Դաշնակցութեան վաթսունամեակին առթիւ շատեր պիտի աշխատին խորհրդածութեան նիւթ դարձնել այն ազդակները, որոնք այս կուսակցութեան կենսունակութեան աղբիւրները կազմեցին եւ ամբողջ 60 տարի զայն պահեցին պայքարի ճակատներուն վրայ, միշտ կորովի, միշտ միաձոյլ, միշտ հաւատաւոր եւ միշտ հարազատ հայ ժողովուրդին:
Այս զարմանահրաշ երեւոյթը, որ հազուագիւտ է ազգերու պատմութեան մէջ. բացատրելի կը դառնայ քանի մը հիմնական պատճառներով, որոնցմէ մէկն է նաեւ Դաշնակցութեան դիզած բարոյական դրամագլուխը:
Դաշնակցութիւնը կրօնական կազմակերպութիւն մը չէ, բայց անոր դաւանած գաղափարն ու սկզբունքները կրօնական սրբութիւններ դարձած են ուխտեալներու աչքին: Դաշնակցութեան ակումբները աղօթատեղիներ չեն, բայց երկիւղալի խորհուրդով կը համակեն իրենց սեմէն ներս մտնողներու հոգին:
Իր հիմնադիրները, իր ղեկավարներու աւագ եւ կրտսեր սերունդները բարոյականի ամէնէն բարձր ըմբռնումով գործի լծուեցան եւ այդ ըմբռնումը փոխանցեցին շարքերուն: Զաւարեան եւ ընկերները յեղափոխականներ չէին միայն, այլ նաեւ սուրբեր, բարձրագոյն իտէալի մը առաքեալները, որոնք անձնուէր մարդու առաքինութեանց մարմնացումը հանդիսացան:
Շնորհիւ բարոյական այս ուժին է, որ Դաշնակցութիւնը կրցաւ նոր ստրկութեան լուծին ներքեւ մեղկացած մեր զանգուածներուն խիզախ ու առնական ոգի ներշնչել:
Եթէ ուրիշ դրական գործեր կատարած իսկ չըլլար, բարոյական մեծութիւններու իբրեւ կերտիչ եւ պահակ` Դաշնակցութեան վաթսունամեայ գործը դարձեալ պիտի արժանանար մեր ժողովուրդի երախտագիտութեան:
Հազարաւոր դաշնակցականներ եկած անցած են` գրիչը, սուրն ու բահը միացնող զինանշանի տակէն: Բոլորն ալ առաքինազարդ սուրբեր չէին անշուշտ եւ չեն այսօր ալ: Բայց բոլորն ալ ձգտած են իրենց անհատական եւ հանրային կեանքով բարոյականի մարդ դառնալ եւ հասնիլ անոնց, որոնք իրենց եսը ժխտեցին, որոնք հրաժարեցան փառքէ ու հարստութենէ, որոնք արհամարհեցին աշխարհիկ վայելքները` ազգային գերագոյն շահերուն ծառայելու համար:
Դաշնակցութեան մէջ տեղ չեն գտած անձնական դիրք ու նպատակ հետապնդողները, շահամոլները, բախտախնդիրները: Դաշնակցութիւնը իր ծոցէն դուրս է նետած բոլոր անոնք, որոնք յետին հաշիւներով սպրդած են ներս: Որովհետեւ այս այն կուսակցութիւնն է, որ իր անդամներուն անհաշիւ զոհաբերութիւն քարոզեց եւ իր բոլոր հաւատացեալները զոհաբերութեան առաջնորդեց:
Այսպէս է, որ իր գրաւոր Կանոնագիրի կողքին ստեղծուցաւ անգիր կանոնագիր մըն ալ, կուսակցական բարոյականի աւետարան մը, որուն յօդուածները արեամբ նուիրագործուած են:
Դաշնակցութիւնը իր զաւակներուն սորվեցուց ոչ միայն քաղաքական եւ ազգային ինքնագիտակցութեամբ զինուիլ, այլ նաեւ ըլլալ շիտակ, պարկեշտ, կարգապահ, արի եւ ուղղամիտ հայ:
Կարդացեք հին դաշնակցականներու յուշագրութիւնները. դուք հոն պիտի գտնէք մէկը միւսէն աւելի յուզիչ դրուագներ, որոնք ցոյց կու տան, որ դաշնակցական մարմիններն ու ֆետայիները, որքա՛ն խիստ էին ու անողոք, բարոյական ամենաչնչին սայթաքումներու համար:
Աշխարհիս դժուարագոյն բանն է բարոյական դրամագլուխը դիզելը եւ մանաւանդ զայն պահպանելը: Ոսկին ու արծաթը կարելի է անյայտ անկիւն մը թաղել եւ փրկել կորուստէ: Բայց բարոյական առաքինութեանց գանձը տեւական վտանգի ու կորուստի ենթակայ է: Մանաւանդ խորթ ու օտար միջավայրերու մէջ, ուր ենթակայ ենք քայքայիչ ուժերու` հարուածին:
Երկրէն ներս թէ երկրէն դուրս, Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ անվթար պահել իր բարոյականութեան եւ իտէալներուն բերդը, ինչ որ պատմութեան դատաստանին առջեւ պիտի կազմէ հաւանօրէն իր մեծագոյն փառքը:
Չկայ որեւէ կազմակերպութիւն որ տեւէ եւ օգտակար գործ կատարէ` առանց բարոյական կառոյցի, Պատահական եւ պարագայական յաջողութիւններէ պէտք չէ խաբուիլ: Բարոյազուրկ անհատներուն պէս` բարոյականով սնանկ հաւաքականութիւններն ալ կը կործանին եւ փոշի կը դառնան: Վերջ ի վերջոյ, քաղաքակրթութեան ծագումէն մինչեւ այսօր, բարոյական հասկացողութիւնն է այն շաղախը, որ անխորտակ կը պահէ գեղեցիկ գործերն ու կառոյցները: Դաշնակցութիւնը հաւատացած է այս ճշմարտութեան եւ կը հաւատայ մինչեւ այսօր:
1950



