Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ընտրութիւններուն արդիւնքները կը շարունակեն հիմնական նիւթ դառնալ քաղաքագիտական հրապարակումներուն: Աշխարհաքաղաքական պրիսմակով կը դիտարկուին արտաքին եւ ռազմական քաղաքականութեան ուղղութիւններուն վրայ կանխատեսելի փոփոխութիւնները:

Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը, ԹՐԻՓՓ-ի ճամբով նաեւ առկայութիւնը հիմնական շրջադարձ պիտի չունենայ, եթէ այս երեւոյթը տեղադրենք Ուաշինկթընի հեռահար ռազմավարական նպատակներուն մէջ: Պէտք չէ մոռնալ, որ նախորդ նախագահ Պայտընի պաշտօնավարման վերջին ժամանակաշրջանին Ուաշինկթըն եւ Երեւան ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը: Այդ փաստաթուղթը տրամաբանօրէն պիտի չաւարտէր Պայտընով: Փաստօրէն, օգոստոսեան համաձայնութիւնը եւ յատկապէս ԹՐԻՓՓ-ը կը տեղաւորուին այդ գործընկերութեան շրջագիծին մէջ: Ռազմավարական գործընկերութիւնը կամ ԹՐԻՓՓ-ը զուտ հայկական կողմին հետ առնչուած գործընթացներ չեն, այլ` ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասին, Ռուսիոյ եւ Իրանին:

Եթէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը չի պայմանաւորուիր հանրապետականներու կամ դեմոկրատականներու ապահոված արդիւնքներով եւ հեռահար կտրուածքով կը կապուի այդ երկրի անվտանգային ու արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան, ապա նոյն տրամաբանութեամբ ալ առնչուած երկիրներուն մօտեցումները արագօրէն փոփոխելի չեն ըլլար տարածաշրջանին նկատմամբ: Գործարքներ, ժամանակաւոր նահանջներ, ոճի փոփոխութիւններ անպայման ռազմավարական առանցքային վերափոխումներ չեն ենթադրեր:

Լուսարձակը բանանք պաշտօնական Թեհրանի մօտեցումներուն վրայ. նկատենք եւ յիշենք Իրանի հոգեւոր պետի եւ նախագահի շրջանակներուն յայտարարութիւններուն միջեւ երեւցող տարբերութիւնները` յատկապէս ԹՐԻՓՓ-ի նախագիծին վերաբերեալ: Զգուշացնել` ողջունելով, Իրանին դէմ մարտահրաւէր չնկատել` սպառնալով եւ կարմիր գիծերը ցոյց տալով: Այս խառն ուղերձներուն վրայէն մշուշը կը հեռանայ կարծէք, եւ Թեհրանի պատգամը շեշտակի կը դառնայ:

Իրանի հոգեւոր պետի գլխաւոր խորհրդական Վելայաթին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին փոխանցած է. «Եթէ Թրամփն ու անոր դաշնակիցները փորձեն Իրանի այս «կարմիր գիծ»-ը անցնիլ, անոնց ոտքերը պիտի կտրենք»:

Վելայաթին քննադատած է Հայաստանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ քաղաքականութեան հետ հետզհետէ աւելի համահունչ դառնալու ընթացքին համար` զգուշացնելով, որ նման մօտեցումը կրնայ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան աճի ճամբայ հարթել: Վելայաթին «Էթթելաաթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած «Հայաստանի վարչապետին բաց ու անկեղծ նամակ մը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ ԹՐԻՓՓ-ի ծրագիրին վաւերացումը, քննադատած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը` ծրագիրին վաւերացումը նկատելով հայ ժողովուրդի շահերուն հակասող անօգուտ քայլ մը:

Ան շեշտած է, թէ Իրան ինքզինք կը նկատէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան պահպանման պատասխանատու` անիկա ըլլայ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, թէ առանց Ռուսիոյ:

Այստեղ քանի մը ուշագրաւ կէտ կայ. նախ այն, որ Իրան առաջին անգամ ըլլալով այսքան բացայայտ եւ սուր կը քննադատէ Փաշինեանի իշխանութիւնը իր թշնամի երկիրներուն հետ համագործակցելու եւ ԹՐԻՓՓ-ի ծրագիրը ընդունելու համար, որ, ըստ իրեն, կը հակասէ Հայաստանի շահերուն: Երկրորդ բաժինը յստակ ակնարկ ունի նաեւ Մոսկուային. եթէ նոյնիսկ Մոսկուան կ՛որոշէ նահանջել Հարաւային Կովկասէն, ապա Իրանը այս շրջանը կը նկատէ իր անվտանգային գօտին եւ թոյլ չի տար որեւէ ոտնձգութիւն իր սահմաններուն վրայ:

Այսքան շեշտակի, սպառնական եւ բազմակողմ ուղերձներով յատկանշուած զգուշացումը անհրաժեշտ է, որ վերահաշուարկներու հրաւիրէ հայկական կողմը: Իրանը է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն շնչուղիներէն մէկը, եւ Իրանի հետ յարաբերութիւններու բնականոն մնալը նախ եւ առաջ կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն:

Հիմա սուր զգուշացում կայ: Քաղաքականօրէն ուշագրաւ երեւոյթ է, անշուշտ, այս ուղերձին շեշտակի եւ ահազանգային ըլլալու պահուն ընտրութիւնը: Իսկ պահը մտաբերել կու տայ Միացեալ Նահանգներու միջանկեալ ընտրութիւններուն արդիւնքները, Իրանի ազդեցութիւնը այս բոլորին վրայ եւ Թրամփի հակակշռուած ըլլալը:

Թեհրան այս ձեւով Երեւանին ուղղուած կոչը ուղղած կ՛ըլլայ նաեւ Ուաշինկթընին` հակակշռելու համար անոր գործողութիւնները Հարաւային Կովկասին  կամ Իրանի սահմանամերձ գօտիին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 6 Նոյեմբեր 2026)

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.