ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Այս ակնարկը պատրաստուած էր ծանր զիջումներ պարտադրող համաձայնագրի ստորագրութենէն առաջ: Ընտրուած ժապաւէնները հիմա աւելի հնչեղ եւ այժմէական են, որովհետեւ հակադրուած են պատերազմի արհաւիրքին:
Ուրեմն,
Հայաստանի մէջ զօրակոչ կար նաեւ մշակութային մարզին մէջ: «Ոսկէ ծիրան»-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Բոլորս Արցախի համար» միջոցառումներուն` ցուցադրելով վեց ժապաւէններ, որոնք առնչուած են պատերազմի: Հրաւիրատոմսեր չկային: Հասոյթը յատկացուեցաւ պաշտպանութեան: «Կինոյի տան» մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ 20 հայ արուեստագէտներու պատրաստած պատերազմի եւ խաղաղութեան բներգներով որմազդ-պաստառներու ցուցահանդէս-վաճառք, որուն հասոյթը նոյնպէս յատկացուեցաւ պաշտպանութեան: Բացման հանդիսութեան ընթացքին մշակոյթի փոխնախարար Ա. Խզմալեան դիտել տուաւ. «Յատկապէս այս օրերին պէտք է հանրային տրամադրութիւնը բարձր պահել, աշխատել, ստեղծել, այլապէս անգործութիւնը կը վերաճի հիասթափութեան ու յուսալքութեան» (1, 2):
Բացումը կատարուեցաւ Նորա Մարտիրոսեանի` «Երբ որ քամին հանդարտի» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Թերեւս նիւթական նկատառումի պատճառով կարելի չեղաւ առցանց դիտելու արտօնութիւն ստանալ: Ժապաւէնները պիտի ներկայացնեմ ըստ կարելւոյս` պահելով կազմակերպիչներու կողմէ որոշուած հերթականութիւնը:
Ա.- Եթէ Քամին Հանդարտի (Si le vent tombe (3)), Նորա Մարտիրոսեան, 2020, 100 վ: Բեմադրիչի առաջին երկարամեթրաժ խաղարկային ժապաւէնն է: Փոքր դերեր վերցուցած են` Նարինէ Գրիգորեան, Արման Նաւասարդեան, Վարդան Պետրոսեան եւ այլք: Ֆրանսացի քննիչ մը` Ալեն (Grégoire Colin) Ստեփանակերտ կու գայ ստուգելու համար, թէ նորակերտ օդակայանը կը համապատասխանէ՞ միջազգային չափանիշներու: Այդ լոկ (եւ անկեղծ ըսած` անհամոզիչ) պատրուակ մըն է, գեղարուեստական հնարք մը: Ժապաւէնին իսկական բներգը օտար անձի մը ծանօթացումն է գողտրիկ երկրի մը, որ նշուած իսկ չէ քարտէսներու վրայ: Ալեն կ՛որոշէ օգնել, որ այն բացուի դուրսի աշխարհին: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ ժապաւէնի բեմագրութեան վրայ սկսած է աշխատիլ տասը տարի առաջ: Ուզած է Հայաստանի ժողովուրդը ներկայացնել ոչ որպէս թշուառ հաւաքականութիւն, այլ` կեանքով եւ իմաստութեամբ լեցուն, դարաւոր մշակոյթի տէր, ժամանակակից աշխարհին իրազեկ եւ բաց ժողովուրդ: Ծանուցողական կարճ երիզներուն մէջ նկատեցի տպաւորիչ պատկեր մը: Երբ հիանալի բնութեան խորապատկերի առջեւ ֆրանսացին քալելով կը մօտենայ համեստ օդակայանին, ճամբան կ՛երկճիւղուի: Երկճիւղման կէտին վրայ կը տեսնէ հայ պատանի մը: Ֆրանսացին կը կանգնի: Անտեսել պատանին եւ շարունակել իր յանձնարարութի՞ւնը, թէ՞… (4) (4)
Բ.- «Դրախտի դարպասը», (Gate to Heaven) Ջիւան Աւետիսեան 2019, 91 վ. (5), բեմագրութիւն` Ա. Եղիազարեան եւ Մ. Մալխասեան:
Աշխատանքները ձգձգուած են երեք տարի, որովհետեւ ֆինանսաւորումը կը կատարուէր դրամահաւաքի միջոցով: Ինչպէս իր նախորդ ժապաւէններուն մէջ, այնպէս եւ այստեղ Աւետիսեան դիմած է օտար դերասաններու եւ առհասարակ ջանացած է «միջազգային շուկային համար ընկալելի» ձեւաչափով ներկայանալ: Թերեւս նաեւ այդ պատճառով դիպաշարը զգացմունքային «տրամա» մըն է: Միջին տարիքի օտար լուսանկարիչ-լրագրող մը Արցախի ազատագրութեան պատերազմի ընթացքին ոչ միայն իր թալիշցի ընկերը` Էտկար Մարտիրոսեան, լքած է գերութեան մէջ, այլեւ գողցած է անոր լուսանկարները եւ այդ միջոցով` հռչակ կորզած: Քառօրեայ պատերազմին կը վերադառնայ եւ պատահմամբ կը ծանօթանայ օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարտիի: Կը ծագի փոխադարձ սէր: Երբ կը պարզուի, որ Սոֆիա Մարտի(րոսեան) անհետ կորած Էտկարի դուստրն է, հերոսը կ՛որոշէ խոստովանիլ: Աւարտական տեսարաններուն մէջ տանջահար հերոսը կը հարցնէ. «Ես այնպէս ալ չհասկցայ, թէ ո՛ւր է դրախտի դարպասը». հերոսուհին ցոյց կու տայ Ղարաբաղի լեռները: Որմազդին մէջ կը տեսնենք Շուշիի «Հունոտի» կիրճէն բխող լոյս եւ խումբ մը ռազմիկներ (6): Հանդիսատեսին կը մնայ իւրովի մեկնաբանել այդ այլաբանական պատասխանը:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ ոչ թէ պատերազմը, այլ` անոր պատճառած անդարմանելի խոցերը: Ջիւան Աւետիսեան ունեցած է ցաւոտ մանկութիւն: Իր մորթին վրայ զգացած է պատերազմը: Որպէս պարտադիր գաղթական` ապրած է նաեւ Գիւմրիի աղէտը: Իր բոլոր գործերը ուղղուած են պատերազմի դէմ: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ (7): «Մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր այգաբացի համար… Մենք պէտք է գիտակցենք եւ իւրաքանչիւրս ջանանք, ամէն մէկս մեր գործով, աշխատանքով կանգնեցնենք վերահաս պատերազմը» (8):
Ժապաւէնին մէջ թերեւս կը հնչէ Պախի B Minor պատարագը, որ խորքին մէջ ողբերգ մըն է եւ` վստահաբար Ռիչըրտ Շթրաուսի Էլեքթրա օփերան, որուն բներգն է Իլիականի Ագամեմնոն արքայի անկումը: Ընտրութիւնները ըստ իս, ազդարարութիւն մըն էին վերահաս աղէտին, որ չուշացաւ…
Ցաւօք, գովազդային երիզները չեն օգներ լիարժէք ընկալելու ժապաւէնին պատկերաւոր լեզուն (9) (9):
Գ.- «Բարի թռիչք» (Bon Voyage), Գարեգին Պապոյեան, 2020, 69 վ.
Վաւերագրական ժապաւէն մը եւս` Ստեփանակերտի օդակայանի առօրեային շուրջ: Բեմադրիչը ընտրած է անհեթեթի մօտեցում, որովհետեւ բոլոր շարժումները եւ գործողութիւնները իրենց տաղտկալի մանրամասնութեամբ կը համապատասխանեն բնական օդակայանի մը, բայց… բացակայ են ճամբորդներն ու օդանաւերը:
Ժապաւէնին շուրջ չկայ որեւէ տեսանիւթ: Բեմադրիչը կը բացատրէ, որ այդ պարտադրուած է պատերազմական վիճակի կողմէ: Այդ լուսաբանութիւնը եւս անհեթեթ է, որովհետեւ թշնամի տրոններն ու արբանեակները վաղուց արձանագրած են ամէն ինչ այդ կառոյցի մասին: Ի դէպ, չկայ նաեւ որեւէ ակնարկ: Ի դէպ, օդակայանը կը տեսնուի «Եթէ քամին հանդարտի» ժապաւէնին մէջ: Հետաքրքրական է, որ որմազդին մէջ եւս կը տեսնենք երկճիւղումի պատկերը…
Դ.- «Վախենալու ոչինչ չկայ» (Nothing to be afraid of) Սիլվա Խնկանոսեան, 2019, 69 վ:
Միակ ժապաւէնը, որ դիտելու համար յաջողած եմ բեմադրիչէն դիտելու արտօնութիւն եւ լուսաբանութիւններ ստանալ:
EurasiaDoc եւ «Հայկ Կինոստուդիա» համարտադրութիւն (10): Բեմադրիչը նախապէս զբաղած է լուսանկարչութեամբ: Հինգ հայ կիներէ բաղկացած խումբ մը ներգրաւուած է Լաչինի անցքը ականազերծելու վտանգաւոր աշխատանքին մէջ: Անոնցմէ չորսը ամուսնալուծուած ղարաբաղցի մայրեր են, որոնք իրենց երեխաները կը տեսնեն միայն շաբաթավերջին: Նիւթական ակնյայտ կարիքին կը գումարուէր նոր ձեռք բերուած հայրենիքը ապահով բնակավայր դարձնելու մղումը:
Ցանուած մօտ 100 հազար ականներու պատճառով զոհուած կամ հաշմուած են հարիւրաւոր անձեր: Լիբանանի մէջ գիտենք, որ անփորձ մանուկներ աւելի ենթակայ են նման արկածներու: Աշխատանքը ֆինանսաւորուած է ամերիկեան բարեսիրական «Լուսապսակ» (HALO) կազմակերպութեան կողմէ, որ 2000 թուականէն ի վեր գործունէութիւններ ունի նաեւ այլ բնագաւառներու մէջ: Բեմադրիչին հետ նամակագրութենէս տեղեկացայ, որ ականազերծման աշխատանքներու մասնակցող 16 խումբերէն երկուքը կազմուած են կիներէ: Ըստ երեւոյթին, ԱՀ ՊԲ ուղղակիօրէն ներառուած չէ:
Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ առանձին կին մը, որ կ՛աշխատի ձմեռնային գորշ, դատարկ ու լուռ տարածութեան մը մէջ:: Ապա կինը քանի մը քայլ կը հեռանայ եւ լռութիւնը կը խզուի ականի պայթիւնով: Երկխօսութիւնը մեծ դեր չունի: Ժապաւէնին հիմնական արժէքը անոր գեղեցիկ պատկերներն են: Պարզ է, որ բեմադրիչը նկարիչ մըն է:
Մենք կը տեսնենք կիներու լարուած աշխատանքը, որ երբեմն նոյնիսկ մկանային ուժ կը պահանջէ ականի շրջապատը քարերէ եւ ծառերու արմատներէն մաքրելու համար: Աշխատանք, որ յատկապէս դժուար է ձմրան կարծրացած ու սառած գետնին մէջ: Ցնցող էր յատկապէս (կողքին ցոյց տրուած) այն տեսարանը, ուր կիները ականազերծուած արահետի վրայ շարք կազմած, աշխատանքի կ՛երթան առաւօտեան` կրելով իրենց գործիքները եւ… պատգարակ մը: Ինծի թուեցաւ, որ այդ պատանք մըն էր… Դառն է այսօր մտածել, որ այդ մարդիկ իրենց կեանքը վտանգեցին խնայելու համար թերեւս թշնամիներու կեանքեր:
Կիները կը տեսնենք նաեւ ընթրիքի սեղանին շուրջ, ուր ի յայտ կու գայ ղարաբաղեան հումորը (11): Կիները ունին շատ տարբեր խառնուածքներ, բայց գիծ մը կը միացնէ զիրենք. պարտադրուած են ըլլալ ուժեղ են եւ տոկուն:
Աւարտական տեսարանը յուսադրիչ է: Կիները երեկոյեան ուրախ տրամադրութեամբ կը վերադառնան իրենց կացարանը: Եւ` «երբ աշխատանքից յետ ես գալիս ոչ մի վնասուածք չստացած, ուրեմն վախենալու էլ ոչինչ չկայ»: Քամերան հեռուէն կը նկարէ զիրենք փոխադրող ինքնաշարժը, որ կ՛անցնի քիչ մը աւելի զուարթ գոյներով բնութեան մէջէն (12):
Ե. «Ջրհեղեղ չի լինելու» (The Flood Won’t Come կամ Tvano Nebus), բեմագիր եւ բեմադրիչ` Մարատ Սարգսեան, 2020,95 վ:
Բացայայտօրէն` հակապատերազմ ժապաւէն: Տարեց գնդապետ մը, որ որպէս վարձկան ծառայած է բազմաթիւ օտար հողերու վրայ, այժմ կը գտնուի բովին մէջ անհեթեթ պատերազմի մը, որ տեղի կ՛ունենայ ի՛ր հայրենիքի հողին վրայ: Կը տեսնենք արգիլուած զէնքեր, սպանութիւն, բռնութիւն եւ աւեր, որոնք մարտավարական առումով իսկ արդարացուած չեն (13): Պատերազմի ժխորին ընդմէջէն կը լսուին բնազանցական, աստուածաբանական վէճեր: Այս անհեթեթ կացութիւնը վերացական է, հասցէ չունի, կրնայ պատահիլ որեւէ վայրի եւ ժամանակի մէջ: Քաղաքական առումով, այս իմաստալից չէ: Պատերազմները միշտ ալ ունեցած են պատմական-քաղաքական խորապատկեր:
Գովազդային երիզներէն դատած` ժապաւէնը ունի գեղեցիկ եւ ցնցող պատկերներ (14) (14): Պատկերուած կացութիւնները, սակայն, անհեթեթ են: Կայ կոճատ զուգահեռ մը: Թռչող տրոն-քամերան կը շրջի եւ ամէն ինչ սառնարիւն կը դիտէ «վերէն», մինչ գնդապետին սիրտը կ՛արիւնի, երբ կը շրջի վարը, աւերակներու միջեւ… (15)
Զ.- «Բլոկադա» (Blockade, Շրջափակում), Յակոբ Մելքոնեան, 90 վ, 2020:
Սահմանամերձ Չինարի գիւղին մէջ (Տաւուշ) Պետրոսեան ընտանիքը կը պայքարի գոյատեւելու համար: Ընտանիքին հայրը գիւղի գերեզմանապահն է: Մայրը բրդեղէն կը հիւսէ: Այգիի վտիտ բերքը կը փոխանակեն շաքարով, մանկական սնունդով եւ դեղորայքով: Ազերի դիպուկահարներու վտանգը ամէն րոպէ առկայ է: Թաղումները կը կատարուին մշուշի առկայութեան, որովհետեւ տարածութիւնը բաց է թշնամիի կրակին: Վիրաւորները եւ ծանր հիւանդները կը փոխադրուին բանակին միջոցով: Երբ ռմբակոծումը սկսի, մառանին մէջ, մոմի մը լոյսին տակ ծնողները կը փորձեն ապահովութիւն ներշնչել մանուկներուն: Իրավիճակ մը, որ հարազատ է լիբանանցիներուն: Մանկական դատարկ եւ լուռ խաղավայրի մը մէջ տղեկ մը առանձին կը ձանձրանայ: Ժապաւէնը ընդհանրապէս լուռ է, կը խօսի մարմնի լեզուն: Ցաւօք, ինծի համար հասանելի էր միայն գովազդային տեսերիզը (16):
Հուսկ բանք .- Ակնարկի վերնագիրը առած եմ` հետեւողութեամբ Ջիւան Աւետիսեանի ժապաւէնի ծրագրէ մը, որ աւելի քան 6 տարի առաջ մերժուած էր «Հայ-թրքական հարթակ»-ի կողմէ: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (17): Աւետիսեան այդ ծրագրով եւս կը փորձէր հող պատրաստել խուսափելու համար աղէտալի պատերազմէ մը: Ան, ինչպէս` բոլոր իրատես մարդիկ, ան վստահաբար կը գիտակցէր, որ արցախեան բանակը ոչ մէկ ձեւով պատրաստուած է այդ ակնբախօրէն անհաւասար ճակատումին:
———————-
- Նայիրա Փայտեան, «Ոսկէ ծիրան»-ի գլխաւոր ծրագիրը` «Նուիրում Արցախին», Կինօ Աշխարհ, 2 նոյ. 2020:
- Ոեւէ մէկը գիտէ՞, թէ մշակոյթի նախարար Ա. Յարութիւնեան ո՞ւր է եւ ինչո՞վ է զբաղած:
- Մեկնաբանելի պատճառներով վերնագիրը թարգմանուած է «Երբ որ քամին հանդարտի»:
- Տես www.youtube.com/watch?v=DKru_7tM7YU եւ www.youtube.com/watch?v=A0LfkrrrbuI.
- «Տես.- Տաթեւիկ Աղաջանեանի հարցազրոյց Ջիւան Աւետիսեանի հետ, «Ազդակ», 27 յուլիս 2019:
- Կը պատմեն, թէ Շուշին ազատագրուած էր` մագլցելով այդ «պարիսպը»: Կիրճը այժմ ուխտավայր դարձած է:
- «Ջիւան Աւետիսեանի Կարմիր Թելը», «Ազդակ», 14 մարտ 2017:
- Հարցազրոյց Ջիւան Աւետիսեանի հետ, «Ապառաժ», 23 յուլիս 2019: Ջիւան Աւետիսեանի զգուշացումը յիշել կու տայ Տրովարդայի գուշակուհի Քասսանտրան:
- Տես www.youtube.com/watch?v=0lhm6paGM74 , www.youtube.com/watch?v=1y1c8u30tEY.
- 1990 թուականին «Վաւերագրական ֆիլմերի ստեղծագործական միաւորումը» դուրս բերուած է «Հայֆիլմ» կինոստուդիա»-ի կազմէն եւ սկսած է գործել ինքնուրոյն` որպէս «Փաստավաւերագրական ֆիլմերի Հայկ կինոստուդիա»:
- Բառերը շրջելով կ՛երգեն, օրինակ, «Էսուր լաւ է քանց վուր էրեգ»: Վիշապ մը մոսկուացիներն ու երեւանցիները ուտելէ ետք Ղարաբաղ կու գայ, եւ կը կոխէ ականի մը վրայ…
- www.visionsdureel.ch/en/2020/media-film/nothing-to-be-afraid-of.
- Ինչպէս «dum-dum» փամփուշտներ:
- www.youtube.com/watch?v=TPwFja1iWIw , www.cineuropa.org/en/video/392143/rdid/390342/.
- Drone կը նշանակէ «բզզացող», նաեւ «արու մեղու», որ այս պարագային յարիր չէ:
- www.facebook.com/watch/?v=394808265213608
- «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը Բ. բներգ, գծագիր եւ հեռադիտակ», «Ազդակ» 23 հոկտ. 2014: