութիւն ունի իրողապէս հրաժարած վարչապետ, սակայն չհրաժարած կառավարութիւն:

Երկրորդ տարբերակը կրնայ առարկայանալ վարչապետին որեւէ պահու կարճատեւ Պէյրութ այցելութեամբ եւ այդ պարագային հրաժարականի ամրագրումով: Ընթացակարգի համաձայն, նախագահին կողմէ ձեռնարկելի խորհրդակցութիւններու արդիւնքը թէական առումով կրնայ յանգիլ նոր թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան:  Այդ պարագային պիտի վերստեղծուի՞ համալիբանանեան համախոհութիւնը` բոլոր համայնքներու իրողական ուժերու ներկայացուցչութեամբ կառավարութիւն կազմելու: Այլ խօսքով, աւելի մասնաւորելով` վարչապետի գլխաւորած հոսանքը, որ մինչեւ ճգնաժամի յառաջացումը սկզբունքային համաձայնութիւններով եւ փուլ առ փուլ մասնակից էր լիբանանեան պետական մակարդակի վրայ տարիներէ ի վեր քարացած հանգոյցներու լուծման, այժմ միեւնոյն քաղաքական մտադրութիւններով շարժելու ազատութիւնը պիտի ունենա՞յ:

Առաջադրուած եւ հազիւ կայացած համակողմանի համաձայնութեան շեշտակի խախտումը Լիբանանը կրնայ վերադարձնել քաղաքական անորոշութեան միեւնոյն կէտին, որ հիմնականին մէջ կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ որոշուած ժամկէտին կատարելը, հետեւաբար երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի օրէնսդիր ժողովի անդամալուծում:

Հեռակառավարուող Լիբանանը, հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք, քաղաքական կամք դրսեւորելու  իրերայաջորդ փաստեր տուած էր:  Միացեալ Նահանգներու մէջ վարչապետ Հարիրիի լուռ վերապահ մնալը` իր ներկայութեան կառավարական գործընկեր Հըզպալլայի հասցէին դատապարտող վերագրումներ հնչեցնելու ամերիկեան քայլին դիմաց կամ պաշտօնական Իրանի ներկայացուցիչին հետ բնականոն հանդիպում ունենալը, դրսեւորումներ էին, որ հակառակ տակաւին յամեցող հարցերուն, այնուամենայնիւ Լիբանանը վճռականօրէն ընտրած էր հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախմբուելու եւ պետական կեանքը վերագործարկելու կառուցողական ուղին:

Հեռակառավարումը նոր փորձութեան կ՛ենթարկէ այս երկիրը: Քաղաքականօրէն ալ շատ պարզամիտ պէտք է ըլլայինք, եթէ վստահ մնայինք, որ այդ ուղին արգելակող կամ խանգարող միջադէպեր պիտի չպատահէին:

Ճիշդ է, որ խնդիրը զուտ լիբանանեան չէ, եւ ըստ էութեան տարածաշրջանային ու միջազգային: Այդ բոլորով հանդերձ, սակայն, քաղաքական փորձութիւնները յաղթահարելու համար նախապայմանը համալիբանանեան ազգային-քաղաքական կամքի  դրսեւորումն է` այս երկիրն ու պետութիւնը իր ժողովուրդով վերստին անել ճամբաներու չառաջնորդելու:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Ռուսական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները

Յաջորդը

2018-ի Մոնտիալ. Աւստրալիա Դարձաւ Իր Տոմսը Ապահոված 31-րդ Եւ Նախավերջին Մասնակիցը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.