Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Այս ձմեռ սառնաշունչ եղաւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ: Այդ  հաւանաբար կրկնուի ոչ հեռու ապագային` երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառով: Ո՛չ, սխալ չկարդացիք: Բացատրելու համար պարտաւոր եմ դիմել հակիրճ կրկնութեան «Օդերեւոյթի սիրողական բնագիտութիւն»-ը յօդուածի Ա. մասէն («Ազդակ», 8 դեկտեմբեր 2022) (1): Նախ այն, թէ գոլորշին կը բարձրանայ հասարակածէն եւ կ՛ուղղուի դէպի բեւեռներ: Այդ տաք օդը կը շարժի հասարակածի արագութեամբ, Ահ (հ-հասարակած) այսինքն մէկ օրուան ընթացքին կը կտրէ երկրագունդի շրջագիծը Ահ = 40.000 քմ/24 ժամ = 1667  քմ/ժամ: Լիբանան կը գտնուի լայնութեան 34 աստիճանի վրայ: Մեր արագութիւնն է մօտաւորապէս Ալ =1382 քմ/ժամ (Լ-Լիբանան): Ամպերը կրնան մեզմէ աւելի քան 280 քմ/ժամ աւելի արագ շարժիլ դէպի արեւելք: Այդ տարբերութիւնը մեծապէս կ՛աւելնայ, երբ այդ տաք օդը մօտենայ բեւեռին: Ուրեմն բեւեռի մօտ կան մեծ արագութեամբ դէպի արեւելք հոսանքներ:

Երկրորդ կէտը այն է, որ պտտուող հարթակի մը վրայ կը գործեն երկու «թուացեալ» (fictitious) ուժեր: Ընթերցողը վստահաբար ծանօթ է առաջինին, որն է` կեդրոնախոյզը: Նուազ ծանօթ է երկրորդը, որ զայն յայտնաբերող գիտնականին անունով կը կոչուի Coriolis եւ նման է դպրոցական ծրագիրներուն մէջ ներառուած մագնիսական ուժին, որովհետեւ նոյնպէս ուղղահայեաց է շարժումի ուղղութեան:  Նման ուժեր մթնոլորտին մէջ հողմապտոյտ կը յառաջացնեն այնպէս, ինչպէս մագնիսական դաշտի մէջ լիցք մը պարուրաձեւ կը շարժի: Կողքի գծանկարները ցոյց կու տան տարազներու եւ շարժումի նմանութիւնները:

Բեւեռային Յորձանուտ.- Անցեալ յօդուածին մէջ ակնարկած էի «ինքնամուղ հոսանք»-ներուն (jet stream), որոնք մեծ դեր կը խաղան օդանաւային երթեւեկութեան մէջ: Որոշիչ դեր կը խաղայ շատ աւելի հիւսիս, մօտ 15քմ բարձրութեան վրայ  գտնուող «բեւեռային յորձանք»-ը  (Polar Vortex), որ կը նմանեցուի խորունկ խրամատի մը, այն իմաստով, որ դէպի հիւսիս կամ հարաւ դուրս գալու համար անհրաժեշտ է մեծ ջերմուժ այնպէս, ինչպէս խոր վիհէ մը  դուրս բարձրանալը պիտի պահանջէ (2): Հետեւաբար յորձանուտը կը գործէ որպէս «պատնէշ»` մէկ կողմէ սառնամանիքը (մօտ -40 աստիճան) պահելու բեւեռի վրայ եւ միւս կողմէ` տաք օդը պահելու բեւեռէն հեռու: Շա՛տ բարի:

Ինչպէս գծանկարները ցոյց կու տան, մթնոլորտային հոսանքները ոլորապտոյտ կ՛ընթանան մանաւանդ երբ թուլցած են: Այդ որոշ չափով նման է զառիթափն ի վար հոսող գետի, որ ուղիղհուն կը բանայ, երբ վարար է, բայց` ոլորապտոյտ, երբ թափը նուազած: Շատ մը ազդակներ կը գործեն ի նպաստ հարաւէն բարձրացող տաք օդի ալիքներու գրոհին դէպի բեւեռներ: Մեր պարագային` դէպի հիւսիսային բեւեռ: Պատճառներէն ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ բեւեռներու ջերմաստիճանի բարձրացումը  չորս անգամ աւելի արագ է, քան երկրագունդի միջինը: Այդ կը ծռմռէ «հունը», որուն պատճառով բեւեռային սառնամանիքը կարգ մը ուղղութիւններով կը տարածուի դէպի հարաւ, իսկ տաք օդը` դէպի հիւսիս, պատճառելով սառոյցի հալչում: Բեւեռներու ջերմաստիճանը, ցաւօք, չորս անգամ աւելի արագ կը բարձրանայ, քան միջինը (0,6 աստիճան/տասնամեակ): Չնչին թուացող բարձրացումը ծանր հետեւանքներ ունի: Կողքի գծանկարը պատրաստած եմ ոչ թէ Լիբանանի, որ ծովեզերեայ ըլլալուն համար մեղմ կլիմայ ունի, այլ` Հայաստանի, ըստ արհեստական բանականութենէ ստացուած այս տարուան տուեալներուն, գծանկարը ցոյց կու տայ, որ միջին ջերմաստիճանի փոքր փոփոխութիւն մը մեծապէս կ՛աւելցնէ  (կարմիրով նշուած) 30 աստիճանէ բարձր (անտանելի տաք) օրերու թիւը եւ մեծապէս կը նուազեցնէ 0-էն վար (կապոյտով նշուած) օրերու թիւը, այսինքն` ձիւնը:

Քաոսի բարենպաստ կարճատեսութիւն.-  Քաոսային շարժումներու ծիրը կարելի չէ նախատեսել: Կարելի է գտնել ընդհանուր «վարուելակերպ»: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ երկրաշարժի կապացութեամբ: Բնական այլ երեւոյթ մը, որուն ժամադրումն ու ուժգնութիւնը կարելի չէ ճշգրտօրէն նախատեսել (3): Բեւեռային յորձանուտի վարմունքը կարելի է նմանցնել անօթի մը մէջ պատահականօրէն գլորուած գնդիկի մը: Եթէ անօթը խորունկ է, գնդիկը պիտի շրջի յատակի կեդրոնի անմիջական շրջանին մէջ: Կարելի է գիտնալ, թէ մօտաւորապէս ո՛ւր պիտի ըլլայ: Իսկ եթէ ծանծաղ է, գնդիկը կրնայ հեռանալ անորոշ ուղղութեամբ: Կան այս երեւոյթը ցուցադրող գիտական դաստիարակչական խաղալիքներ (տե՛ս կողքի նկարը): Անօթը այս պարագային բեւեռային յորձանուտի ամբարուած ջերմուժն է (2): Եթէ բարձր է, ապա սառնամանիքը կը մնայ մօտաւորապէս միեւնոյն տեղը: Իսկ եթէ թուլացած…  2027-ի պարագային կան առնուազն երկու նպաստաւոր տուեալներ:

Արեւու գործունէութիւնը, որուն շրջանը (period) միջին հաշուով 11,2 +/- 0,2 տարի է, եւ որ` մեզի կը յայտնուի որպէս մակերեսի տեսանելի «արատներ» (sunspots), կը բարձրացնէ մթնոլորտի ջերմաստիճանը (4): Բարեբաղդաբար այդ այժմ կ՛ընթանայ դէպի նուազում, ինչպէս կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ:

Ովկիանոսներու (գլխաւորաբար` հոյածաւալ Խաղաղականի) մէջ 3-4 տարի ժամանակաշրջան ունեցող տաք (Էլ Նինիօ – «տղեկ») եւ պաղ (Լա Նինիա- աղջնակ) իրար յաջորդող մեծ հոսանքներ տեղի կ՛ունենան:  Այդ իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ մթնոլորտին վրայ: Այժմ Էլ Նինիօ կը թուլանայ, եւ կ՛ակնկալուի, որ սկսի Լա Նինիա: Հետեւանքը այն պիտի ըլլայ, որ բեւեռային յորձանուտը նահանջէ դէպի հիւսիս: Այսինքն կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ ձմեռ աւելի մեղմ ըլլայ մասնաւորաբար արեւելեան Միջերկրականի շուրջ:

Առած.-  Քաղաքագէտը այն մարդն է, որ այսօր կը բացատրէ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի, եւ ապա վաղը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այդ չպատահեցաւ:

—

(1).- Երեւոյթը առնչուած չէ՛, սակայն, աւելի կանուխ լոյս տեսած «Գիտաերեւակայական հերթական ահազանգ – Նոր սառցէ դար»-ին, «Ազդակ» 11 ապրիլ 2022:

(2).- Գիտական բացատրութիւնը կը կարօտի առնուազն մագիստրոսական աստիճանի հեղուկ մեքենագիտութեան իմացում: Օդի զանգուածները հոսանքին մէջ պահողը յորձանուտի ամբարուած ջերմուժի (Potential Vorticity-PV) աստիճանահակն  (Gradient) է: Անձնապէս պարտադրուեցայ քանի մը օր անդուլ պրպտել, պարզապէս որպէսզի այդ մարզի տարօրինակ (բնագիտութենէ տարբեր եւ հակասական թուող) բառապաշարին ծանօթանամ:

(3).- «Երկրաշարժի բնագիտութիւնը»,  «Ազդակ» 22 փետրուար 2023:

(4).-  Մեքանագիտութեան հայր հանճարեղ Կալիլէօ, որ միեւնոյն ժամանակ հեռադիտակի հնարիչն էր, իր տեսողութիւնը մեծապէս կորսնցուց, հաւանաբար որովհետեւ երկար ժամանակ հեռադիտակով զննեց արեւու արատները: Այդ ցնցող նորութիւն էր:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.