Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը

Յունիս 30, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներլիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն գնահատական տալը նախադէպեր ունէր: Հիմա իրաւական դաշտ բերելու փորձ կը կատարուի միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած դիւանագիտական ընդունուած կարգերու խախտումի հերթական երեւոյթ մը:

Զգացական հակազդեցութիւն կամ պատահականութիւն չէ լիբանանցի քաղաքացիին կողմէ դատ յարուցելը եւ դատաւորին կողմէ այդ բողոքին ընթացակարգ որոշելը: Իրաւաչափ է նման բողոքի դատական իրաւակարգի որոշում կայացնելը: Խնդիրը աւելի կը կեդրոնանայ հարցի քաղաքական բնոյթին եւ ընտրուած ժամանակին վրայ առաւելաբար:

Նուրբ ու դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ գործող կառավարութիւնը: Մէկ կողմէ դատական իշխանութիւններու անկախութիւնը երաշխաւորելով, միւս կողմէ լրատուադաշտին վերաբերեալ դատաւորին կայացուցած որոշումը` երկրի սահմանադրական սկզբունքներուն դէմ նկատելով կը փորձէ հաւասարակշռուած մօտեցում որդեգրել:

Պարզ է ընկալուածը: Ուաշինկթըն Իրանի եւ իրանամէտ կազմակերպութեան դէմ չէզոքացման համալիր գործողութիւններու պարունակին մէջ կը ճնշէ պաշտօնական Պէյրութի վրայ` լիբանանեան հանրային կարծիքին յստակ ուղերձ յղելով, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով: Ուղերձը այն է, որ երկրի տնտեսական քաոսին պատասխանատուն Իրանի ազդեցութեան գօտի հանդիսացող կազմակերպութիւնն է:

Տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողներուն համար, պէյրութեան թատերաբեմը Միացեալ Նահանգներ-Իրան-Լիբանան եռանկիւնով չի սահմանափակուիր անշուշտ: Դիւանագիական տեղեկատուական տագնապին անդրադառնալով` Ռուսիոյ դեսպանը Լիբանանի նկատմամբ Ուաշինկթընի կիրարկած քաղաքականութեան մէջ բացայայտ սադրանք նկատած ըլլալու հրապարակում կը կատարէր:

Ուաշինկթըն-Պէյրութ տեսքով, սակայն ըստ էութեան Ուաշինկթըն-Թեհրան դիւանագիտական- տեղեկատուական հակամարտութեան մէջ Մոսկուայի ներքաշուիլը որոշ եզրագիծեր չի հատեր եւ կը  թուի, որ աւելին քան դեսպանին յայտարարութիւնը չ՛արձանագրուիր:

Տարածաշրջանային մակարդակով երանգային տարբերութիւններ կը նախանշուին: Իրաքի մէջ Անգարան եւ  Թեհրանը միաժամանակ կը հարուածեն Իրաքի մէջ քրտական զինեալ յենակէտեր: Այն յենակէտերը, որոնք իբրեւ ռազմակայան ստացած են ամերիկեան զինական օժանդակութիւն: Մինչ, Անգարա յանկարծակիօրէն կը յայտարարէ, որ Իտլիպի մէջ պիտի վերսկսի ռազմական գործողութիւններու: Ռազմական գործողութիւններու անմիջական յաջորդականութիւնը նկատի ունենալով` այստեղ կը նախանշուի Թեհրան-Անգարա համաձայնութիւնը: Իրանի սահմանամերձ իրաքեան տարածքներու վրայ քրտական յենակէտեր չէզոքացնել, ապա Թուրքիոյ սահմանամերձ սուրիական տարածքներու վրայ դարձեալ քրտական զինեալ գործօնը հարուածել: Ի հարկէ քրտական գործօնը միակ հանգամանքը չէ, ուր չեն համատեղուիր այլեւս ռուսական եւ թրքական շահերը: Իսկ այստեղ արդէն քրտական զինեալ գործօնը արմատապէս չէզոքացնելու առաջադրանք չունին թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Ռուսիան:

Վերադառնանք Պէյրութ եւ նկատենք, որ դիւանագիտական-տեղեկատուական մարտադաշտին վրայ կ՛երեւին ամերիկացի դեսպանն ու դեսպանին յայտարարութիւններուն մասին լրատուութիւն թողարկելը արգիլող դատաւորը: Տակաւին պարզ չէ, թէ ի՛նչ աւարտ կ՛ունենայ այս արարը: Սակայն յստակ է, որ  գրաքննութիւնը մերժող իրաւական սկզբունքը պիտի չխախտի: Միւս կողմէ, սակայն, պարզ է, որ պիտի շարունակուի խախտումը` դիւանագիտական կարգերու վերաբերեալ միջազգային պայմանաւորուածութիւններուն` ներքաղաքական իրադարձութիւններուն միջամուխ չըլլալու առումով:

«Ա.»

 

Նախորդը

Ամէն Մէկս` Մարտիկ Հայ Դատի

Յաջորդը

Սպանական Ֆութպոլ. Սեթիէն Տարեշրջանի Աւարտէն Ետք Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?