«Լիբանանի Ժողովուրդը Կ՛ապրի
Ինքնախաբէութեան Մէջ»
ԺՈՐԺ ՇԱՀԻՆ
(Վաստակաւոր լրագրող)
Առաջին անգամ չէ, որ լիբանանցի քաղաքացին կը լսէ նմանօրինակ խօսքեր եւ լրագրողական միտքեր, որոնք կը վերաբերին Լիբանան կոչուած երկրին ու այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդի մասին:
Մեր այս սիւնակով, պատեհ առիթներու, արձագանգած ենք լիբանանցի թէ օտար լրագրողներու, մտաւորականներու, պատմաբաններու, քաղաքական այրերու թէ խոնարհ դասակարգի քաղաքացիներու արտայայտութիւններուն, որովհետեւ համոզուած ենք, որ եթէ երբեք լիբանանցին իր բոլոր շերտերով վաղուց անտի իմաստութիւնն ու կարողութիւնը ունենար ձերբազատելու հոգեմտաւոր դալկութենէ, խեղճութենէ, աւելի՛ն. թօթափելու համայքայնութիւն կոչուած նեղմտութենէն, զիրար ամբաստանելու եւ ատելութիւն հրահրելու ախտէն, հաւանաբար կարենար ինքզինք յարգող պետութիւն ու պետական կարգ ու սարք ստեղծել, զերծ` օտար ուժերու ազդեցութենէ ու քաղաքական որոգայթներէ:
Ճիշդ է, որ 1943-ին ատենի աշխարհաքաղաքական տարբեր միտումներու, շահերու եւ որոշումներու իբրեւ հետեւանք`լիբանանցին ստացաւ անկախութիւն, այդուհանդերձ, հետագայ տասնամեակներուն պարզուեցաւ ճշմարտութիւն մը, որ առանց արեան ու զոհողութեան ստացուած որեւէ քաղաքական ու պետական անկախութիւն` իր մէջ կը կրէ թիւրիմացութիւն, պառակտումի սերմեր եւ փոշիացած հաւաքական երազներ:
Երազներ, որոնք թաթախուած էին համայնքայնութեան տիղմին մէջ` խայծ տալով սեփական շահերու խորացումին եւ կաշառակերութեան լայն տարածումին:
Օրին թէեւ անուանական անկախութիւն ու ձեւական գերիշխանութիւն մը ունենալու փորձ մըն էր քաղաքական այս աքթը, այլապէս ալ ազատ, զարգացած, յառաջադէմ ու բերկրալից կեանք մը ունենալու հեռանկարով, այդուամենայնիւ, այս փոքր տարածքով երկիրը 1920-էն ի վեր, Մեծն Լիբանան մը կառուցելու խաբկանքով տարուած, ենթակայ է եղած հզօր երկիրներու կամքին, քաղաքական շահերուն եւ ուղղակի ազդեցութեան, որովհետեւ լիբանանցին չէ կրցած կառուցել պետութիւն մը, որ ունի` ամուր հիմքեր, ինքնիշխան համակարգ եւ ազգային ըմբռնողութիւնն:
Այս իսկ պատճառով մենք ժառանգած ենք խարխուլ պետականութիւն, որ կը տուայտի աւելի քան 80 տարիէ ի վեր` մահուան, աւերումի, քանդումի, տնտեսական քայքայումի եւ պատերազմի անդոհանքին մէջ, շղարշային խաղաղութեան մը պատրանքը ապրելով:
Արդ, ի զուր չէ, որ ամէն քայլափոխի լիբանանցին կը դիմագրաւէ` սարսափի մթնոլորտ, յուսահատութիւն, բռնագաղթ, փտածութիւն եւ երկրէն հեռանալու, լքելու պարտադրանք, որ իր կարգին կ՛ունենայ ժխտական անդրադարձ ժողովրդագրական պատկերին վրայ:
Միւս կողմէ` առկայ է զարմանալի երեւոյթ մը լիբանանեան իրականութեան մէջ, որ այնքան հնչեղ եւ հարազատութեամբ կը շարունակէ թակել մեր հոգեմտային աշխարհի դուռը` միշտ հաւատալով եւ յուսալով, որ օր մը անպայման «լաւ պիտի ըլլայ Լիբանանը»:
Այո՛, այն Լիբանանը, որ գաղթական մեր ժողովուրդը հիւրընկալեց, որոշակի ազատութիւն եւ քաղաքացիական իրաւունք շնորհեց, իսկ փոխադարձաբար, հայը իր տարբեր շերտերով նեցուկ կանգնեցաւ այս երկրի խաղաղութեան, յառաջդիմութեան, զարգացման եւ գերիշխանութեան:
Հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, թէ արդեօք տասնամեակներէ ի վեր մենք`լիբանանահայերս, ի զո՞ւր վատնած ենք մեր քրտինքը, արիւնը, վաստակն ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւնը, ու ինքնախաբէութեամբ տարուած` ցարդ կը շարունակենք կառչած մնալ այս երկրին, հակառակ դժուարին պայմաններուն, սեւ ու սպիտակ տարիներուն, հասնելով մեր օրերը:
Տասնամեակ առ տասնամեակ նոր Լիբանան մը տեսնելու կամ ունենալու մեր ազգային ու համամարդկային ըմբռնումները, գործունէութիւնն ու տեսլականը միթէ իրաւացի՞ են եղած, թէ՞ փափաքի ու ցանկութեան բարոյահոգեբանական խայծեր:
Այս ու նմանօրինակ մտածումներ, ցաւօք սրտի, կը չարչրկեն մեր առօրեան, շատ անգամ` լո՜ւռ, տարբեր միջավայրերու մէջ եւ հարթակներու վրայ:
Մտածումներ, որոնց քննարկումն ու լուսաբանումը հրամայական կը դառնայ, իսկ անոնց լուծումներ գտնելու հաւաքական ճիգը` անյետաձգելի:
Փաստօրէն ներհամայնքային ատելութիւնն ու պառակտումները այսօր ունին այնպիսի տարողութիւն, որ եղբայրասպան պատերազմի մտավախութիւնը իր սուրը կը ճօճէ` հակառակ բազմամակարդակ զգուշացումներու եւ խելամիտ խօսքերու:
Կարծես հազարամեայ մայրիներու երկիրը, իր պատմական եւ մշակութային հարստութեամբ, հոգեմտաւոր արժէքներով եւ անհատական բարձր ունակութեամբ կը դիմագրաւէ լինելութեան մարտահրաւէր, որովհետեւ լիբանանցի մարդուն միտքն ու հոգին աղաւաղուած են` եւ ազատ ապրելու կենսափորձը` իմաստազրկուած:
Պատճառը բռնազբօսիկ խօսքերն ու պատգամները են բոլոր մակարդակներու վրայ, ներքին բարդոյթները, փոխադարձ սին վերագրումները, այլամերժութիւնը:
Քանի մը տարիէ ծագած պատերազմը, թէկուզ` որոշ շրջաններու մէջ, ահազանգ կը հնչեցնէ, որպէսզի լիբանանցին զգաստանայ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ լծուի ներքին կեանքի հանդարտեցման, վերաշխուժութեան եւ առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման:
Ընդգծուածը` պարզ ու սովորական մաղթանք է` ըստ ամենայնի, որ դադրած է ալ ազդու եւ հնչեղ ըլլալէ ու դարձած` ժամանակավրէպ լոզունգ:
Արդ,
ժամանակէ մը ի վեր կը լսենք լիբանանեան մակարդակի նորովի քաղաքական տարազի մը որդեգրման մասին` յայտարարելով Թաէֆի համաձայնագրի մահը:
Համաձայնագիր, որ լիովին կեանքի չկոչուեցաւ ու մնաց քաշքշուքի առարկայ:
Համաձայնագիր, որ թէեւ կասեցուց եղբայրասպան պատերազմը, բայց չկրցաւ կերտել նոր Լիբանանը` իր քաղաքական հասու տեսադաշտով եւ ըմբռնումներով:
Այլապէս ալ տեղին հաստատում մըն է, թէ` «մենք` լիբանանցիներս, թագաւոր ենք առիթներ փախցնելու մէջ»:
Առիթներ, որով պիտի կարենայինք կառուցել երկիր-հայրենիք` հզօր բանակով եւ քաղաքական յառաջադէմ համակարգով:
Միւս կողմէ` «թագաւոր» ենք ստապատիր խօսքեր հրամցնելու իրարու, երկակի խոստումներ տալու եւ խեղճացած հանրութիւնը խաբելու մէջ:
Ու ժողովուրդի մեծ տոկոս մըն ալ պէս-պէս պատճառաբանութեամբ կը հաճոյանայ լսելով սին լոզունգներ ու խրախճանքներ կը սարքէ ամէնուրեք:
Յայտնապէս, վերջին տարիներու ծագած ու տակաւին առկայ պատերազմի արհաւիրքին մէջ, իր գլուխը կը ցցէ բաժանումի ծրագիրը` մե՛րթ ֆետերալ անունի տակ, մե՛րթ կղզիացած, բայց ապահով ու խաղաղ ապրելու դիտաւորութեամբ:
Ըստ երեւոյթին, Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քաղաքական նորովի հայեցակարգ մը փորձարկելու, որուն ջատագովները սկսած են շատնալ:
Տօնդ շնորհաւոր, մայրիներու երկիր Լիբանան:
10 նոյեմբեր 2026



