Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դիւանագիտական Առաւելներ Պէյրութի Մէջ

Սեպտեմբեր 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու վրայ Ազրպէյճանի նախաձեռնած յարձակումին առիթով Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը ներառած  է հասցէական կարեւոր բաղադրիչներ: Առանցքը այդ հասցէականութեան այն է, որ Լիբանանը  մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի գերիշխան տարածքներու վրայ ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւններուն մասին:

Նախ, մէջբերենք հաղորդագրութիւնը.

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէ զինուորական այս գործողութիւններուն նկատմամբ եւ կը ցաւի հայկական շրջաններուն մէջ արձանագրուած սպանութիւններուն եւ քանդումին համար, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները, յարգելու զինադուլը եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան: Կոչ կ՛ուղղենք ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զինուորական մագլցումներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ վերադառնալու երկխօսութեան եւ յարգելու միջազգային օրէնքն ու ստորագրուած համաձայնագիրները:

«Անհրաժեշտ է խաղաղ միջոցներով լուծել տագնապները` ՄԱԿ-ի ուխտին համաձայն, կասեցնել յարձակումները եւ վերստին պարտադրել կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը»:

Երբ ուղղակի ցաւ կը յայտնուի հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու վրայ իրականացուած զինուորական գործողութիւններու պատճառով սպանութիւններու եւ քանդումներու մասին, սլաքը շեշտակիօրէն կ՛ուղղուի յարձակողապաշտ կողմին: Այս կարեւորագոյն բաժինն է ամբողջ հաղորդագրութեան, որուն հիման վրայ մնացեալ մտահոգութիւններն ու ակնկալութիւնները բնականաբար հասցէագրուած կ՛ըլլան Պաքուին:

Պէյրութը այսպիսով կը հաստատէ, որ միջազգային օրէնքը ոտնահարելով, Ազրպէյճանը զինուորական գործողութիւններ իրականացուցած է գերիշխան այլ հանրապետութեան տարածքներու վրայ. աւելի՛ն` սպանութիւններ եւ քանդումներ պատճառելով գործած է ռազմական յանցագործութիւն, որ պատժելի է միջազգային օրէնքով:

Ասկէ ետք ուրեմն, զինադուլը յարգելու, ինքնազսպուի ենթարկուելու, զինուորական մագլցումներուն վերջ տալու, երկխօսութեան սեղան վերադառնալու կամ բանակցութիւնները չտապալելու բոլոր յորդորները ուղղուած կ՛ըլլան նախայարձակ կողմին:

Քանի մը դիտարկում, այս առիթով: Նախքան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներ հնչեցուցին հասցէական մեղադրանքներ, ուղղուած` Ազրպէյճանին, Կիպրոսի Հանրապետութեան առընթեր Լիբանան էր, որ մեղադրեց Ազրպէյճանը հայաստանեան տարածքներու վրայ ռազմական յանցագործութիւններ կատարած ըլլալու փաստով:

Կիպրոսի պարագային քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ հասարակաց թշնամիի իրականութեան ազդեցութիւնը` միշտ հայանպաստ որոշումներ կայացնելու: Լիբանանի պարագային անշուշտ նոյնը չէ կացութիւնը, եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր շրջանակներ Պաքուն չնեղացնելու մօտեցումներ դրսեւորած են տարբեր առիթներու: Այստեղ զուտ լիբանանահայ քաղաքական գործօնի ինքնապարտադրանքն է, որ յանգած է այս արդիւնքին: Նոյն նկատառումով է, որ պաշտօնական Պէյրութը կա՛մ չէր մասնակցեր, կա՛մ ալ ձեռնպահ կը մնար իսլամական վեհաժողովներու ընթացքին Պաքուի ներկայացուցած ամէնէն հակահայկական բանաձեւերու քուէարկութիւններուն:

Վերջապէս, կարեւոր հետեւութիւն: Լիբանանը իր հերթին կ՛ենթարկուի  օդային, ծովային եւ ցամաքային իր ինքնիշխան տարածքներու դէմ արձանագրուող ոտնձգութիւններու: Երեւանէն կ՛ակնկալուի հասցէականութիւն  մտցնել լիբանանեան գերիշխանութիւնը հարուածող նման ոտնահարումներու իրադարձութիւններուն առիթով իր կատարելիք յայտարարութիւններուն մէջ:

Նախորդը

Հազարաւոր Լիբանանահայեր Ազրպէյճանի Դէմ Իրենց Ցասումը Յայտնեցին Բողոքի Ցոյցով Մը. Բագրատունի. «Ասիկա Սփիւռքի Մէջ Առաջին Քայլն Է Այն Համաժողովրդային Դիմադրութեան, Որ Կը Սկսի Վերատիրանալու Համար Մեր Բռնագրաւեալ Հողերուն»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 79-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?