Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յօտուած Ծիրանին

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ  

Եղերական.- «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին վերաբերող նախորդ ակնարկները կը կրէին յարատեւ սրացող վերնագիրներ. «Փոքր ածուի ծիրանը» (2014) (1), «Փոքրացող ածուի ծիրանը» (2015) (2),(2) «Փոքրիկ ածուի ծիրանը» (2016) (3) (3) եւ «Թօշնող ծիրանի հեւքը» (2017) (4): Զառիթափ ընթացքը կը շարունակուի` շնորհիւ պետութեան շարժապատկերի (եւ ոչ միայն) նկատմամբ որդեգրած անտարբեր վերաբերմունքին: Հայրենի շարժապատկերը ունի ոչ միայն ֆինանսաւորումի, այլեւ պետական գործընթացի եւ օրէնսդրութեան լուրջ հարցեր:

Շարժապատկերի մարդիկ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը: Ատոմ Էկոյեանը հրաժարած էր «Ոսկէ ծիրան»-ի (պատուոյ) նախագահի իր հանգամանքէն: Արսինէ Խանճեանը բացայայտօրէն յայտնած է, որ փառատօնը «լրջագոյն խոչընդոտներու կը հանդիպի, այդ շարքին նաեւ` ֆինանսական, «որոնք մեծ ազդեցութիւն կը թողուն նաեւ փառատօնի բարոյական կողմի վրայ (5)»: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիր  Յարութիւն Խաչատրեանը հրաժարած է փառատօնի նախագահի պաշտօնէն: Փառատօնի նախօրէին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Խաչատրեանը իբր թէ կատակով յայտնած է, որ եկած է մշակոյթի ներկայ նախարար Լիլիթ Մակունցի  հետ` «դարդլամիշ լինելու» (իր ցաւերը պատմելու): Թէ` հարկ էր «Ոսկէ ծիրանի» 15-րդ յոբելեանը «աւելի լաւ անել, աւելի ֆինանսաւորուած» (6):

Փառատօնի նախօրէին կատարուած զգայացունց յայտնութիւնը այն էր, որ «Հայկական համայնապատկեր» բաժինը դուրս բերուած էր փառատօնի մրցութային բաժնէն: Այս համազօր է գլխատումի, որովհետեւ փառատօնը սկսած է եւ կը շարունակուի իմաստաւորուիլ  նոյնինքն  «Հայկական համայնապատկեր»-ով: Պատճառը ցաւոտ է: Անցեալ տարեշրջանին Հայաստանի մէջ չէ արտադրուած որեւէ երկարամեթրաժ որակաւոր խաղարկային ժապաւէն:

Կազմակերպիչները որոշած էին ցուցադրել արտասահմանի մէջ արտադրուած հայ բեմադրիչներու գործեր, ինչպէս  Դաւիթ Սաֆարեանի «28:94 տեղական ժամանակ»-ը, որոնք արդէն իսկ մրցանակներ ստացած են»:

Մետասաներորդ պահուն, ինծի համար տակաւին անյայտ պատճառներով, մինչ այդ ոչ մրցութային դասուած «Հայկական համայնապատկեր»-ի բաժնին մէջ մրցանակ ստացաւ Անահիտ Ապատի «Եւա»-ն, որ, ի դէպ, իրանական արտադրութիւն է: Այդ ժապաւէնին առանձին անդրադարձած եմ:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը վերածուած է գերիներու աճուրդի, ուր հայ բեմադրիչներ կը փորձեն օտար հաստատութիւններու առաւելագոյն արծաթով վաճառուիլ: Այս ուղղութեամբ այժմ կազմակերպուած է  «GAIFF Pro» (Golden Apricot International Film Festival Professionals) հարթակը, որուն ղեկավար Մելիք Կարապետեան խանդավառ հարցազրոյց մը տուած է (7): Հարկ է, որ սրտցաւ մարդիկ կարդան այդ: Պարզ է, որ ոչ մէկ օտար կազմակերպութիւն  գումար կը յատկացնէ` առանց քաղաքական  ակնկալութեան: Բացի այդ, կան «խորամանկ» ձեւաչափեր, որոնք ունին անբարենպաստ քաղաքական հետեւանք: Կու տամ ուսանելի օրինակ մը:

Eurimage յանձն կ՛առնէ յատկացնել ծրագրի մը պիւտճէի որոշ տոկոսը, պայմանաւ որ այդ ծրագիրը ունենայ «տարածաշրջանային» բնոյթ: Ուշադրութի՛ւն. եթէ ծրագիրը ներկայացուի երկու երկիրներու ներկայացուցիչներու կողմէ, ապա յատկացումը կը կրկնապատկուի… եթէ` չորս երկիրներու կողմէ, ապա յատկացումը… Մ. Կարապետեանի բառերով` «շահագրգռութիւնը մեծանում է»: «Տարածաշրջանային» կը նշանակէ` Թուրքիա, Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան: Կարապետեան մեզ կը «հանգստացնէ», որ բոլոր նախագիծները, ներառեալ` ազրպէյճանական, կը քննարկուին «անաչառութեամբ»: Արժեւորումը կը թողում ընթերցողին: Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ այս ծրագիրներով առաւել խանդավառ են կի՛ն բեմադրիչները:

Ի զուր չէ, որ Արսինէ Խանճեանը նկատել տուած էր, որ ֆինանսականը կը յարուցէ բարոյական հարցեր: Այս ինծի կը յիշեցնէ Զիատ Ռահպանիի «Ես քաֆիր չեմ, անօթութի՛ւնն է քաֆիր» երգը (8):

«Ոսկէ ծիրան»-ի գեղարուեստական երեսին շուրջ համացանցի վրայ լռութիւն կը տիրէ: Անհաւանական է, որ հայրենի տպագիր մամուլը լայն տեղ տուած ըլլայ: Կինօ-կեդրոնի պաշտօնաթերթ «Կինօ-Աշխարհ»-ը չէ անդրադարձած: Չխօսինք արտաքին աշխարհի մասին: Երբեք պիտի չվշտանամ, եթէ ապացուցուի, որ կը սխալիմ:

Հակիրճ ձեւով պիտի ներկայացնեմ լոկ չորս ժապաւէններ, որոնք որոշ գեղարուեստական կամ քաղաքական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Պէտք է յուսալ, որ հայկական գաղութներու մէջ աւելի մեծ շահագրգռութիւն կը ցուցաբերուի հայկական (եւ ոչ միայն) գեղարուեստական ժապաւէններու շուրջ:

Թախծոտ հաշուեփակ.- «Ոսկէ ծիրան 15» փառատօնը բացուեցաւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեանի «Առանձնատունը» (La villa, 2017, 107վ.) ժապաւէնով: Կետիկեանը նաեւ բեմագրութեան համահեղինակն է: Այս հասկնալի է, որովհետեւ «Առանձնատունը» յետադարձ հայեացք մըն է բեմադրիչին անձնական եւ գեղարուեստական ընթացքին վրայ: Այդ երկուքը անբաժանելի են, Կետիկեանը յանձնառու արուեստագէտ է, այժմ արդէն իսկ` «անսիեն քոմպաթան» մը: Կետիկեանի արուեստին նախապէս անդրադարձած եմ այստեղ ցուցադրուած «Խելագարի մը պատմութիւնը» («Une Histoire de Fou», 2015, 135 վ.) ժապաւէնին առիթով (9):

Դիպաշար.-  Առանձնատունը կը գտնուի բեմադրիչի օրրան Մարսէյի մօտիկ ծովածոցի մը եզրին: Մահամերձ տիրոջ (հին Ֆրանսա՞) երեք զաւակները եկած են հրաժեշտ տալու եւ… հաշուեփակ կատարելու, լուծարքի ենթարկելու պապենական տունը եւ աշխատանքը (իւրայատուկ ճաշարան): Ասիկա յիշել կու տայ Արթըր Միլըրի խորհրդանշական «Գինը» թատրերգութիւնը, որ ոչ հեռու անցեալին դիտեցինք «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ: Ինչպէս «Գին»-ին մէջ, այնպէս եւ այստեղ զաւակներէն մին մնացեր է հօրենական տան եւ աշխատանքի մէջ, բայց չէ կրցած յաջողութեամբ շարունակել գործը: Միւս երկուքը հեռացած են: Անոնցմէ մին` դուստրը (որ ի հարկէ կը մարմնաւորէ բեմադրիչի յաւերժ ներկայ կինը` Արիան Ասքարիտ) մեթրոպոլոտ Փարիզի մէջ յաջողած է որպէս դերասանուհի (իմա` ձեւացնող), իսկ միւսը` Արմանը, ձախակողմեան (ուրեմն` իտէալապաշտ եւ գործնական կեանքի մէջ ձախող) աշխատաւոր մըն է, որ կը յուսայ իր կեանքը նորոգել իր կէս տարիքը ունեցող աղջկան մը հետ ամուսնանալով: Այդ հաւանաբար կը խորհրդանշէ Ֆրանսայի մերօրեայ երիտասարդութիւնը ընկերվարական ճամբարի մէջ ներգրաւելու անյաջող փորձերը: Արմանը յուսախաբ է, դառնացած: Ստացած է հօրենական ժառանգի միայն մէկ փոքր մասը (ի հարկէ` խորհրդանշական): Առիւծի բաժինը ստացած է իր մասնագիտութեամբ ձեւացնող… ներողութիւն, դերասանուհի մայրաքաղաքացի քոյրը: Մեծ խորիմացութեան հարկ չկայ ջոկելու համար, որ Արման Կետիկեանին «միւս եսն» է (alter ego): Արմանը բացայայտօրէն կ՛ըսէ. «Այո՛, բոլորին նման (comme tout le monde), սիրտը` ձախ, միտքը` աջ»: Կետիկեանը չափազանց խոհեմ բեմադրիչ է:

Մարսէյի ծովախորշին մէջ ձմեռ է, (զբօսաշրջութեան) եղանակը անցած է, աւանը ամայի է: Այդ եւս վստահաբար խորհրդանշական է: Մարսէյը ծանօթ է իր երբեմնի քաղաքական աշխուժութեամբ: Երեք ժառանգորդները, առ երես` սիրալիր, կը կրկնեն իրենց մանկութեան խաղերը: Արձագանգը անոնց յանկերգը կը կրկնէ ծերացած կամուրջի կամարներուն տակ:

Մետասաներորդ պահուն ամայի ծովեզերքին վրայ կը յայտնուին երեք փախստական ափրիկեցի մանուկներ: (Ի հարկէ` երկու եղբայր եւ քոյր մը): Ֆրանսայի… ներողութիւն, առանձնատան ժառանգորդները կը փորձեն որդեգրել զանոնք: Հարկ կա՞յ մեկնաբանելու:

Ժապաւէնի ընթացքին կը հնչէ 60-ական թուականներու կուռք (այժմ` ինքնակոչ մարգարէ) Պապ Տիլընի «Քեզ կը ցանկամ» (Bob Dylan, I want you) երգը, որ մօտաւորապէս (իմ թարգմանութեամբ) կ՛ըսէ (11).-

Մեռելաթաղը կը յառաջէ յանցաւոր,
Երգեհոնը շրջուն` կու լայ առանձին,
Շեփորներն արծաթ կը յուշեն, որ քեզ մերժեմ,
Զանգեր ճաթած, մաշուած փողեր
Կը քամահրեն իմ դէմքս ի վեր,
Բայց այդպէս չէ,
Ես չծնայ, որ քեզ կորցնեմ,
Կը ցանկամ քեզ, կը ցանկամ քեզ:

Ժապաւէնը «անսիեն քոմպաթան»-ի մը թախծոտ հաշուեկշիռն է:

Հակառակ ի գործ դրուած մեծ ջանքերուն եւ երկար սպասումին, կարելի չեղաւ ժապաւէնը ամբողջութեամբ դիտել: Այս ակնարկը հիմնուած է համացանցի վրայ հասանելի գովերիզ հատուածներու (trailer) (10) եւ մամուլէն քաղուած տեղեկութիւններու վրայ: Կը յուսամ, որ ժապաւէնը այստեղ ցուցադրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ անոր:

«Քամու հետ» (“With the Wind”, 51վ. 2018)

Լաւագոյն «սկզբնական գործ»-ի (debut) մրցանակը ստացաւ տառացիօրէն «Սեւանի ափին» ծնած Արթուր Սահակեանի (1994) վաւերագրական ժապաւէնը, որ իր համալսարանական աւարտաճառն (տիփլոմային) է: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ գեղեցիկ, առեղծուածային, բայց, ցաւօք, նաեւ մարդակուլ վիշապի ե՛ւ մակերեսը, ե՛ւ մթին ընդերքը: Կը տեսնենք լիճի սառած, ձիւնածածկ մակերեսին վրայ տուն դարձող ձկնորսներու… դիակները: Կը տեսնենք նաեւ յաջորդ առաւօտ մառախուղի մէջէն դէպի լիճին բացերը ուղղուող ձկնորսական փոքրիկ նաւատորմ: Գլխաւոր հերոսուհին է միակ կին (այո՛, կին) ձկնորսուհի Արփին: Համացանցի վրայ կարելի է դիտել ժապաւէնին գովերիզը (12):

«Ճանապարհ դէպի տուն» (Way Back Home) Սեդա Գրիգորեան, կարճամեթրաժ վաւերագրական: Անգլիոյ մէջ պատրաստուած ժապաւէնը նոյնպէս աւարտաճառի աշխատանք է: Կը ներկայացնէ Սերժ Թանգեանի, Ատոմ Էկոյեանի, Արսինէ Խանճեանի, Վահէ Պէրպէրեանի եւ Էրիկ Նազարեանի այցը Հայաստան` որպէս ընտրական դիտորդներ: Տեսակցութեան մը ընթացքին Գրիգորեանը յայտնած է, որ (անյայտ) հաստատութեան ուսուցչական դատակազմը նախապէս ոչ մէկ գաղափար ունեցած է Հայաստանի մասին: Պատրաստութենէն անմիջապէս ետք ժապաւէնը ներկայացուած է Թորոնթոյի «Նուռ» փառատօնի «Մարդկային իրաւանց» բաժնին մէջ եւ ստացած` առաջին մրցանակ: Գրիգորեանը յայտնած է, որ փառատօնի կազմակերպիչներուն մեծամասնութիւնը իրաւաբաններ եղած են: ժապաւէնը կու տայ «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութեան պատմականը եւ բացայայտօրէն քաղաքական ջատագովութիւն է, թաւշեայ ջատագովութիւն: Համացանցի վրայ օտար աղբիւրներ անհամեմատ աւելի մեծ տեղ տուած են այս ժապաւէնին, քան` «Ոսկէ ծիրան»-ի ծրագրէն ներս տեղ գտած որեւէ այլ գեղարուեստական ժապաւէնի (13): Գրիգորեանը վերջապէս դիտել կու տայ, որ ժապաւէնին ներշնչումը իրեն եկած է դէպի կորուսեալ Արեւմտահայաստան կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին: Պարտքս էր այդ ծանուցել:

«Սեւ ձիերու մահը» (Միրինա Հեսփեն Ռեշ)

Ցուցադրութեան համար ընտրուած տակաւին «յետարտադրական» (post production) փուլին մէջ գտնուող ժապաւէններու շարքին աչքառու էր քիւրտ բեմադրիչ Ֆերիթ Քարահանին (1983, Մուշ) ժապաւէնը: Կը պատմէ երեք եղբայրներու մասին, որոնք 1914 թուականին (այո՛, երբ կ՛ընթանար Ա.  Աշխարհամարտը), Արարատի լանջէն ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Տիգրանակերտ` հանդիպելու համար այդտեղ բանտարկուած իրենց գիւղապետ աղային: Այլ խօսքով, «ճանապարհի ժապաւէն» մըն է: Եղբայրները կ՛ուղղուին դէպի իրենց «ակունք»-ը:

Ժապաւէնը հիմնուած է պատումներուն վրայ բեմադրիչի մեծ հօր, որ այդ շրջանին «չեթէ» մը եղած է (տե՛ս պատմական լուսանկարը): Հարկ կա՞յ յիշեցնելու այդ շրջանի քիւրտ չեթէներու դերը: Խորհրդանշական ճանապարհի ընթացքին երեւան կու գան երկար ժամանակ թաքնուած գաղտնիքներ: Կը պարզուի, որ տեղի ունեցածը եղբայրասպան կռիւ մըն է:

Քարահանը կը բացատրէ, որ դարեր շարունակ օսմանեան պետութեան հովանիին տակ իրարու հետ համերաշխօրէն ապրող թուրքեր, քիւրտեր եւ հայեր դժբախտ պատահարի մը («Կաթիլ մը մեղր») որպէս հետեւանք ծագած թիւրիմացութիւն, յանկարծ կը դառնան մահացու թշնամիներ: Քարահանը կ՛ըսէր, որ գուցէ նոյն այդ թիւրիմացութիւնն էր, որ տակաւին կը շարունակուի (14): Այ քեզ բա՜ն:

2015 թուականին տակաւին լոյս տեսնող (այժմ` փակուած) «Ռատիքալ» օրաթերթը ծանուցած էր, որ «Սեւ ձիեր»-ու սկզբնական ծրագիրը իսրայէլեան «The Jerusalem International Film Lab»-ի մրցոյթին  ստացած է 2-րդ մրցանակը, ուրեմն նաեւ` յարգելի նիւթական աջակցութիւն (15): Ո՜վ զարմանք:

Քարահանի առաջին խաղարկային ժապաւէնը` «Դրախտէն վտարում»-ը («Տերպույինա ճի պիհուշթէ», «The Fall From Heaven», 88 վ.) նաեւ ունի համահունչ ասք: «Դրախտ»-ը այս պարագային Պոլիսն է: Ժապաւէնը կը պատմէ այդտեղ ապրող քիւրտ «պանդխտուհի»-ի մը մասին: Հերոսուհիին երկու քիւրտ եղբայրները կը գտնուին հակառակորդ ճամբարներու մէջ: Այո՛, գուշակեցիք, Թուրքիոյ հարաւարեւելեան նահանգներու մէջ այժմ տեղի ունեցողը եւս եղբայրասպան պատերազմ է: Ի զուր չէ, որ ժապաւէնը իսկոյն ստացած է թրքական «Ոսկէ նարինջ» փառատօնի առաջին մրցանակը (2014, Անթալիա):

Հայ-թրքական շարժապատկերի հարթակը կը միտի սնուցանել համերաշխութիւն: Այս մասին բազմիցս անդրադարձած եմ (16): Բայց որո՞ւ  հարկաւոր է  համերաշխութիւն, որ կ՛անտեսէ եւ կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը: Հարկ չէ՞, որ «Ոսկէ ծիրան»-ի կազմակերպիչները աւելի մեծ զգայնութիւն ցուցաբերեն:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնը անգնահատելի առիթ է, որ շարժապատկերի մարդիկ, յատկապէս` երիտասարդներ, հաղորդակցին արտասահմանեան անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Բայց մենք մեր կարգին ի՞նչ կը հրամցնենք անոնց: Ո՞ւր է մե՛ր «ծիրան»-ը: Ինչպէս վերը նշած էի, անցեալ տարեշրջանին Հայաստանի մէջ որեւէ երկարամեթրաժ գեղարուեստական ժապաւէն չէ արտադրուած: Հայրենի բեմադրիչներ վերածուած են, մեղմ ըսած, «նպաստընկալներու», որոնք պատրաստ են ընդունիլ քաղաքական որեւէ պայման:

2016 թուականի հոկտեմբերին շարք մը «շարժապատկերի նուիրեալ» երիտասարդներ յայտարարեցին  «Հայֆիլմի վերածնունդ շարժում»-ի կազմութիւնը (17): Անոնք անդուլ պայքարէ ետք յաջողեցան կասեցնել «Հայֆիլմ» սթիւտիոներու եւ տարածքի վաճառումը, լուծարքը: Այսուհանդերձ, «Հայֆիլմ»-ը որպէս հաստատութիւն` չվերակենդանացաւ: Տարածքը կը վերածուի հայ շարժապատկերի թանգարանի: Նման թանգարան ունենալ ի հարկէ ցանկալի եւ անհրաժեշտ է: Բայց շարժապատկերներ արտադրող մայր հիմնարկին թանգարանի վերածումը մահագոյժ նշանակութիւն ունի: Շարժումի ներկայացուցիչները քանի մը ձախող փորձէ ետք, ի վերջոյ օգոստոս 4-ին յաջողեցան տեսնուիլ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին հետ (տե՛ս կողքի լուսանկարը): Նախարարը երիտասարդ բեմադրիչները յորդորեց ըլլալ գործնական, չտարուիլ զգացմունքներով: Անձնապէս յոյժ զգացմունքային դարձած էի լսելէ ետք այն տարաձայնութիւնները, թէ Թանգեան պատուէր պիտի ստանայ թաւիշը գովերգող տեսերիզ մը պատրաստելու համար: Նախարարութիւնը հերքեց այդ, թերեւս` ի տես ընդվզումին: Տարաձայնութիւնը ցուցանիշ մըն է նոր կարգերու վարքի յարուցած երկմտանքին: Հարկ է զգուշութեամբ մօտենալ դիւրին ձեռք բերուած յաղթանակներու:

Անվիճելի է միայն մէկ ոչ զգացմունքային իրականութիւն. առանց պետութեան նիւթական եւ օրէնսդրական  հովանաւորութեան` հայրենի շարժապատկերը պիտի շարունակէ իր զառիթափ ընթացքը:

 

6 օգոստոս 2018

—————————–

1.- Տե՛ս www.aztagdaily.com/archives/199905

2.- Տե՛ս www.aztagdaily.com/archives/255115 եւ www.aztagdaily.com/archives/255326

3.- Տե՛ս www.aztagdaily.com/archives/312558 եւ www.aztagdaily.com/archives/312810

4.- www.aztagdaily.com/archives/357805

5.- Հարցազրոյց, «Կինոաշխարհ», 9 յուլիս 2018

6.- «Առաւօտ» յունիս 1, 2018  www.aravot.am/2018/06/01/961222/

7.-  Տե՛ս «Նորութիւններ», «Իրատես», 6 յուլիս 2018, www.irates.am/hy”/1530831680

8.- Անա մուշ քաֆէր, պէս ֆըքըր քաֆէր, զըլ քաֆէր:

9.- Տե՛ս «Խելագար պատմութիւն», «Ազդակ» 19 յունուար 2016

10.- Տե՛ս https://www.youtube.com/watch?v=_InkVpGMRe0, https://www.youtube.com/watch?v=vt3wVETIfWs, https://www.mymovies.it/film/2017/la-villa/, https://www.youtube.com/watch?v=hV3Z2ShOIvM

11.- The guilty undertaker sighs // The lonesome organ grinder cries // The silver saxophones say I should refuse you // The cracked bells and washed-out horns // Blow into my face with scorn/But it’s not that way // I wasn’t born to lose you // I want you, I want you// …

12.- Տե՛ս http://gaiff.am/films/2018/with-the-wind#tab-trailer

13.- Տե՛ս https:// Trailer: https://youtube/znVbw9HgDW4, www.youtube.com/watch?v=VVoMII1PPho

14.- Turkish Cinema: The New Generation – Ferit Karahan, Director ‘Death of the Black Horses’ Variety 25 Hokt 2017

15.- Տե՛ս  www.radikal.com.tr/kultur/1914-diyarbakirinda-gecen-siyah-atlarin-olumune-israilden-odul-1400228/

16.- Տե՛ս www.aztagdaily.com/archives/208637, www.aztagdaily.com/archives/209686, www.aztagdaily.com/archives/248088, www.aztagdaily.com/archives/249569, www.aztagdaily.com/archives/253503

17.- Այս ուղղութեամբ տե՛ս https://iravunk.com/news/63689

Նախորդը

Այցելութիւն Աւետեաց Երկիր

Յաջորդը

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?