Category: Newsletter
Խմբագրական. Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն
Շուշի քաղաքի հայկականութիւնը խորհրդարանի բեմէն վարչապետին կողմէ հարցականի վերածուիլը հայկական կողմին լուրջ հարուած է հակամարտութեան լուծման ընդառաջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն առումով: Վարչապետի հարցականը հիմնաւորուած է պատերազմէն առաջ Շուշիի ժողովրդագրական պատկերի ... Շարն.
Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը
Եւրոպական խորհրդարանը 20 յունուարին որդեգրած է «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը: Անոնց առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է Ամերիկեան Նոր Վարչակազմին Հետ Աշխատանքի Առաջնահերթութիւնները
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Ճօ Պայտընը` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահի երդման արարողութեան առիթով: Մենք կը միանանք մեր համայնքին, դաշնակից գործընկերներուն եւ քոնկրեսական դաշնակիցներուն` քաջալերելով վարչակազմը կառուցողաբար եւ համագործակցաբար ... Շարն.
Վաղարշակ Յարութիւնեան Սերկէյ Շոյկուի Հետ Քննարկեց Գերիներու Վերադարձին Առնչուող Հարցեր
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան 20 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Երկու ... Շարն.
Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Զերծ Կացուցուեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդի Պաշտօնէն
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուուական համակարգէն կը տեղեկացնեն, որ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հայրապետական տնօրինութեամբ, 21 յունուարին Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ յատուկ ... Շարն.
Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Արդէն Իսկ Լքուած Ու Փտած Մարզական Կառոյցները Պահեստանոցի Վերածելը Ոճիր Է»
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու պետական շտապի նիստին ընթացքին ցաւ յայտնեց մարզական կառոյցներուն պարզած անխնամ վիճակին եւ զանոնք պահեստանոցներու վերածելու իրականութեան համար: ... Շարն.
Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 8 Փետրուար
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումին նկատմամբ ... Շարն.
Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները` Միացեալ Նահանգներու նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: «Կը փափաքիմ ձեզի հետ գործակցիլ փոխադարձ ... Շարն.
Իւրայատկութեան Եւ Գերազանցութեան Պատուոյ Գիր` «Վանայ Ձայն»-ին
Մարդկային գիտութիւններու եւ ստեղծագործութեան համաշխարհային ընկերակցութիւնը (World Association for Creativity and Humanities), որուն կեդրոնն է Եգիպտոսը, «Վանայ Ձայն»-ին շնորհեց «Իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան» պատուոյ գիր, ծանօթանալէ ետք ռատիոկայանին 2020 տարուան յայտագիրներուն ... Շարն.
Խմբագրական. Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը
Կառավարութեան կազմութեան առկախուած գործընթացը վերագործարկելու նախաձեռնութիւն կ՛առնէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Քաղաքական կեանքին մէջ առհասարակ գուցէ եզակի երեւոյթ է պարզուածը: Ըստ էութեան նշանակեալ վարչապետի գործառոյթն է, որ կ՛իրականացնէ մեկնող վարչապետը: ... Շարն.
Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է, Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Արցախ կատարած այցելութեան բուռն արձագանգած են Ազրպէյճանի մէջ, ուր բողոքի ալիք բարձրացած է, եղած են բազում հրապարակումներ: Իսկ բուն այցելութիւնը բաւական յագեցած էր: ... Շարն.
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Մասնակիցները Կը Շարունակեն Պահանջել Փաշինեանի Հրաժարականը
Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այս օրերուն կը շարունակէ պայքարը` պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Շարժումին մասնակիցները կը շարունակեն ամէն օր գիշերել հանրապետութեան հրապարակին վրայ` վրաններուն մէջ` նշելով, որ իրենց պայքարը կանգ ... Շարն.
Նախարար Արա Այվազեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 20 յունուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները` Ռուսիոյ ... Շարն.
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին ընդհանուր գնահատականը պիտի կատարուի երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու ... Շարն.
«Ներհասարակական Լարուածութիւնը Լրջագոյն Սպառնալիքն Է Մեր Անվտանգութեան» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան
«Ազդակ»-ի 22-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցեց Պրիւսովի համալսարանի դասախօս, միջազգայնագէտ դոկտ. Արմէն Պետրոսեան: Լսարանին նիւթն էր` «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային ... Շարն.
Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ Նախագահը
Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի որ դարձաւ երկրի 46-րդ նախագահը, ինչպէս նաեւ երկրորդ նախագահը, որ կաթողիկէ ... Շարն.
Էրտողանի Աշխատակազմի Հասարակութեան Հետ Կապերու Վարչութեան Պետը Տինքի Սպանութեան Համար Մեղադրած Է Կիւլենի Շարժումը
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթուն թուիթըրեան գրառումով մը ոգեկոչած է յիշատակը պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած է 19 յունուար ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Թուրքիան «Այսպէս Կոչուած Դաշնակից» Կը Կոչէ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի թեկնածու Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը «անընդունելի է»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը: ... Շարն.
Ռուհանի. «Իրան Պիտի Վերադառնայ Իր Պարտաւորութւններու Կատարման, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Վերադառնան Հիւլէական Ծրագիրին»
Իրան պիտի վերադառնայ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարման, եթէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն ապահովէ իր երկրին` համաձայնագիրին վերադարձը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու ... Շարն.
Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»
Արցախ այցելութեան պաշտօնական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին հետ քննարկած ենք հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած ... Շարն.