Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Առաջնագիծին Վրայ

Սեպտեմբեր 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները բնականաբար պիտի զուգորդուէին միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու պետական քարոզչական աշխատանքներով: Պաքուն շրջանառութեան մէջ կը դնէր հաղորդագրութիւններ, որոնց բովանդակութիւններու առանցքը այն էր, որ Ազրպէյճան կը հակադարձէ հայաստանեան նախայարձակ գործողութիւններուն:

Պաշտօնական Երեւանի առընթեր սփիւռքեան եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ ո՛չ միայն պիտի հակադարձէին ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան, այլ նաեւ յարձակողապաշտ էութիւնը բացայայտէին` նախորդող հանգամանքները եւս պարզելով:

Լիբանանահայութիւնը բնականաբար տեղեկատուական պատերազմի բովին մէջ իր ուրոյն խրամատը պիտի գրաւէր եւ անցնէր ցուցական, դիւանագիտական եւ քարոզչական գործողութիւններու:

Նկատելի էր Լիբանանի Հայ դատի մարմինի արագ արձագանգը. լիբանանեան լրատուադաշտին յղուած հաղորդագրութիւնը կը բացայայտէր հարցին էութիւնը, Ազրպէյճանին միջազգային օրէնքները խախտելը, հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժելը, սահմաններու անխախտելիութիւնը ոտնահարելը եւ մանաւանդ ռազմական յանցագործութիւններ կատարելը` առանց մոռնալու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առկայութիւնը. այսինքն` Անգարայի հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը այս բոլորին մէջ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ժողովի գումարման եւ Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմի օրակարգ ներառուելուն լուրը հազիւ հրապարակայնացած, Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յուշագիրներ յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` ակնկալելով Ազրպէյճանը զսպելու եւ իր գործած ռազմական յանցագործութիւններուն համար հաշիւի կանչելու միջազգային օրինաչափութիւնները:

Հայ դատի հետ համակարգուած, նոյն օրը Զաւարեան ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւնը բողոքագիրով ներկայացաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւն եւ անոր յանձնեց բովանդակային նոյն կէտերը ընդգծող բողոքագիր մը, ուղղուած` Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ, միաժամանակ ՄԱԿ-էն պահանջելով կատարել իր պարտաւորութիւնները:

Շատ չէին այն երկիրները, որոնք իրենց պաշտօնական արձագանգումներուն մէջ հասցէականութիւն ներառած էին` մատնանշելով գլխաւոր յարձակողապաշտը: Անոնց շարքին էր Լիբանանը, որուն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը սեւով ճերմակի վրայ արձանագրեց հայաստանեան տարածքներու վրայ իրականացուած սպանութիւններուն եւ քանդումներուն մասին: Արձանագրումը փաստօրէն ընդգծում էր հայաստանեան գերիշխան տարածքներ ազրպէյճանական ներխուժումին եւ սպանութիւններով ու քանդումներով յատկանշուող ռազմական յանցագործութիւններուն: Այստեղ ինչքան ալ ուղղակի տեսանելի չըլլայ, այնուամենայնիւ պարզ է Հայկական երեսփոխանական պլոքի դերը` յուշելու, ակնկալելու եւ քաղաքական ճիշդ ուղղորդում կատարելու առումներով:

Հետեւեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը մերժող, յաչս միջազգային հանրութեան Ազրպէյճանը խստօրէն դատապարտող ժողովրդային ցոյցը: Ցոյցի իրազեկումը հազիւ հրապարակուած` Ազրպէյճանի դիւանագիտական անձնակազմը արդէն լքած էր ազրպէյճանական տարածք նկատուող դեսպանատունը: Ցոյցը չվրիպեցաւ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուադաշտի ուշադրութենէն, որոնք յատկապէս Դաշնակցութեան վերագրեցին իրենց դէմ ուղղուած ցուցական արարքին պատասխանատուութիւնը: Պէտք է արձանագրել, որ լիբանանեան բազմաթիւ կայքեր ամբողջովին վերատպեցին բողոքի բոլոր կէտերը ամփոփած եւ ցոյցին նպատակները պարզաբանող հաղորդագրութիւնը: Յատկանշական էր հայկական բազմաթիւ լրատուամիջոցներու արձագանգումը լիբանանահայութեան բողոքի գործողութեան եւ զայն օրինակելի ու վարակիչ նկատելու մեկնաբանութիւնը:

Օրինակելիութիւնը միայն այս մարզերուն մէջ չէր: Նման 44-օրեայ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, Լիբանանի մէջ գործող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական բոլոր համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները շատ արագ ընդառաջեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրին եւ 15 սեպտեմբերի գիշերը համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանք` միասին խորհրդակցելու համար հայրենիքի դէմ յայտարարուած պատերազմի հետեւանքները կշռելու, բայց մանաւանդ միասնական գործելաձեւով ցուցական, քարոզչական,  քաղաքական ուղղութիւններով ծրագիրներ նախաձեռնելու օրակարգերուն մասին. ընդ որում` քննելու կարելիութիւնները հայոց բանակին գործնապէս սատար կանգնելու: Անթիլիասէն կը հնչէր հայրենիքի պաշտպանութեան համար  բոլոր մակարդակներով համաժողովրդային դիմադրութիւն յառաջացնելու կոչը: Այս համախմբուածութիւնը կ՛ակնկալէ հայկական աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ եւս իր օրինակին հետեւիլ եւ նման ճգնաժամերու մէջ միաւորուիլ` ձախողցնելու համար թշնամիին ծրագիրները:

Հակառակ զինադադարին, ճգնաժամն ու սպառնալիքները չեն սպառած: Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ թշնամիին ախորժակները կը շարունակուին եւ տակաւին պահանջներ կան, որոնք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բացայայտօրէն կը յայտարարէ եւ քայլեր կ՛ակնկալէ հայկական կողմէն:

Իբրեւ լիբանանահայութիւն խրամատէն հեռանալու որեւէ պատճառ եւ արդարացում չունինք: Համաժողովրդային միասնական աշխատանքն է, որ նոր դիրքեր պիտի գրաւէ թէ՛ տեղեկատուական, թէ՛ ցուցական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ դիւանագիտական դաշտերուն մէջ: Եւ այդ համաժողովրդային պայքարին մէջ լիբանանահայութիւնը կը գտնուի առաջնագիծին վրայ:

 

Նախորդը

Փելոսի. «Խստօրէն Կը Դատապարտեմ Հայաստանի Սահմաններուն Վրայ Ազրպէյճանի Մահացու Յարձակումները»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Սեպտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?