Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքրիկ Ածուի Ծիրանը Ա. Քրտական Միջնարար

Օգոստոս 31, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

A-1_83116«Ոսկէ Ծիրան»-ի 13-րդ փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախության 25-ամեակին: Այսուհանդերձ բացման հանդիսութիւնը չունեցաւ միջազգային, առաւել եւս յոբելիանական փառատօնին յարիր հմայք: Բացակայ էր պատուոյ հիւրը` Ժաքլին Պիսէ (1944-): Ներկաները հապճեպ քայլերով մուտք գործեցին «Կինօ Մոսկուա»: Հանդիսութեան նախորդած էր ծիրան օրհնէքի այլեւս աւանդութիւն դարձած ծէսը  Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (1): Հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան լրագրողներուն յայտնած էր, թէ  կազմակերպիչներ նախընտրած են նիւթական սուղ միջոցները չվատնել երեւոյթներու վրայ: Կատարած էր նաեւ հետեւեալ ուշագրաւ յայտարարութիւնը.- «Կինեմատոգրաֆն (շարժապատկերագրութիւն) արդի առասպելի ստեղծողն է:… Հարկ չկայ նշելու, թէ ժամանակակից աշխարհում որքան կարեւոր է ունենալ ազգային կինեմատոգրաֆի կայացած դպրոց` նաեւ որպէս զանգուածային հաղորդակցութեան հզօրագոյն գործիք, որը միաժամանակ ծառայում է ազգային ինքնութեան պահպանմանն ու ազգային շահերի յառաջխաղացմանը»:

A-2_83116

Գլխաւոր, արտամրցոյթային, եւ կողմնակի ծրագիրները հասանելի են համացանցի վրայ (2): Ներկայացուած են շուրջ 9 հարիւր յայտ): Դատական կազմը նկատի ունեցած է 135 համեմատաբար որակաւոր ժապաւէններ: Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ միայն «Հայկական Համայնապատկեր»-ի մրցանակակիր ժապաւէններուն, ինչպէս եւ քրտական բներգով երկու ժապաւէններու: Դուրսէն դիտուած կարելի է ենթադրել, որ անոնք առաջին դիրքի վրայ զետեղուած են քաղաքական պատճառներով:

Միջնարար Ա. Զարէ  (Zerê).- 1926,  35մմ, 69 վ.

A-3_83116Բացման արարողութենէն ետք ցուցադրուեցաւ  հայկական շարժապատկերի ռահվիրայ Համօ Բեկնազարեանի (Ամբարձում Իվանովիչ Բեկնազարով,  1891-1965 Մոսկուա) (3) «Զարէ»-ն, ընկերակցութեամբ Վահագն Հայրապետեանի նուագախումբին: Ի դէպ, համր ժապաւէնի երաժշտութիւնը (sound track) 1970-ին յօրինած է Սպենդիարեանը:

Բեկնազարեան եղած է արհեստավարժ մարմնամարզիկ: 1914-ին սկսած է դերեր վերցնել ռուսական ժապաւէններու մէջ: 1918-ին աւարտած է Մոսկուայի «Առեւտրական հիմնարկ»-ը: Բեմադրութեան սկսած է Վրաստանի մէջ: 1924-ին եկած է Երեւան եւ հիմնած «Արմէնկինօ»-ն (Հայֆիլմ) Առաջին արտադրութիւնն էր, ինչպէս ծանօթ է, «Նամուս»-ը (1925 , 62վ.) որ նկարահանուած էր … Ազրպէյճանի մէջ:

A-4_83116Բեկնազարեանի հիմնական բներգներէն մէկն էր յառաջացնել ժողովուրդներու բարեկամութիւն: Շատ գործօն դեր ունեցած է վրացական եւ ազրպէճանական շարժապատկերներու հիմնադրման եւ զարգացման մէջ: Ամուսնացած էր վրացուհի Սոֆիա Վոլխովսկայայի հետ: Զարէի տիպարը մարմնաւորած է վրացի վաղամեռիկ գեղեցկուհի Մարիա Թենազի: Կարէն Քալանթար կը տեղեկացնէ, թէ Բեկնազարեան գրեթէ ոչինչ գիտէր եզիտի քիւրտերու մասին (3), թէ ան մեծ ջանասիրութեամբ պրպտած է հասանելի բոլոր աղբիւրները: Այս մասին` աւելի ուշ:

A-5_83116Քաղաքական խորապատկեր.- Բեմագիրը կը պատկանի Լազոյի (Յակոբ Ղազարեան , 1869 Պայազիտ – 1926 Թիֆլիս): Լազօ 1921-ին պատրաստած էր հայերէն տառերու վրայ հիմնուած  «Շամս» (Արեւ) այբբենարանը, որ քրտական դպրոցներու մէջ գործուած է մինչեւ 1928: Արեւու սկաւառակը կը տեսնուի քրտական հին եւ նոր դրօշներու վրայ: Լազօ տարած է քրտական մշակութային լայն գործունէութիւն:

Դէպքերը կ’ընթանան Լաչինի մէջ, որ եղած է քրտաբնակ շրջան: Այստեղ հարկ է պահ մը կանգ առնել: 1921 թուականէն սկսեալ սկսած էր շրջագայութեան մտնել վեց շրջաններէ կազմուած «Կարմիր Քիւրտիստան»-ի մը ծրագիրը: Գաւառի կեդրոնը պիտի ըլլար Լաչինը: 16 յուլիսի 1923 -ին Ազրպէյճանի Կեդրոնական գործադիր կոմիտէն տուած էր համապատասխան որոշում (4):  Բեմագիրն ու բեմադրիչը վստահաբար տեղեակ էին այս իրադարձութիւններուն մասին: Այլ խօսքով, թատրի ընտրութիւնը անմեղ պատահականութեան արդիւնք չի կրնար ըլլալ: Նկարահանումները, սակայն, կատարուած են Արագածոտնի մարզին մէջ:

A-6_83116Դէպքերը կ’ընթանան 1917-ի յեղափոխութեան նախօրեակին, երբ ցարական իշխանութիւնը կը տատանէր: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ պատկեր մը, ուր ցարի ծիծաղելի չինովնիկները (պետական պաշտօնեայ) եւ ապիկար սպաները կը գործակցին գիւղի բռնակալ աղաներու հետ: Պրիսթաւը (գաւառապետ) որպէս «կամաւորներ» կը զինուորագրէ միայն աղքատ քիւրտերու զաւակները: Գաւառապետի այն հարցին, թէ անփորձ գիւղացիներ ինչպէ՞ս կրնան ծառայել ռազմական գործողութիւններուն, ցարական պագամաւորը կը պատասխանէ, թէ անոնք կրնան գործածուիլ «իրենց» ( իմա` մութ) նպատակներուն: Կողքի նկարին մէջ Թէմուր պէկ (Միքայել Գարագաշ) սպայական ուսադիր կը ստանայ արջանման ռուս գաւառապետէն, բայց  ի հարկէ չի մեկնիր ճակատ: Կան, յաճախ անտեղի, բազմաթիւ բացայայտօրէն քարոզչական զաւեշտական տեսարաններ: Եւ քանի որ ժապաւէնը համր էր, խաղարկութիւնը հարկ է, որ ըլլար չափազանցուած (mannerist): Այս յատկապէս ակնբախ է ծաղրանկար- չինովնիկ գրագրի (Ա. Ամիրբեկեան) եւ գիւղի բարի յիմար-հտպիտ Խդոյի (Հ. Խաչանեան) պարագային:

Քարոզչութեան մաս կը կազմեն նաեւ չարիքի աղբիւր «մահաբեր շապիկ» բազմակնութիւնը (քրտերէն լեզուով` Kirasê Mirinê – Hewitî) (5), ինչպէս նաեւ խաւարամիտ բիրտ բարքերը: Բեկնազարեան անուղղակիօրէն կ’ըսէ, թէ յեղափոխութիւնը վերջ պիտի տար այդ բոլորին :

A-7_831162011-ին ժապաւէնը ցուցադրուած էր Պոլսոյ «Ոսկէ Շուշան» 30-րդ փառատօնի ընթացքին, որպէս կիներու իրաւունքները պաշտպանող ռահվիրայ ժապաւէն:  Քիւրտ շարժապատկերի պատմաբաններ «Զարէ»-ն կը նկատեն առաջին քրտական ժապաւէնը: (6,7): Դիտել կու տան նաեւ, որ յաջորդ քրտական ժապաւէնը նկարահանուած է շուրջ կէս դար ետք միայն: Ի դէպ, քիւրտեր սուրիահայ Արամ Տիգրանը (Մելիքեան 1934 -2009) կը նկատեն բոլոր ժամանակներու լաւագոյն քրտական երաժիշտը: Քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անձամբ Տիգրանակերտի հայկական գերեզմանոցէն հող տարած է խառնելու համար Պրիւքսէլի մէջ գտնուող անոր շիրիմին:

A-8_83116Առաջին հայկական ժապաւէնը ոչ թէ «Զարէ»-ն էր, այլ «Նամուս»-ը: Պարզ է նաեւ, որ Շիրվանզադէի համանուն վէպի հիման վրայ պատրաստուած «Նամուս»-ը գեղագիտական իմաստով անհամեմատ աւելի կուռ եւ տպաւորիչ գործ է: «Զարէ» կը զիջի նաեւ նոյն շրջանին նկարահանուած «Խասփուշ»-ին եւ աւելի ուշ` հանրածանօթ «Պէպօ»-ին: (1935) «Բեկնազարեան կը խոստովանի, թէ նկարահանումները կատարուած են հապճեպ:

«… Մենք աշխատում էինք հսկայական լարուածութեամբ, եւ ես մտածում էի, որ այլեւս յանձն չեմ առնի այդքան կարճ ժամկէտում լիամետրաժ ժապաւէն նկարահանել» (3):

Հեռուէն դիտած, կը թուի թէ «Զարէ»-ի ընտրութիւնը կատարուած է քաղաքակա՛ն նկատառումներով: Ի դէպ, փառատօնի ծրագիրին մէջ ներառուած է նաեւ քրտական սրտառուչ ժապաւէն մը` «Փոշու Լաթ» (Թոզ Պէզի): Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:

A-9_83116Դիպաշարը .- Զարէ եւ պատանի հովիւ Սայտօ (Հրաչեայ Ներսիսեան !) (8) կը սիրեն զիրար: Գիւղի աղան Թեմուր պէկ (նկատել անունը), որ ունի միջին տարիքի անհրապոյր կին մը, կը ցանկայ Զարէն: Սայտօ կը զինուորագրուի, բայց կը յաջողի փախչիլ: Կը բանտարկուի շնորհիւ պէկի գաճաճ եւ տխեղծ ծառային մատնութեան: Զարէի հայրը կը մերժէ իր դուստրը կնութեան տալ աղային, որովհետեւ «աղքատը հարուստին փաթրիս չի» (9): Քրտական ջոկատը կը կոտորուի: Զարէի եղբայրը կը վերադառնայ ծանր վիրաւոր եւ կը մեռնի աչքերը բաց: Պէկը կը թալանէ տունը գիւղացիի մը, որ վատ բերքի պատճառով չէր կարողացած հարկը վճարել: Գիւղացին կը յարձակի պէկին վրայ, ապա կը պարտադրուի փախչիլ: Պէկին ծառաները կ՛առեւանգեն Զարէն: Առագաստի սենեակին մէջ Զարէ կը մերժէ յանձնուիլ Թեմուրի: Աղան դուրս կու գայ եւ կը յայտարարէ որ Զարէ կոյս չէր: Հարսնեւորները կը վերածուին ինքնադատաստան ամբոխի, կը խոշտանգեն եւ կ’անարգեն Զարէն: Սայտօ կը յաջողի ճիշդ ժամանակին փախչիլ բանտէն: Ընկերներու օգնութեամբ կը սպաննէ պէկը, զուլալ աղբիւրի ջուրով կը լուայ Զարէին ցեխոտուած դէմքը: Ակնյայտօրէն խորհրդանշական արարք եւ բարեզարդ աւարտ: Որմազդին մէջ ծանակուած Զարէ զինք զրպարտող տմարդի Թեմուր պէկէն կ՛ուղղուի դէպի զինք սիրող բարի եւ արի Սայտօ:

Նկատելի է, որ ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին գիւղացիները անհաւատալիօրէն խիզախ ելոյթներ եւ արարքներ կ’ունենան աւատապետական կարգերուն եւ ցարական իշխանութեան դէմ:  Այդ կարելի է համարել Բեկնազարեանի տուրքը` իր ժամանակին:

Գեղագիտական .-  Բեկնազարեան ուսանած եւ աշխատած էր Գերմանիոյ մէջ: Այդ ժամանակաշրջանի արեւելագէտներու մակերեսային, «հազար ու մէկ գիշերներու» երեւակայածին պատկերացումները խոր ընդվզում պատճառած էին իրեն: (10,11): «Զարէ»-ի մէջ կը տեսնենք իսկական գիւղ մը եւ վրանաբնակ եզիտի հօտաղներու թշուառ առօրեան: Հայաստանի մէջ գոյ է «բեկնազարեանական ռեալիզմ» գեղագիտական եզրը (12):

«Զարէ»-ի տեսախցիկը անշարժ է: Այդ կը բացատրուի օրուան ճարտարագիտութեան շատ խոնարհ միջոցներով: Խաղարկութիւնը եւ դիմայարդարումը թատերական են: Այս կէտը բնորոշ է այդ շրջանին նկարահանուած  բոլոր ժապաւէններուն: Այս յատկապէս ակնբախ է, երբ տեսախցիկը կը մօտենայ դերասանին (close-up):

Պատկերաւոր լեզուն շատ սահմանափակ է: Այլ խօսքով, «Զարէ» գեղարուեստական իմաստով կարեւոր ժապաւէն մը չէ: Բացման տեսարանին մէջ լեռներու վերեւ կը տեսնենք մութ ու լոյս ամպեր: Ակնյայտ ակնարկ` քաղաքական իրավիճակին: Կարելի է յիշել նաեւ այն տեսարանը, ուր Սայտօ (գուցէ առաջին անգամ) քնքոյշ կը համբուրէ  Զարէի այտը: Տեսախցիկը ցոյց կու տայ Զարէին կուժը, որ աղբիւրի աւազանին մէջ «կը պարէ»…

Ժապաւէնին հիմնական կարեւորութիւնը հաւանաբար կը կայանայ ազգագրական մանրամասնութիւններուն մէջ: Ասիկա յատկապէս ակնբախ է Զարէի եղբօր թաղման ծէսին ընթացքին: Յուղարկաւորները բարձրացուցած են Եզիտի հաւատքը խորհրդանշող դրօշ մը: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կրօնաւորը (շէյխ կամ «պապա») կը կրկնէ ռիթմիք ծիսական օրհներգ մը: Դիակին հետ կը թաղուին անոր տօնական հագուստը, գօտին եւ դաշոյնը: Տղամարդիկ կը քակեն իրենց գլխու փաթթոցները: Այրին իր մազի հիւսքերը  դաշոյնով կը կտրէ եւ կը դնէ քարակոյտին վրայ: Տեսախցիկը քիչ մը հեռուէն գեղեցիկ կառուցուած  պատկերով ցոյց կու տայ միայնակ ծառի մը շուքին տակ սգաւոր փոքրիկ խումբը, մինչ խունկի սիւնը կը բարձրանայ դէպի երկինք: Ժապաւէնի ամէնէն տպաւորիչ տեսարանը:

Ազգագրական պէտք է համարել նաեւ Զարէի ծանակման ահաւոր «ծէս»-ը: Կան նաեւ արագ ակնարկներ ուղղուած գիւղացիներու սնոտիապաշտութեան:

Ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը հաւանաբար առաջին անգամ կը լսէ այս ժապաւէնին մասին: Մինչդեռ հազիւ թէ գտնուի ընթերցող մը, որ գոնէ մէկ անգամ դիտած չէ Նամուսը եւ Պէպոն: Զարէ «Հայֆիլմ»-ի  արտադրութեան լաւագոյն նմուշներէն մէկը չէ: Անոր ընտրութիւնը կարելի է, սակայն, հասկնալ քաղաքական նկատառումով:

A-10_83116Քրտական Միջնարար Բ.  Ժամանակակից քրտուհիներ
Փառատօնի դատակազմը իր խաղարկային «կարճ ցանկ»-ին համար ընտրած էր ժապաւէն մը, որուն բներգը  «Զարէ»-ի հետ ունի առնուազն երկու հասարակ յայտարար.- քրտական եւ կնոջական: Ժապաւէնը հասարակ յայտարար ունէր նաեւ կազմակերպիչներուն հետ: Արտադրիչը` Չիյտեմ Մաթէր, Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակի (13) թուրք համատնօրէնն է: Երկրորդ  տնօրէնն է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը:

Փոշու Շոր  ( Toz Bezi) Ahu Öztürk , 2016  98 վ.  (Youtube v=Rrs4BDfLoX4)

A-11_83116Բեմագիր եւ բեմադրիչ Ահու Էօզթիւրք  (1976 – ) քրտուհի մըն է (14), որ իր համալսարանական ուսումը նախ ստացած է փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ: Երկար փնտռտուքէ, խառնաշփոթ մտքերէ եւ փորձերէ ետք որոշած է ըլլալ բեմադրիչ: Փոշու Լաթը իր առաջին լիամեթրաժ ժապաւէնն է: Իր նախորդ սակաւաթիւ ժապաւէններէն մէկն է «Բաց վէրքը» (Աչըք եարա, 2010), որ մաս կը կազմէր հինգ բեմադրիչներու կողմէ նկարահանուած «Կարսեան պատմութիւններ» (Կարս Էօյիւլերի) «կինոալմանախ»-ին (15):

A-12_83116Էմրէ Աքայի «Փոքրիկ իրականութիւն մը» այլաբանական ժապաւէնը կը խօսի ընտանեկան ցաւոտ գաղտնիքի մը մասին:

Տարեց նախկին կռփամարտիկ մը (իմա պատերազմիկ) դարձած է հողատէր: Կը փորձէ ճարտարագիտական գետնի վրայ արդիականանալ: Երկրորդ տիպարը նոր, զարգացած թուրքն է: Տարեց թուրքը մեծ ճիգ ի գործ կը դնէ նաեւ անձնապէս «երիտասարդանալու»:
A-13_83116 Կը թուի, թէ այդ ակնարկ է Օսմանեան Մէշրութիյէթին: Բայց ան չունի երբեմնի մկանները: Կը մեռնի սրտի կաթուածով: Թատրը նոյնպէս Կարսի շրջանն է: Խորապատկերին վրայ կը տեսնենք միայնակ փոքրիկ Աբուղամրենցը:  Լայնանիստ եկեղեցիներու փլատակներ կան ցրուած ամէն կողմ: Կողքի նկարին մէջ, հին եւ նոր թուրքեր, որոնք իրենց բազուկի ուժը կը փորձեն ( իշխանութեան կռիւ) հայկական աւերակներու վրայ… տառացիօրէն: Աւերակներու տէրերուն մասին ո՛չ մէկ խօսք: Հարկ կա՞յ արդեօք: Ժապաւէնը հասանելի է եութիւպի վրայ:  (v = G__-iSiLsM0):  Ի դէպ վերջին շրջանին Կարսեան բներգով ժապաւէններ նկարած են բազմաթիւ անուանի բեմադրիչներ, ինչպէս`  Զէքի Տէմիրքուպուզ «Քատէր» («Ճակատագիր», 2006, 103 վ.), Նուրի Պէլկէ Ճէյլան.- «Եղանակներ» («Իքլիմլեր», 2006, 101 վ.),  Ռեհա Էրտէմ «Քոսմոս» («Տիեզերք», 2010, 122 վ.) եւ այլն (16):

Անհատական.- Ահու Էօզթիւրք կրած է եռակի ճնշում: Նախ որովհետեւ քիւրտ է, ապա որովհետեւ կին է, եւ վերջապէս որովհետեւ իր հայրը եղած է հասարակ պաշտօնեայ մը, իսկ մօրաքոյրը` տուներ մաքրող սպասուհի: Կը պատմէ, թէ մօրաքրոջ հետ գտնուած է շքեղ տան մը մէջ: Տան փոքրիկներու սենեակին մէջ կային բազմաթիւ խաղալիքներ: Բայց Ահու գիտէր, որ իրեն արտօնուած չէր խաղալ, նոյնիսկ երբ ոչ ոք կը տեսնէր զինք: Էօզթիւրք մեծ ամօթ զգացած է եւ ամէն կերպով ջանացած է պահել իր ինքնութիւնը: Այժմ մեծ ամօթ կը զգայ, որովհետեւ ամօթ զգացած է: Ժապաւէնը ձեւով մը «հոգու պարտք» է: Էօզթիւրք բնագիրին վրայ աշխատած է երեք տարի: Ժապաւէնը վաստակած է Այս տարուայ «Ոսկէ Շուշան» եւ կարգ մը այլ մրցանակներ: Ոմանք կը կարծեն, թէ այդ մրցանակները շնորհուած են ոչ թէ ժապաւէնին գեղարուեստական արժէքին, այլ անոր ընկերային ենթագիրին համար:

A-15_83116fԴիպաշարը .- Նեսրին (17) Կարսէն Պոլիս գացած  քրտուհի մըն է: Ունի աղջնակ մը: Ծոյլ եւ բիրտ ամուսինը կը լքէ զինք եւ կ’անհետանայ, երբ Նեսրին կը պնդէ, որ աշխատանք գտնէ: Նեսրին կը պարտադրուի տուներ մաքրելու: Օտար, մարդակեր  ոստանին մէջ մինակ մնացած Նեսրին կ’ընկերանայ աւելի տարեց եւ փորձառու Խաթունի,  որուն ե՛ւ ամուսինը, ե՛ւ որդին ապիկար են: Բայց Խաթուն իր աշխատանքով կը պահէ զանոնք: Իմա` կը պահէ ընտանիքը:  Նոյնիսկ կ’երազէ փոքրիկ  յարկաբաժին մը գնել: (Տես սրտառուչ որմազդը): Ամուսինին կողմէ լքուած կինը ընդունելի չէ ընկերութեան կողմէ:  Նեսրին յուսահատ է: Նոյնիսկ երեք անգամ գիշերանց մոմ կը վառէ որոշ եկեղեցիի մը մէջ, որովհետեւ լսած է, որ այդ սուրբը փափաքներ կ՛իրականացնէ: Կը յուսայ, որ Աստուած պիտի ներէ զինք: Նեսրին չի հասկնար, թէ, ինչո՞ւ ամուսինը լքեց զինք: Ճէֆոն կը փնտռէ ամէն տեղ: Ի վերջոյ կը կործանի:

Ժապաւէնը ցոյց կու տայ «սպիտակ թուրք»  (18) կիներու տուները, որոնք կահաւորուած են ըստ «քաթալոկ»-ներու վերջին ճիչին, անոնց վերամբարձ վերաբերմունքն ու կեղծաւորութիւնը: Յաղաքս անուշադիր հանդիսատեսի, երկու կիներու գանգատները եւ բամբասանքը յաւելեալ լուսաբանութիւններ կը բերեն: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ նաեւ մինակ, խեղճ ծնողի եւ անմեղ աղջնակի դժուար յարաբերութիւնը: Յիշատակելի է տեսարան մը, ուր անծանօթ մայթերուն վրայ աղջնակը մօր ձեռքը բռնած մեքենականօրէն կ’արտասանէ մօր խօսքը.- «Պիզ քա՛յպոլտուք, պիզ քա՛յպոլտուք,…» (Մենք կորսուեցանք), առանց ըմբռնելու անոնց դառն իմաստը: Ակնյայտօրէն` խորհրդանշական տեսարան: Սրտառուչ է մանաւանդ աւարտական տեսարանը:

Ժապաւէնը դանդաղ է, դժխեմ, նկարուած անփայլ, գորշ գոյներով: Չերքեզ Նեսրինի դերը սրտառուչ վարպետութեամբ կը խաղայ թրքուհի Ասիյէ Տինչսոյ, որ աւարտած է Պոլսոյ Ետիթեփէ պետական համալսարանի թատերական բաժինը: Այո՛, գիտեմ, ի հեճուկս գրոց-բրոցային անգիր  տասնաբանեայի «թապու»-ներուն, նոյն պարբերութեան մէջ «սրտառուչ» մակդիրը գործածած եմ առնուազն չորս անգամ: Սակայն դժուար էր այդ փոխարինել այլ տարբերակով:

Նկարուած է այնպիսի բուռն հաւատքով, որ անկարելի է խօսիլ անոր բացթողումներուն մասին առանց յանցաւոր զգալու: Միջազգային դատական կազմերը թերեւս  ինկած են նոյն խաղին մէջ: Գուցէ  Էօզթուրք խորամանկօրէն կը չարաշահէ մեր զգացումները: Այսուհանդերձ …(Տես Եութիուպ v=Rrs4BDfLoX4):

Յաջորդիւ` Ոսկէ Ծիրանի «Հայկական Համայնապատկեր»-ին մասին:

Ցտեսութիւն

—————-

Էջատակեր

  1. Եկեղեցին հնագոյնն է Երեւանի մէջ (1635): Եղած է գրչութեան կեդրոն: Այդտեղ են Քրիստոսի աշակերտ Անանիայի մասունքները եւ հրաշագործ «Զօրաւոր» Աւետարանը: Շարժապատկերի փառատօնը կրօնական ծէսով սկսելու արարքը յոյժ մեկնաբանելի է:
  2. Տե՛ս www.gaiff.am եւ օրինակ http://armlur.am/542403/
  3. Քալանթար Կարէն, «Համօ Բեկնազարեան», Երեւան, 1986
  4. Դաւիթ Բաբայեան , «Կարմիր Քրդստան. կազմաւորման եւ լուծարման աշխարհաքաղաքական ասպեկտները» , «Նորավանք», դեկտ. 2005:
  5. Ժամանակակից տարբերակն է  Müjde Arslan,  Kirasê Mirinê Hewitî  2010, 36վ։
  6. Ալաքոմ Ռոհաթ, «Քրտական Սինեման – հայրենազրկում, սահման եւ մահ», AGORA 2009:
  7. Վ. Զիֆլիօղլու, «Հայ եւ քիւրտ շարժապատկերը դրոշմած առաջին ժապաւէնը` Զարէ», «Հիւրիյէթ» 2/17/2011:
  8. Հ. Ներսիսեան 32 տարեկան էր, բայց իր կնճռոտ դիմագիծի պատճառով աւելի տարեց կը թուէր:
  9. Փաթրիս = պատուաստ: Կարելի չէ պատուաստել, որովհետեւ հարուստն ու աղքատը իրարամերժ են:
  10. Ամօ Իվանովիչ Բեկ-Նազարով, ռուսերէն, «Զափիսքի Աքթեօրա ի Քինարիսըրրա»,
    (Յուշեր շարժապատկերի դերասանի եւ բեմադրիչի) 1965, 270 էջ
  11. Edward  Said, Orientalism , 1977 , շուրջ  370 էջ:
  12. Սիրանոյշ Գալստեան, «Իսկ եղե՞լ է արդեօք հայ կինօ», Կինոաշխարհ, 23 Նոյ. 2014:
  13. Տես «Հայ-թուրք շարժապատկերի հարթակը» «Ազդակ» 16 եւ 23 հոկտ. 2014:
  14. «Էօզ» կը նշանակէ հարազատ, զուտ: Էօզթիւրք կը նշանակէ զտարիւն թուրք: Տարօրինակ անուն  քրտական իրաւունքներու պաշտպան անձի մը համար: «Ահու» (պարսկերէն)  կը նշանակէ «մարալ»:
  15. Ալմանախ տառացիօրէն կը նշանակէ տարեգիրք: Պէտք է հասկնալ «հատընտիր»:
  16. Կ. Տեփելի, Թրքական Սինեմայի մէջ Արեւելեան Անատոլուն, մաքիստրոսական աւարտաճառ:
  17. Սպիտակ շատ հոտաւէտ վարդ մը: Հաւանաբար` պարսկերէն:
  18. Տես «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Էրտողան» «Ազդակ» բացառիկ ապրիլ 2015:
Նախորդը

«Արաքսից Թալիշ. Նոր Առաջնագիծ»

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Գիտաժողովին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?