Լիբանանեան բանակի օրուան նշումը եթէ մէկ կողմէ փառատօնային առումով իբրեւ տարողութիւն համեմատաբար անշուք է, միւս կողմէ, սակայն, անշքութիւնը պատճառած համավարակի պայմաններուն հետ առնչուելով, ուղերձներ կը պարփակէ:
Վարակի դէմ պայքարը եւս պատերազմ է: Նոր տեսակի պատերազմ` կենսաբանական բնոյթով, որ նոր տեսակի զինուորներու, նոր տեսակի կանխագիլման զէնքերու եւ նոր տեսակի ռազմավարական մօտեցումներու կարիք ունի:
Այստեղ պատուաստանիւթի գիւտի մրցապայքարը, նախազգուշական միջոցներու ձեռքբերումը, հայթայթումն ու համատարած օգտագործումը, իրազեկուածութիւնը, վարակի անվերջ փոխակերպումներուն ընդառաջ բժշկականօրէն պատրաստուիլը նոր պատերազմի այբուբենը կը կազմեն:
Բանակը դասական իմաստով կը պահպանէ երկրին սահմաններն ու կը վերահսկէ տարածքային ամբողջականութեան: Կը չէզոքացնէ անոր նկատմամբ փորձուող որեւէ ոտնձգութիւն: Այստեղ սահմաններ հատելը, թափանցման գործողութիւնները աննկատ են, լուռ եւ երբեմն նաեւ ծագումնային անյայտութեամբ յատկանշուող:
Վարակը կը հատէ լիբանանեան սահմանները, կ՛ախտահարէ քաղաքացիները, կ՛արգելափակէ շրջանառութիւնը, կը հարուածէ տնտեսութիւնը, բնակարաններուն մէջ կ՛ամփոփէ մարդիկ, կը ստեղծէ հոգեվիճակներ, կը պարպէ հաւատքի տուները, վաճառատուները` կաթուածահար դարձնելով այլապէս ալ անմխիթար վիճակի մէջ յայտնուած երկրի տնտեսութիւնը:
Հակահարուածի միակ ձեւը ամբողջ ժողովուրդին` բանակային հաւաքական կարգապահութեամբ ժահրին դիմակայելու եղանակին մէջ կը կայանայ: Երբ կը յայտարարուի արտակարգ դրութիւն, կը պարպուին հաւաքավայրերը, կը փակուին վաճառատուները, զբօսման կեդրոնները, կը կասեցուին ամէն տեսակի գործեր, կ՛ամայանան կրթական հաստատութիւնները, կ՛օգտագործուին պաշտպանման բոլոր միջոցները,կը պահուին ֆիզիքական հեռաւորութիւնները:
Ժողովուրդը առանց որեւէ առարկութեան կ՛ենթարկուի արտակարգ դրութեան անհրաժեշտութիւնը յայտարարող հրամանատարութեան: Այս պարագային` առողջապահական նախարարութեան եւ անոր հետ համակարգուած գործողութիւններ իրականացնող տարբեր գերատեսչութիւններուն:
Սպիտակ բանակ հասկացողութիւնը միայն բժշկական, բուժօգնութեան եւ հիւանդանոցային անձնակազմին չի վերաբերիր: Անոնք կը կազմեն բանակին հրամանատարական բաժինը, սպայակոյտը եւ կը գրաւեն պաշտպանական համակարգի կառոյցին առաջին հորիզոնական դիրքերը: Զինուորական զանգուածը, այս պարագային, ամբողջ ժողովուրդն է, որ կը հետեւի հրամանատարութեան ցուցմունքներուն եւ բանակային կարգապահութեամբ կը գործադրէ հրահանգները:
Ասիկա այն պատերազմն է, որ համայնքային տարբերութիւն չի ճանչնար: Վարակը կը հարուածէ բոլորը անխտիր: Աշխարհագրական միջավայրը, համայնքային կամ դաւանանքային կամ քաղաքական տարբեր պատկանելիութիւններ` որեւէ իմաստ չունին: Հրամանատարական կազմը եւս համախառն է. բոլորը համատեղուած են իրականացնելու համար առաջնային գործառոյթ` փրկել քաղաքացիին կեանքը: Ժողովուրդը ամբողջ, առանց խտրութեան կ՛ենթարկուի համատեղուած հրամանատարութեան որոշումներուն:
Այս խորհուրդները ռազմական տրամաբանութեամբ ներկայացնելը ունի անշուշտ իր գաղափարական հիմնաւորումը: Լիբանանի բանակը այն միակ, գուցէ եզակի հաստատութիւնն է, ուր համայնքայնութիւնը գերակայ չէ, ուր խտրականութիւնը կամ միջհամայնքային վէճերը առկայ չեն եւ չեն կրնար նաեւ անդամալուծել այդ հաստատութեան բնականոն գործունէութիւնը: Մինչդեռ, լիբանանցին ականատես է բազմաթիւ փուլերով` նախագահականէն մինչեւ օրէնսդիր եւ գործադիր հաստատութիւններու երկարատեւ առկախումներու, անորոշ ժամկէտներով երկարաձգումներու եւ այդպիսով ալ պետութեան ամէնէն կենսական յենասիւներու փլուզումը ազդարարող իրավիճակներու: Միակ յենասիւնը, որուն աղիւսները ամէնէն ամուր կերպով ագուցուած կը մնան իրարու, բանա՛կն է: Գերիշխանութեան պահպանման միա՛կ երաշխիքը:
Բանակի օրը կը յուշէ, որ գիտակից կարգապահութեամբ, խտրականութեան բացառման կարգով, հեռու` միջհամայնքային վէճերէ, ամէնէն արհեստավարժ եւ արդիւնաւէտ եղանակով սպիտակ բանակը կրնայ յաղթահարել աշխարհին դէմ յայտարարուած պատերազմը: Նման յաղթանակ մը նոր աշխարհակարգին մէջ, ուր համավարակին դէմ դասական բեւեռներուն առաջադրած յաղթահարումը չ՛երեւիր տակաւին, յստակ առաւել կրնայ ապահովել այս երկրին:
Այս պատերազմը յաղթելու մեծ հնարաւորութիւն ունի Լիբանանը: Նման յաղթանակ մը կրնայ հիմնովին նպաստել վիրաւոր Լիբանանի վէրքերուն արագ սպիացման` յամեցող հանգոյցներու լուծման ճանապարհին:
Առաջադրուածը` սպիտակ բանակ-ժողովուրդ ընդելուզումն է, որ գաղափարաքաղաքական մակարդակի վրայ կրնայ ջնջել բաժանարար գիծերը: Բանակային եւ քաղաքացիական մտածողութիւններու համակեդրոնացումը եւ միացեալ գործողութիւններու իրականացումը չէ բացառուած, որ յանգի Օ վարակակիրի յայտարարութեան: Իսկ այդ մէկը արդէն Լիբանանը նոր աշխարհակարգին մէջ կը տեղադրէ` բոլորովին նոր ուղիի վրայ: