Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Ա. Ներածուած Բերք

Օգոստոս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Golden-Apricot_8-20-15

Գորշ Վարագոյր.- Ոսկէ Ծիրանի փակման հանդիսութիւնը պերճախօս էր: Բացակայ էր բացման հանդիսավար Սերժ Աւետիքեանը: Բացակայ էին բոլոր օտար մրցանակակիր բեմադրիչները, որոնց մրցանակները ստացան տուեալ երկիրներու դեսպանատան պաշտօնեաները: Աչքի չընկաւ դատական կազմի նախագահ Ռոպէր Կէտիկեանը: Չկարողացայ որևէ տեղ նկատել հիւր դերասանուհի Օրնէլա Մութին: Մինչդեռ երկու անգամ վարանոտ եւ գլխահակ բեմ բարձրացաւ Նասթասիա Քինսքին: Ամէնէն աչքառու բացական Հայկական Համայնապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» մրցանակն էր: Այն մրցանակը, որուն արժանացած էր «Թեւանիկը»: Լրատուական միջոցները կը պահեն քար լռութիւն… նոյնիսկ Հայաստանի մէջ: Պատկերը տխուր է: Չէ՞ որ փառատօնը նուիրուած էր Հարիւրամեակին…

Որտե՞ղ է թաղուած շան գլուխը: Երեւոյթը անշուշտ բարդ է: Մեծամտութիւն պիտի ըլլար առաջադրել, թէ կարելի է կատարել «հեռադիտակային» ստոյգ ախտաճանաչում: Այսինքն դատել` կանգնած փառատօնէն հազար մղոն հեռու: Անձնական ենթադրութիւնս հետեւեալն է.-

Նախ գոյ է նիւթական հարց: Այսինքն ոչ գոյ է ֆինանսաւորում: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (տես «Ազդակ» 21օգոստոս 2014, «Փոքր ածուի ծիրանը» ): Փոքր փառատօններ պարտին մասնագիտանալ: Կարելի չէ մրցիլ մեծ փառատօններու հետ բազմաթիւ դասակարգերու մէջ: Մինչդեռ «Ոսկէ Ծիրան» կ’ընթանայ հակառակ ուղղութեամբ:  Ունի շուրջ տասը մրցութային դասակարգում եւ բազմաթիւ արտամրցութային ծրագիրներ:  Համաշխարհային տարողութեամբ իւրաքանչիւր օր միջին հաշուով տեղի կ՛ունենայ աւելի քան մէկ շարժապատկերի փառատօն: Կարելի չէ գրաւել ամբողջ «շուկան»: Հսկայ պազարին մէջ հարկ է ստեղծել մեր «գողտրիկ անկիւն»-ը: Հռչակաւոր դէմքերը (սելեպրիթի) ձգող մագնիսը նոյնպէս կանաչ փողն է: Այլապէս մեզի բաժին կը հասնին թօշնած հանգոյցներ: (1)

HaroutiounKhatchaterian_8-20-15

Փառատօնի պատասխանատուներ անշուշտ անդրադարձած են, թէ փառատօնը «էնը չի»: Լրատուական միջոցներուն հետ եղած հանդիպումներու ընթացքին անոնց ձայնի թոնը զգալիօրէն հեզ էր եւ պաշտպանողական: «Հ1»-ի հետ կատարուած հարցազրոյց ծրագիրին ընթացքին (2015/07/20) Սուսաննա Յարութիւնեան յայտնեց նման մտահոգութիւններ (www.1tv.am/hy/videos/207062):

Ցաւեր, ցաւեր.-  Իսկական ցաւոտ հարցը հոգեկանն է: Աւելի ճշգրտօրէն` Եղեռնի պատճառած հոգեկան խոցը (թրոմա) դիմագրաւելու եւ գեղարուեստական լեզուով արտայայտելու անկարողութիւնը: Հայ հանդիսատեսը կ’ակնկալէ դիտել «ճակատային» ժապաւէններ, որոնց յոռեգոյն նմոյշը թերեւս «Հոգիներու աճուրդ»-ն է եւ ամէնէն  ծանօթ ծաղրանկարը Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ին մէջ` «Սարոյեանի Արարատ»-u: (2) Հոգեբաններու կարծիքը այն է, որ խոցը պատճառող Եղեռնի ցայտուն, նկարագեղ (graphic) պատումի կրկնութիւնը կ’ընդարմացմէ հոգին: Մաշեցնող սուգն ու ողբը կը վերածուին մեքենական ծէսի: Այս հարցին հարկ է առանձին անդրադառնալ, յատկապէս «Մինչեւ յօշոտուած Հայաստան» պատկերազարդ գրքոյկը գովազդող մամլոյ լսարանէն ետք:

Նախ հակիրճ ձեւով կը ներկայացնեմ մրցանակակիր օտար ժապաւէնները:

«Օձի Ողջագուրում» (Օձի Գրկում) «Embrace of the Serpent», 123 վ.

Բեմադրիչ` Սիրօ Ղերրա (Քոլոմպիա) արդէն իսկ ստացած է ոսկէ մետալներ Քաննէն եւ այլ փառատօներէ:

serpent_8-20-15

Օձը ունի ֆիզիքական եւ խորհրդանշական իմաստ: Ամազոն գետի հունը գալարուն է, ինչպէս օձը: Բեմադրիչը հաւանաբար իր ներշնչումը ստացած է (թէեւ ինք այդ չէ խոստովանած) Ժոզէֆ Քոնարտի «Մթութեան սիրտը» գործէն («The Heart of Darkness», նախ պարբերական 1899-ին, ապա վէպ 1902), որուն թատրը նոյնպէս խիտ անտառներու մէջ գալարուող Քոնկօ գետն է (տես կողքի նկարը): Երկու գործերն ալ ցոյց կու տան գաղութարար արեւմուտքի գործած աւերը բնութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու հաշուոյն: Ըստ պատմագէտներու ենթադրութիւններուն, Քոլոմպոսի առաջին «այց»-էն ի վեր (1492) Ամերիկան ցամաքամասերու մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած են 50-100 միլիոն բնիկներ: Կողոպտուած է ամբողջ հարստութիւնը: Բնաջնջուած է մշակոյթը: Քոնրատ Պերլինի 1844-ի համագումարը կոչած է «Վայրի սովորոյթները ճնշելու միջազգային ընկերակցութիւն» (The International Society for the Suppression of Savage Customs): Աւելի քան դար մը և քառորդ առաջ, երբ Եւրոպացիք աշխուժօրէն կը կործանէին Ափրիկեան մշակոյթը, Քոնրատի կեցուածքը որոշ խիզախութիւն կը պահանջէր: Այսօր, երբ եղածը եղած է, Սիրոյի կեցուածքը Vogue է, մտաւորական դիւրին պերճանք:

embrace-of-the-serpent-andres-barrientos_8-20-15

Օձը հարուստ խորհրդանիշ է: Այդտեղ կայ ե՛ւ դարանակալ վտանգ, ե՛ւ իմաստութիւն: Օձը կը տեսնենք բժշկական լոկոներու վրայ:  Իսկական հերոսը Քարամաքաթէն է, բնիկ «շաման»-ը (3):  Պատմական որմանկարներու հետեւութեամբ, կողքի քատրը ցոյց կու տայ, թէ որքան ճղճիմ է եւրոպացին «օձի գրկում»: Մինչ շամանը կանգնած է զերթ տիտան (4):

Դիպաշարը.- Գերմանացի ազգագրագէտ  Թէոտոր Քոխ Կրիւնպերկ 1911-ին կը նաւարկէ Ամազոն գետին վրայ (1940-ին անոր կը հետևի ամերիկացի Schultes): Երկուքը կը հանդիպին միևնոյն շամանին` Քարամաքաթէի (խորհրդանշակա՞ն): Սիրոյի ժապաւէնին մէջ 19-րդ դարու ամբարտաւան դրապաշտութիւնը կը բախի բնութեան ուժերուն: Բայց արդիապաշտ գերմանացի գիտնականը հիւանդ է (յստակօրէն խորհրդանշական): Բուժուելու համար պէտք ունի շամանի դեղօրայքին, որոնք կը կրեն «բնութեան ուժը»: Որբացած Շամանը իր կարգին պէտք ունի եւրոպացիին: Ան կը յուսայ, որ գերմանացիի օգնութեամբ գտնել իր կոտորուած ցեղախումբին մնացորդացը: Կը յուսայ նաեւ, որ ազգագրագէտ գիտնականը Եւրոպային փոխանցէ իր ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնը եւ այդպիսով փրկէ յաւերժ կորուստէ:  Կը ստեղծուի փոխադարձ կախուածութիւն: Շամանը որոշ իմաստով կը յաջողի: Անշուշտ 1911 թուականին կարելի չէր  կրօնափոխել իր յաղչական երթով գինով դրապաշտը: Կրօնափոխուած է, սակայն մերօրեայ բեմադրիչը: «Աւելի տրամաբանական է հաւատալ բնութեան ուժերուն, քան կրօնի մը, որուն հետեւորդները կ’ուտեն իրենց Աստուածը», կ’ըսէ ան, մէջբերելով: Այո, բուսակեր բեմադրիչը ունի՛ «մարիամնուր»-ական հակում:

The-Mission_8-20-15

Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած է նաեւ կաթողիկէ միսիոնարական կեդրոնի մը մէջ ապաստանած բնիկներու ջարդը: Ասիկա եւս ձեւով մը կրկնութիւնն է «Տը Միշըն» ժապաւէնի անողոք ջարդին (Ռոլանտ Եոֆֆէ, 1986): Ցաւօք, երկու ժապաւէններն ալ կը ստեն: Միսիոնարական շարժումի հիմնական նպատակն էր թափառական ցեղախումբերը վերածել նստակեաց բնակչութեան: Այդպիսով կարելի կ’ըլլար օգտագործել զանոնք որպէս աժան աշխատուժ (գլխաւորաբար ենթակառոյցներու շինութեան եւ ռետինի արտադրութեան մէջ): Ի պատիւ Եոֆֆէի,  «Տը Միշըն» առնուազն ցոյց կու տար, թէ փորթուգալցի կուսակալը եւ իտալացի կեղծամակիր կարտինալը համախոհ էին: Կարտինալը զոհեց միամիտ վանականը` յանուն «Եկեղեցւոյ գերագոյն շահերուն»:

embrace-of-the-serpent-1911-2015

Ժապաւէնը նկարուած է սեւ ու սպիտակ: Այնպէս, ինչպէս ստնաւոր կենդանիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը տեսնէ աշխարհը: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ փորձած է ապացուցել որ բնութիւնը զգլխիչ է նոյնիսկ առանց գոյներու: Չարամիտներ կրնան կասկածիլ, թէ փորձած է նաեւ վաւերագրական ժապաւէնի տպաւորութիւն ստեղծել: Կողքի քատրը տառացիօրէն կը կրկնէ 1911-ի պատմական լուսանկարը:

Իմաստի Ստեղծումը.–  2014  95 վ

Արտադրող, բեմագիր, մոնթաժէօր եւ բեմադրիչ  Սիմոնէ Ռափիսատրա Քասանովա:

La-Creazione_8-20-15

Շարժապատկերի տեսաբաններ բեմադրիչի ժանրը կ՛որակեն «վիճակային վաւերագրութիւն» (5): Այսինքն` խաղարկային ժապաւէն, ուր դերասանները կը խաղան «իրենք զիրենք»: Ստացած է ոչ նուազ քան 12 մրցանակ (Լոքարնօ, Ռոթըրտամ, եւ այլն):

Որմազդը (որ գոնէ ինծի համար անծանօթ պաստառի մը մանրամասնն է) արտակարգօրէն արտայայտիչ եւ տպաւորիչ է: Միջնադարեան հագուկապով եռեակի մը դէմերուն վրայ կը տեսնենք գոյութենական անձկութիւնը: Իմաստի փնտռտուքը խոր արմատներ ունի: Որմազդին մէջ կը տեսնենք նաեւ բերդ մը, դրօշ եւ սպառնալից մկունդներ: Այսինքն` հակամարտող կողմեր եւ պատերազմ: Կը տեսնենք դիւրաբեկ ծառեր (հաւանաբար խոցելիութեան խորհրդանիշ) եւ մանաւանդ  մշուշ, անորոշութիւն: Ի՞նչ կ’ըսէ մեզի պատմութեան խորքէն եկող այս պատկերաւոր պատառիկը: Ինչպէ՞ս հասկնալ պատմութիւնը: Ա՛յս է  բեմադրիչին առաջադրանքը:

Map_8-20-15ժապաւէնի թատրը Ալպեան լեռնաշղթայի Թոսքանական շրջանն է: Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին նահանջող գերմանական բանակը որոշած է այդ անառիկ լեռներուն վրայ կառուցել պաշտպանութեան վերջին գիծը (Կողքի քարտէսին վրայ սլաքով ցոյց տրուած): Այդ «Գոթական» պարիսպին վրայ 15 հազար պատերազմական գերիներ կը պարտադրուին կառուցել երկու հազար հրետաշարի եւ գնդացիրի ամրոցներ եւ պատնէշներ (6):  Հրոսակայիններ կը դիմադրեն խափանելու համար աշխատանքը: Նացի հրամանատարութեան հակազդեցութիւն կ’ըլլայ (ինչպէս միշտ եւ ամէնուր) բնակչութեան անխնայ, անխտիր ջարդ: Ճակատամարտերուն կը մասնակցի 1,2 միլիոն զինուոր: Այդ հոյակապ անտառներու մշուշին մէջ այժմ կը թափառին աւելի քան 55 հազար տառապահար ոգիներ:

Hot-Docs-Film-Festival_8-20-15Pacifico's-Heights_8-20-15Այսօր գերմանացիներ կրկին այդտեղ են… որպէս զբօսաշրջիկ: Նիհարակազմ, բայց ջղուտ եւ կայտառ ծերունի հովիւ Փաչիֆիքօ (7) (Pacifico Pieruccioni, որ ֆիզիքապէս կը յիշեցնէ վաստակաշատ դերասան Հենրի Ֆոնտան) կը պայքարի պահելու համար իր նախնական սնանկ ագարակը: Թերեւս պարտադրուի ծախել հարուստ գերմանացի գնորդի մը: (Ինչպէ՞ս բացատրել այդ քայլը նախնիներու ստուերներուն): Լաչար դրացուհին կը վիճաբանի չարաճճի պատանիներուն հետ: Շրջանը ժամանակավրէպ է, դատապարտուած կործանումի: Զինուորներու եւ հրոսակայիններու ուրուներուն կը միանան թշուառութենէ  մղուած անձնասպան եղած գիւղացիներուն ոգիները:  Քասանովա Իտալիոյ ներկայ պատկերը կը դիտէ Թոսքանայի բարձունքէն:

Casanova_8-20-15

Հիմա ուշադրութիւն.- Ծառերէն կախ օրօրոցներու վրայ մանուկներ կը կրկնեն իրենց հրոսակ մեծ հայրերու  թողած պատերազմական յուշերը (ժապաւէնի թրէյլըրը): Այդ պատումները ժապաւէնի կեդրոնական բներգը կը կազմեն: Կարելի՞ է այդ ուռճացուած գուցէ եւ հնարովի պատումները վերածել գլխագիր «Պատմութեան»: Կը տեսնենք, որ ժապաւէնը ունի բազմաթիւ շերտեր: Քննադատ մը անոր կառոյցը բաղդատած է Ռուպիքի հանելուկ-խորանարդին, ուր պատկերները ագուցուած են չորս տարածաչափային բիւրաւոր ձեւերով (8): Աւելի՛ն, բեմադրիչը երկրպագուն է հրեայ արտակեդրոն (eccentric) «փիլիսոփայ» գրող Եորկէ Լուի Պորկէսի, որ ժամանակի եւ տարածութեան «հանգուցային» բնոյթի մասին «Քապպալայական» դրոյթներ ունի (9): Պորկէսի  «Ալէֆէն» (Եբրայերէնի առաջին տառը) դիտած անցեալը կ’ընդելուզուի ներկային:

Կան նաեւ այլ «մարիամնուրային» խցկումներ: Մութին մէջ կորած Փաչիֆիքօ զարմանալիօրէն «կանաչ» է: Կը գործածէ բջիջային հեռախօս, բայց կը մերժէ գործածել քիմիական նիւթեր եւ ժանտասպաններ (pesticide):

alfredo_sforzini_8-20-15

Գիւղացիներ հրոսակային հերոսական մարտերը կը վերաբեմադրեն չինական խաղալիք զէնքերով: Ցայտող արիւնը եւ վէրքերը կ’աւելցուին բացայայտօրէն արհեստական ձեւով: Բեմադրիչը ահաւոր ողբերգութեան պատումը վերածած է մարիամնուրական կատակի մը: Ի սէր Ալֆրետոյի, ախ ինչո՞ւ, միթէ ափսոս չէ՞ (10):

Ժապաւէնին դրոյթը ա՛յն է որ «իմաստի ստեղծման» գործընթացը կերպընկալ է եւ «կռանելի» (malleable): Պատմութիւնը պարզապէս անհատական «տեսակէտ» մըն է: Հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ նման ժապաւէն արժանացած է բազմաթիւ արեւմտեան մրցանակներու: Բայց թէ ինչո՞ւ այս բացայայտօրէն յետարդիական, ուրեմն եւ հակապատմական դրոյթը մրցանակի արժանացած է Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած փառատօնի դատական կազմին կողմէ, կը մնայ յոյժ մեկնաբանելի: Յետարդիականութիւնը գլխովին հակոտնեայ է ազգային գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական պահանջատիրութեան:

Այս կէտի վերլուծումը կը թողում քաղաքական մեկնաբաններու:

Ոսկէ Ծիրանի «Հայկական Համայնապատկեր» ծրագրի մասին` յաջորդիւ:

———————————

 

Kinski-family

1).- Քինսքի ընտանիքը ծանօթ է ջղագարութեամբ, տոհմապղծութեամբ եւ ոճրային հակումով: Թերահաւատներ կրնան դիմել համացանցին:

2).- Տես  «Այլեւս … Բեն», «Ազդակ» 16 յուլիս 2015:

3).- Շամանը ե՛ւ ցեղախումբի կրօնական առաջնորդն է (քահէնը, քահանան), ե՛ւ բժիշկը: Իսլամանալէ առաջ թրքական ցեղախումբերու կրօնը շամանական էր:

4).- Թէեւ բնիկները շատ աւելի փոքրակազմ են,  քան գերմանացիք:

5).-         Տես J. Hoberman, «Film After Film», Verso 2013, էջ 23:

6).- Հիթլեր մտահոգ էր, որ դաշնակիցներ պատը կը շրջանցեն ծովու ճամբով: Որպէսզի յաղթանակը ձեւով մը նսեմացուի, զօրավար Kesselring պարիսպը կը վերանուանէ «կանաչ գիծ», «Grune Linie»:

7).- Pacifico անձամբ ճարած է ժապաւէնի բոլոր համագիւղացի դերակատարները:

8).- Չորրորդ տարածաչափը ժամանակն է:

9).- J. Alazraki, «Borges and the Kabbalah: Essays on His Fiction and Poetry», Cambridge UP, 2009:

10).- «Գոթական գիծ»-ի դէմ պայքարող հրոսակներուն ղեկավար:

Նախորդը

Այլազան. Ձեւագէտ Հայկ Աւանէսեան

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?