Յարութ Չէքիճեան
Իրերայաջորդ վեց գլխաւոր օրինական ու համաժողովրդային քայլերով սկսաւ Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի վերամիացման հոլովոյթը:
- Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի իրաւազրկուած հայ բնակչութիւնը 1963 թուականին արդէն, օրէնքով սահմանուած կարգով, սկսաւ պահանջել դուրս գալ Խորհրդային Ազրպէյճանի «հոգատարութենէն», վերամիանալու Խորհրդային Հայաստանին` 2500 ստորագրահաւաքով դիմելով Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին. այդ քայլին պատճառով` բուռն բախումներու ընթացքին 18 հայեր նահատակուեցան Ստեփանակերտի մէջ (1):
- Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով` 24 ապրիլ 1965-ին, առանց արտօնութեան, տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ (Խորհրդային Միութեան պարագային` աննախընթաց երեւոյթ), Երեւանի մէջ, «Մեր հողերը, մեր հողերը» վանկարկումով հայութեան իրաւունքները Թուրքիայէն պահանջելու կողքին, պահանջեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վերամիացումը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան տարածքին հայերով բնակուած պատմականօրէն հայոց հողերը: Նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին` 1977-ին, ցուցարարները նոյն պահանջները ներկայացուցին (երկու պարագաներուն` առանց լուրջ պատժական տնօրինումի) (1):
- 20 փետրուար 1988-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային խորհուրդը կ՛որոշէ դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ վերամիանալ Հայաստանի (1):
- 1 դեկտեմբեր 1989-ին, Հայկական Խորհրդային սոցիալիստական Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդը համատեղ կ՛որոշեն վերամիանալ (2):
- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը «ԼՂՀ անկախութեան հռչակագիր»-ը ընդունեց 2 սեպտեմբեր 1991-ին` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 3 ամիս ու 23 օր առաջ (3):
- Խորհրդային Միութեան փլուզումէն 11 օր առաջ, օրինական կարգով` 10 դեկտեմբեր 1991-ին, ըստ խորհրդային թիւ 1990 04 03 օրէնքին` Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը, օտար դէտերու ներկայութեամբ, հանրաքուէի միջոցով անկախութիւն հաստատեց` դուրս գալով Ազրպէյճանի հոգատարութենէն եւ դառնալով անկախ պետութիւն (4):
Խորհրդային Միութեան օրէնքներով սկսած անկախութեան շարժումը, 1988-ին վերածուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ անզէն հայ բնակչութեան ցեղային մաքրագործումին ու 1992-ին սաստկացած Արցախի դէմ պատերազմին: Ինքնապաշտպանութեամբ սկսած այս նախայարձակ պատերազմին, համայն հայութեան կամաւորներով կազմուած ջոկատները գերագոյն զոհողութեամբ, 1994-ին պարտութեան մատնեցին Ազրպէյճանը` մասամբ ազատագրելով հայկական հողերը արդէն անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (Արցախ):
1994 մայիսին պարտութեան մատնուած Ազրպէյճանի խնդրանքով, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ զինադադար ստորագրուեցաւ:
1992 թուականէն սկսեալ, Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակը նախ սկսաւ իր աշխատանքին` իբրեւ միջնորդ, պատերազմը դադրեցնելու նպատակով, սակայն առանց յաջողելու: Այդ խմբակը այժմ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` «խաղաղ լուծում» բերելու հակամարտութեան: Տրամաբանօրէն, միջնորդներուն դերը պէտք է ըլլայ միա՛յն այդ զինադադարի պահպանումը… եւ վե՛րջ:
Հեգնականօրէն, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի համանախագահները ճշդուեցան յաջորդաբար, պատմականօրէն հայ ժողովուրդին իրաւունքները ոտնակոխած, նենգօրէն դաւաճանած եւ իրենց խոստումը չգործադրած երեք «գերպետութիւններ»` հետեւեալ կարգով:
- Արցախն ու Նախիջեւանը Ազրպէյճանի հոգատարութեան յանձնող, Ախալքալաքը Վրաստանին նուիրող, Արեւելեան Հայաստանի Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու շրջանները Արարատ լեռով ու Անիով միասին պարտուած Թուրքիոյ նուիրող Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդը եւ արցախեան հարցը ստեղծողը` Ռուսիան… (5):
- Ցեղասպանութենէն ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթական դաշնակիցներէն Ֆրանսան, որուն հոգատարութեան այլ շրջաններու կողքին յանձնուեցաւ նաեւ հայկական Կիլիկիան, ու գաղթականներուն հայրենադարձութենէն կարճ ժամանակ ետք, ան 1922-ին դաւադրաբար մութ գիշերին լքեց ու հեռացաւ անզէն հայկական Կիլիկիայէն` ամբողջ զինամթերքը թուրքերուն յանձնելով, եւ կրկին անգամ պատճառ դառնալով ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի (6):
- Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթական դաշնակիցներէն Ամերիկան (ապրիլ 1917-ին միացաւ դաշնակիցներուն` ընկերակիցի կարգավիճակով), որուն վստահուած էր Հայաստանի հոգատարութիւնը եւ անոր հողային սահմաններու վերադասաւորումը` 10 օգոստոս 1920-ին Սեւրի դաշնագիրի 89-93 յօդուածներով: Այս վերադասաւորումներով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարածքներուն, որոնք արդէն կ՛ընդգրկէին Արցախը, Նախիջեւանը, Ախալքալաքը, Կարսը, Արտահանը ու Սուրմալուն, կցուեցան նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգները (7): Այս չգործադրուած դաշնագիրը եւ ամերիկեան խոստումը տակաւին կը մնան ի զօրու` իրագործելի, քանի որ ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան` երկրին նախագահին (այս պարագային` Վուտրօ Ուիլսըն) ստորագրութիւնը կրող դաշնագիրները կը մնան իբրեւ օրէնք` մինչեւ անոնց օրինական ճամբով չեղեալ նկատուիլը (Ամերիկայի սահմանադրութեան թիւ VI գլուխը. «Միացեալ Նահանգներու բոլոր դաշնագիրները, կը նկատուին երկրի գերագոյն օրէնքներ») (8):
Ռուսական միջնորդութենէն կ՛ակնկալուի նախորդող վարչակարգին սխալը սրբագրելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ` վերադարձնելու համար բոլոր հայապատկան շրջանները, յար եւ նման Խրիմի հարցին: Այնպէս ինչպէս 1954-ին Խրուշչեւի կողմէ Ուքրանիոյ նուէր տրուած Խրիմը 2014-ին վերադարձաւ իր իրաւատիրոջ` Ռուսիոյ, առանց «Մինսքի խմբակներու» միջնորդութեան: Երկրորդ, երախտապարտութեամբ յիշել Համաշխարհային Բ. պատերազմին` «Հայրենական մեծ պատերազմին» շուրջ 500 հազար հայ զինուորներու մասնակցութիւնը, եւ անոնց շուրջ 200 հազարին նահատակութիւնը, խորհրդային երկրի պաշտպանութեան ու յաղթանակին համար, ինչպէս նաեւ Պերլին մտած ու քոչարի պարած հայ զինուորներէ ու հրամանատարութենէ բաղկացած առաջին զօրագունդը:
Ֆրանսական միջնորդութենէն կ՛ակնկալուի յիշել Հայկական լեգէոնին բերած կարեւոր նպաստը Օսմանեան կայսրութեան դէմ անոր պատերազմին եւ 1922-ին հայերուն դէմ կատարած իր դաւադրութեան մեղքը քաւել, ինչպէս նաեւ այս անգամ հայութեան նկատմամբ արդար դիրքորոշում որդեգրել:
Ամերիկեան միջնորդութենէն կ՛ակնկալուի յարգել ու գործադրել իր իսկ երկրին գերագոյն օրէնքներէն մէկը, ուր Սեւրի դաշնագիրով սահմանագծուած Արցախը եւ վերեւ նշուած տարածքները արդէ՛ն պէտք է մաս կազմեն Հայաստանի Հանրապետութեան:
«Արցախը Ազրպէյճանին մաս չի կազմեր եւ երբեք ալ մաս պիտի չկազմէ», կ՛ըսէ Լիւքսամպուրկը ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել. «Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրող կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը (Պալթեան ծովու եզերքին, այժմ` Ռուսական Դաշնութեան մաս կազմող ու Ռուսիոյ հետ սահման չունեցող, նախապէս Պրուսիա-Գերմանիոյ պատկանող շրջան- Յ.Չ.) մինչեւ հիմա Քէօնիքսպերկ (նախկին անունը- Յ.Չ.) կը կոչուէր», ըսաւ Էնկել: Աւելցնելով` «Ներկայ կացութեան մէջ ամէնէն ակներեւ քայլը պիտի ըլլայ Արցախի անկախութեան ճանաչումը… խորհրդային օրերուն, օրինական ճամբով (Լեռնային Ղարաբաղի-Յ.Չ.) անկախութիւնը հռչակուած էր, սակայն չէր վաւերացուած. եկած է ժամանակը ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը» (9):
Յուսատու են ցարդ աշխարհի շարք մը նահանգներու եւ քաղաքներու կողմէ սկսած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումի քայլերը, որոնք պիտի առաջնորդեն Արցախի Հանրապետութեան իրողական ճանաչումին: Ահա ա՛յս է սպասուածը միջազգային ընտանիքէն:
25-ամեակի սեմին` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, Արցախի պաշտպանութեան հզօր բանակը եւ անոր կողքին կանգնող համայն հայութիւնը, արժանի հակահարուածով կրկին զինադադար պարտադրեցին թշնամիին: Փա՜ռք մեր հերոս ազգի քաջարի զինուորներուն եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մահուամբ անմահացած նահատակներուն:
Սեփական ուժին վստահելով` Արցախը վերաբնակեցնելով, հողին վրայ ապրելով, արիւն ու քրտինք խառնելով հողին` «Միա՛յն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
27 օգոստոս 2016
——————
(1) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_War#Armenian.E2.80 )
(2) ( http://www.arlis.am/DocumentView.aspx?docid=3153 )
(3) ( http://nkr.am/hy/declaration/10/ )
(4) ( http://www.azator.gr/yushatetr/8072-10–1991 ), (https://en.wikipedia.org/wiki/Nagorno-Karabakh_independence_referendum,_1991 )
(5) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Treaty_of_Moscow_(1921) )
(6) ( http://www.armenian-history.com/Nyuter/HISTORY/G_Moumdjian/Garabet_M_Cilicia_under_French_mandater_1918_1921.htm#_ftnref62 )
(7) ( https://hy.wikipedia.org/wiki/Սևրի_պայմանագիր )
(8) ( http://www.law.cornell.edu/constitution/articlevi )
(9) ( https://armenpress.am/eng/news/843269/frank-engel-it-is-time-to-recognize-independence-of-nagorno-karabakh.html