Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոքրիկ Ածուի Ծիրանը. Բ. Հայկական Համայնապատկեր

Սեպտեմբեր 1, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

B1_90116

Կորիզային.-  Տեղի սղութեան պատճառով պիտի անդրադառնամ միայն չորս ժապաւէններու: Հարկ է նշել, որ այս տարի տեղի չունեցաւ «Կորիզ» երիտասարդական կարճամեթրաժ ժապաւէներու մրցանք: Ասիկա մտահոգիչ է, որովհետեւ «Ոսկէ Ծիրան»-ը ոսկէ առիթ է սկսնակ բեմադրիչներու համար: Առիթ է մանաւանդ օտար հաստատութիւններու հետ համատեղ ժապաւէններ արտադրելով ստանալու հայ երիտասարդներուն համար այնքան կենսական նիւթական օժանդակութիւն: Կազմակերպիչներ յայտնեցին, որ «Կորիզ»-ը պիտի վերածուի անջատ փառատօնի: Ապագայ ծրագիրի մանրամասնութիւնները յստակ չեն: Պէտք է հաւատալ եւ յուսալ…

B2_90116

Խոշոր Ծիրանը.- Հայկական համայնապատկերի լիամեթրաժ խաղարկային ժապաւէններու «Ոսկէ Ծիրան»-ը ստացաւ Աննա Արեւշատեանի (ծն. 1985) առաջին երկարամեթրաժ (105վ.) ժապաւէնը` «Բարի լոյս»: Արեւշատեան մինչեւ 2010 աշխատած է որպէս լրագրող: Ապա հետեւած է բնագրութեան (սենարիօ) ճիւղին Մոսկուայի Ա. Սուրիկովա եւ Վ. Ֆոկինի արուեստանոցին մէջ: Ունի չորս կարճ ժապաւէններ: արտադրիչն է մայրը` «Վան» ձայնասփիւռի հիմնադիր եւ ղեկավար Շուշան Արեւշատեան: Նկարահանումները կատարուած են երկու տարի առաջ, ընդամէնը 26 օրուան ընթացքին: Դերերը վերցուցած են սիրողական դերասաններ, որոնք բեմադրիչին հետաքրքրական թուացած են իրենց կերպարով: Տեղեակ կը դառնանք, որ Արայիկ կ’ուզէ քիմիագէտ ըլլալ, որպէսզի «լիքը նիւթեր սարքի», թէ հաւնած է իր դերը, թէ «Բարի տղայ է, պաշտպանում է աղջիկներին, լսում ու օգնում իր տատիկին»: Կրկին ու կրկին, բեմադրուած լուսանկարներու շարքի փաստարկումով, կը տեղեկանանք նաեւ, որ նկարահանումի ամբողջ ընթացքին Արևշատեան եղած է յոյժ յղի:

Դիպաշարը.-  Ներքեւի տողերը գրեթէ տառացի մէջբերումներ են ծանուցումներէ եւ բեմադրիչին հետ տեսակցութիւններէն առնուած: Յաղագս անուշադիր ընթերցողի, կարգ մը բայեր շեշտուած են:

Ժապաւէնը կը սկսի Սումկայիթեան ջարդերու յիշատակութեամբ: Իննսունական սառ ու մութ տարիներն են: Փոքրիկն Արշակի հայրը հերոսամարտիկ է պատերազմի դաշտին վրայ: Երեւանի մէջ Արշակ կ’ապրի իր տատիկին, եղբօրը եւ մօրը հետ: Մինչ ցրտահար դրացիներ կը կտրեն հայաթի վերջին ծառը, տատիկը կը կարդայ Թումանեանի հեքիաթներ: Հացի հերթի կանգնած մարդիկ սովահար կ’ուշաթափին: Ահա եւ փոքրիկ սիրահար Արշակը, որ մոռցած է առնել հացի կտրօնը: Տարիներ ետք Արշակ պիտի հանդիպի իր սիրած աղջկան, որ ի հարկէ պահած է իր սիրային նամակը:Յուսահատ հայրը ի վերջոյ կ’այրէ տան կահ-կարասին (խորհրդանշական) եւ կը փախչի դէպի Միացեալ նահանգներ:

B3_90116Ներկայի ցաւ ու մութ տարիներն են: Լրագրող պարկեշտ Արշակ կը ցանկայ իր մասնագիտական հմտութիւնը ծառայեցնել ժողովուրդին, բայց պատկերասփիւռի կայանին վարչութիւնը անոր կու տայ երկու ընտրանք.- ծառայել իշխանութեան կամ հեռանալ: Արշակ ի հարկէ չի դաւաճաներ իր սկզբունքներուն: Աշխատանքը կորսնցնելէ  ետք իր ընտանիքին հանդէպ կը համակուի անկարողութեան եւ մեղքի զգացումներով: «Ի՞նչ անել, արտագաղթե՞լ այն հայրենիքից, որի սահմանները հայրդ է պաշտպանել»: Արշակ պատասխաններ կը  փնտռէ մանկութեան յուշերու մէջ: Ապա իր ընտանիքի հետ կ’ուղղուի դէպի սահմանային Չինարի գիւղ, ուր կ’ապրի իր ծնողքը: Կը տեսնենք Արշակի 5-ամեայ որդին, որ լեկոյով տուն կը շինէ եւ պապիկին հետ Արտամետի խնձոր կը տնկէ Ազրպէճանական սահմանին վրայ: Կը սորվի չվախենալ թէ՛ թշնամիէն, եւ թէ ալ ապագայէն: Յաղագս անուշադիր հադիսատեսի, բեմադրիչը կը բացատրէ.- «Պէտք է վատի վրայ սովորել, լաւը վերցնել ու առաջ գնալ»:

Կարելի՞ է միթէ երեւակայել աւելի դաստիարակիչ բարոյախօսական-հայրենասիրական ժապաւէն: Հազիւ թէ: Հարկ է ցաւօք նշել, սակայն, որ երեք քառորդ դար առաջ Նացի քարոզչական մեքենան աւելի վառ երեւակայութիւն ունէր, քան մեր այսօրուան մրցանակակիրը: Ժապաւէնը, այո՛, արժանի է մրցանիշի մը… «Կինըս»-ի գիրքին մէջ ըլլալու, որովհետեւ հազիւ թէ կարելի ըլլայ մէկտեղել աւելի մեծ թիւով կարծրատիպ, կաղապարներ եւ շապլոն լոզունք:

B4_90116

Սրահի մուտքին տեղադրուած էին հացի մատիկներ, այն չափով որ կարելի էր ստանալ պարէնային տոմսով: Ի սէր Հրատէն ժամանած հանդիսատեսին, ափսէի վրայ ամրացուած տախտակը կ’ըսէր .- «Յիշի՛ր, եթէ մոռացել ես, իմացի՛ր, եթէ չգիտէիր»:

Գթութիւ՜ն… ի սէր Պուտտայի… գթութիւ՜ն:

Կառոյցը հիմնուած է Ֆլէշ պէքերու վրայ: Պատկերաւոր լեզուն սահմանափակ է: Խոշոր ձիւնի փաթիլները ծանր կերպով կ’իջնեն սովահարներու շարասիւնին վրայ, տեսախցիկը խելակորոյս շրջան կ’ընէ շփոթահար Աշոտի հետ եւ այլն: Գեղարուեստական տեսանկիւնէ դիտած` կարելի չէ մրցանակի տուչութիւնը արդարացնել: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին (2):

B5_90116Վաւերագրական.- Մրցանակը ստացաւ ժապաւէն մը, որուն բներգն էր Հայ-թուրք երկխօսութիւնը,  Ֆրանսահայ Առնօ Խայաճանեանի  (ծն.1987) «Քարքարոտ ճամբաներ»-ը, 2015, 60 վ: Անգլերէն վերնագիրը , «Stony Paths» կը թարգմանուի «Քարքարոտ Արահետներ», որ աւելի գեղեցիկ կը հնչէ: Կողքի որմազդին մէջ տեսնուող  Ֆրանսերէն վերնագիրը շատ աւելի յարիր է: «Aride» կը նշանակէ չոր, անջրդի: Ասիկա ցաւոտ փոխաբերական իմաստ ունի, ինչպէս պիտի տեսնենք (3):

Խայաջանեանի նախորդ ժապաւէններն են.-  «Կորած հորիզոններ» («les horizons perdus», 2012, 15 վ.): Երիտասարդ մը (գուցէ նոյնինքն Առնօ՞) կ’ուզէ հետեւիլ իր հօր օրինակին: «Վատ աղջիկը» («Bad Girl» 2014, 10 վ., գերիրապաշտ ընտանեկան թատերախաղ): ժապաւէններն ալ ցուցադրուած են փառատօններու ընթացքին եւ վաստակած մրցանակներ: Նկատել ընտանիքի, իմա նախնիներու բներգը երկու ժապաւէններուն մէջ: Բեմադրիչը բազմաթիւ առիթներով խօսած է իր «Արահետներ»-ուն մասին (4): Խայաճանեան աւարտած է Սորպոնի շարժապատկերի բաժանմունքը: Արտադրիչն է «Adalios» ընկերութիւնը, որ ցարդ ունի քսանէ աւելի վաւերագրական ժապաւէններ: Անոր ծանուցումը կ’ըսէ, թէ կը հաւատան ստեղծելու «վճռականօրէն մարդասէր արհեստավարժ միջավայր մը»:

B6_90116Խորապատկեր .- Բեմադրիչի մեծ հայրը ծնած է Երզնկա, իսկ մեծ մայրը` Մալաթիա: Երկուքն ալ մահէ փրկուած են շնորհիւ բարեացակամ թուրքերու եւ քիւրտերու: Առնօ իր ծագումին մասին կ’իմանայ միայն 20 տարեկան հասակին: Հօրաքոյրը գիտէր ամբողջ պատմութիւնը, բայց հոգեկան խոցի պատճառով չէր կրնար խօսիլ այդ մասին: Իր նախնիներու ազգանունները կորսուած են, որովհետեւ անոնք Հալէպ հասած են կեղծ անձագիրներով: 2012 թուականին կ’երթայ Երզնկա «ճանչնալու համար իր պապենական քաղաքի բնակիչները»: Երկու տարի տեւող պատրաստութենէ ետք կը վերադառնայ նկարահանելու համար: Իշխանութիւններէն արտօնագիր կը ստանայ զանոնք համոզելէ ետք, որ այդ «Թուրքիան քննադատող ծրագիր մը չէ, այլ եկած է իր ընտանիքը փրկող անձերուն մասին խօսելու եւ մարդոց դրական պատմութիւններ ցոյց տալու»:

B7_90116Ինչպէս Առնոյի մեծ հօր վահանի ընտանիքը, այնպէս նաեւ չորս հոգինոց խումբը Երզնկայէն Կամախ (40 քմ) կ’երթայ քալելով (5): Այն տարբերութեամբ, որ իւրաքանչիւր օր մօտ նոր 5 քմ. քալելէ ետք ինքնաշարժով կը վերադառնան պանդոկ: Ոստիկանութիւնը ապահովական այդ «խորհուրդը» տուած էր:

Պատկերաւոր.- Ինչպէս որմազդը ցոյց կու տայ, Խայաջանեան իր հետ կը կրէր «Բարի սամարացին» առակը ներկայացնող պաստառի մը խոշոր պատճէնը: Այս նիւթը ձեռք առած են բազմատասնեակ նկարիչներ, որոնց շարքին տիտաններ, ինչպէս Ռամպրանթ եւ Վան Կոխ: Բայց Խայաճանեան ընտրած է (գոնէ ինծի համար) անծանօթ նկարիչ մը` Էմէ Մօրօ (Aime Morot 1850-1913): Մօրօ մաս կազմած է ֆրանսական բանակի հրամանատարական կազմին, հետեւաբար բեռնակիր գրաստներ եւ վիրաւորներ նկարելու հմտութիւն ձեռք բերած է: Նկարած է «ակադեմական ոճով», զերդ լուսանկարչական տեսախցիկ: Բայց, ըստ իս,  ընտրութեան պատճառը կը կայանայ ո՛չ թէ «իրապաշտ» ոճին մէջ, այլ անոր համար, որ սամարացին կը տեսնենք յոգնած, դադրած, չքաւոր, բայց չարքաշ ու վճռակամ: Մեկնաբանութիւնը պարզ է.- հակառակ նիւթաբարոյական ծանր կացութեան, թուրքեր օգնած են մահամերձ հայուն` ի գին անձնազոհութեան: Ի հարկէ արձանագրուած են նման դէպքեր: Եթէ բոլոր թուրքերը ոճրագործներ ըլլային, ապա փրկուողներու թիւը պիտի ըլլար շատ աւելի նուազ:

B8_90116B9_90116Յոյսեր ի դերեւ.- Խայաճանեան Բարի սամարացիի պատկերը կը գործածէ իր թուրք խօսակիցներուն հետ դրական կապ հաստատելու նպատակով: Կը խուսափի ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ: Դէպքերը կ’որակէ որպէս «ջարդ» եւ «աքսոր»: Թրքական պետութիւնը երբեք չէ ժխտած այդ: Մ. Քեմալ դատած եւ նոյնիսկ մահապատժի ենթարկած է կարգ մը վատահամբաւ ջարդարարներ: Ինչեւէ: Խայաճանեան միամտութիւն կը կեղծէ, կը ձեւացնէ, թէ ոչինչ գիտէ, որպէսզի անյարմար կացութեան չմատնէ իր խօսակիցները:  Խայաճանեան հիանալի համբերութեամբ կը սպասէ պատասխաններուն… : Բայց պատասխաններ չի ստանար: Հալէպի կուսակալ Մեհմեթ Ճելալ պէյ 1915-ին պաշտօնէ հեռացուած է, որովհետեւ մերժած է գործադրել հրահանգները:  Փորձած է այլապէս օգտակար ըլլալ հայերուն: Թոռը հպարտ է իր մարդասէր պապով, բայց կը մերժէ ընդունիլ պատասխանատուութիւն: Ոճիրը այնքան ահաւոր է, որ օրէնսդրական թապուէն թերեւս աւելի ուժեղ է հոգեբանական թապուն: Թրքերէն լեզուն հասկցող ընթերցողին համար ուսանելի է դիտել ժապաւէնին «թրէյլըր»-ը (6):

B10_90116Գեղարուեստական.- Արհաւիրքը անասելի է: Ժապաւէնին մէջ էականը այն չէ որ արտասանուած է, այլ այն, որ չէ, արտասանուած: Լերկ համայնապատկերին վրայ հայկական գրեթէ ոչինչ մնացած է: Խայաճանեան ո՛չ մէկ հաստատ տեղեկութիւն կը ստանայ իր նախնիներուն մասին: Կը մնայ կանգնիլ այն վիհին եզրին, ուրկէ իր նախնիները գլորած են դէպի Եփրատ, եւ խորհրդածել: Խայաճանեան պատում մը կը  յօրինէ վաւերական տուեալները «ամբողջացնելով» երեւակայութեամբ: Ի դէպ, ա՛յդ է յետարդիական մօտեցումը պատմութեան: Շատ տպաւորիչ է երաժշտութիւնը (sound track) (7):

Խայաճանեան կ’ըսէ.-  «Փորձած եմ կենդրոնանալ լաւ կողմերուն վրայ, որպէսզի երկխօսութիւն ըլլայ թուրքերու հետ»: Բեմադրիչը պիտի շարունակէ պեղել իր «հայու զգացումները, որոնք միշտ խառնուած են»: Կը ծրագրէ յաջորդ ժապաւէնը նկարել ղարաբաղեան պատերազմին մասին:

B11_90116

Կարճամետրաժ խաղարկային.- Առաջին մրցանակը ստացաւ Վիգէն Արմէնեանի  «Ընձառիւծի լռութիւնը» 2014, 42 վ., որ ցուցադուած է Լիբանանեան ժապաւէնիի փառատօնին (30 մայիս- 2 յունիս 2016): «Ազդակ» անդրադարձած էր յատուկ տեղեկատուութեամբ: Փորձառական այս ժապաւէնը բեմադրիչին առաջին գործն է: Ցոյց կու տայ 4 երիտասարդներուն կեցուածքը հանդէպ իրենց ընկերոջ առեղծուածային մահուան: Ընկերը կը կոչուի Մարիօ-Մարտիրոս:  Պէյրութի մէջ ցուցադրութեան նախորդող իր խօսքին մէջ  բեմադրիչը ըսած է, թէ` «… հանդիսատեսը պէտք չունի անպայմանօրէն հասկնալու ժապաւէնը, այլ կարեւորը այն է, որ ինքիրեն  թոյլ տայ, որ տեսարանները զինք տանին դէպի ժապաւէնին խորքը» (8): Մարտիրոսի նախասիրութիւնն դիակներ նկարել: Կը մնայ անթաղ: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ այդ ակնարկ է ցեղասպանութեան: Իրօք, «ֆիլմում կան տեսարաններ, որոնք բացատրուած չեն» (9):

B12_90116

Յատկապէս .- Դատական կազմի «Յատուկ մրցանակը» ստացաւ Դաւիթ Սաֆարանի  «28:94. Տեղական ժամանակ»-ը, 2015, 2 ժամ 11վ: Բեմադրիչը միաժամանակ բեմագիր եւ արտադրիչն է: Ժապաւէնը առաջին մրցանակ ստացած «Բարի Լոյս»-ին հետ ունի աւելի քան մէկ հասարակ յայտարար: Ինչպէս «Բարի լոյս»-ի պարագային, այնպէս ալ այստեղ մութ ու ցուրտ տարիներն են (դեկտ. 1992): Այստեղ ցոյց կը տրուի, որ անմարդկային պայմաններու տակ կարելի է պահպանել դիմագիծը եւ նոյնիսկ ստեղծագործել: Բեմադրիչը ուզած է «հեքիաթ նկարել` իմաստութեան ու յիմարութեան մասին, որոնք համերաշխօրէն գոյակցում են միեւնոյն մարդկային ուղեղում»:

B13_90116

Անհեթեթ վերնագիրը` «28:94 տեղական ժամանակ», կը թելադրէ, որ դէպքերը ժամանակէ դուրս են, անհաւատալիօրէն դաժան:

Սաֆարեան կը վերադառնայ աւելի քան քսան տարուան լռութենէ ետք: Կ’ըսէ, թէ կ’ուզէ կամուրջ մը դառնալ դէպի 70-80-ական թուականներու «Սովետական բանաստեղծական սինեման», որուն ծանօթ ներկայացուցիչներէն մէկն էր Թարքովսկի:

Դերակատարները մեծաւ մասամբ շատ ծանօթ դէմքեր են, ինչպէս` Կարէն  Ջանիբեկեան եւ Աշոտ Ադամեան: Վերջինը կը մարմնաւորէ բեմադրիչին «միւս եսը» (alter ego):

Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք Արարատը,  որ «պարտադիր է» եւ կը լսենք.- «Աշխարհն հայոց շուռ է եկել»: Բեմադրիչը  միատեղած է իրականն ու երեւակայականը, ստեղծած թատերական համադրութիւն մը: Աւելի շուտ տիկնիկային թատրոն: Ձիւնածածկ ամայութեան մէջ պարէնի շարքի կանգնած են մարդաչափ տժգոյն տիկնիկներ: Կողքի նկարին մէջ տեսնուող տիկնիկը մեծ նմանութիւն ունի Աշոտ Ադամեանի: Հարկ կա՞յ մեկնաբանութեան (10):

Ժապաւէնը յագեցած է բացայայտօրէն արտասանուած  հայրենասիրական ատենախօսութիւններով, որոնց հանդէպ հայաստանեան հանդիսատեսը մեծ խանդավառութիւն չէ ցուցաբերած: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը լաւ ընդունելութիւն գտած է արտասահմանի մէջ:

B14_90116Ժամանակակից գոհար առակ մը.-  Ամէնէն հետաքրքրական մրցանակակիր ժապաւէնը «Սոցանց Ծիրանի համայաղթական (11) Լուսինէ Պապոյեանի  «Ռատիոլա»-ն էր, 18վ:  Ակնյայտօրէն խորհրդանշական Ֆիլմը: Չքաւոր հայր մը կ’ուզէ ծախել խորհրդային օրէն մնացած հսկայական ռատիօ ընդունիչ (radiola) մը:

B15_90116Դիպաշարը.-  Յաջորդ տողերուն մէջ գրեթէ իւրաքանչիւր բառ կարելի է որակել «խորհրդանշական»: Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ հայրը եւ իր արբունքի տարիքով որդին, որոնք կիսամութ նկուղին մէջ կը պրպտեն լքուած իրեր: Սլայտներ, գրամեքենայ, ժամացոյց մը, որ դեռ կը բանի… պատանին կը փորձէ ճշդել անոնց անցեալի դերը, հայրը` անոնց շուկայական ներկայ արժէքը: Որդին անդադար հարցեր կ՛ուղղէ հօր: Հայրը կը պատասխանէ այնպէս, ինչպէս կրնայ: Հայրը ի վերջոյ կ’ընտրէ ամէնէն յուսատու իրը, 60-ական թուականներու հսկայական ռատիոլա մը:

Հայր ու որդի այդ ծանր «ժառանգը» շալկած կը սկսին ուղեւորութեան մը: Առաջին կանգառը բնականաբար կ’ըլլայ Վերնիսաժը, ուր բարեհամբոյր հնավաճառը դժկամութեամբ կ’առաջարկէ 1500 դրամ (մօտ 4 տոլար): Ապա խորհուրդ կու տայ «չաշխատող» հսկան վաճառել որպէս մասնատուած «զափչասթ» (accessoire – պահեստամաս): Այս հաւանաբար ակնարկ է անդամալուծուած ճարտարարուեստի մնացորդները աղբի գնով սեփականաշնորհելու:

Հայր ու որդի նոյն բաժնին մէջ կը հանդիպին երկու տղամարդու: Ալեւոր տղամարդը կը հաւատայ, որ ռատիոլան կարելի է նորոգել: Իսկ հօր սերունդի տղամարդը կը մերժէ գնել (ստանձնել) ռատիոլան: «Տանեմ ի՞նչ անեմ», կը չքմեղանայ: Այս կարելի է հասկնալ որպէս պետական հին մեքենայի բարենորոգում:

Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կը տեսնենք ինքնաշարժերու անիմաստ խուճապը: Մինչ գնացքը դանդաղ է…

Կ’անցնին հօր պապենական տան մօտէն: Երբեմնի բանուկ գործարանը փակ է: Հարցերու նոր տարափ: Որդին կ’ուզէ ճանչնալ իր բարի ու աշխատասէր նախնիները:

Ելեկտրական մասնագէտը հնագէտի բարեհամբոյր մօտեցումը չունի: Ռատիոլայի գինը կը գնահատէ զերօ: «Կարող ես հանգիստ տանել, շպրտել»: Հնագէտը կարելի է տեսնել որպէս պատմաբան: Իսկ ելեկտրագէտը` որպէս տնտեսագէտ: Կարելի է նկատել, որ հնագէտը նստած էր արեւուն տակ, մինչդեռ ելեկտրագէտը կ’աշխատէր մութ սենեակի մէջ: Դժուար չէ կռահել թէ մութ սենեակի մէջ ինչպիսի՛ գործարքներ կը կնքուին:

Բարձր կամուրջի վրայ կանգնած ոստիկանը թոյլ չի տար, որ ռատիոլան թողնեն երկաթուղագիծի ճիւղաւորման կէտին վրայ: Ճիւղաւորում անշուշտ կը նշանակէ ընտրանք: Զինուորականը եւս ռատիոլան կը նկատէ «զիպիլ» (աղբ): «Պարտադի՞ր է ծախել ռատիոլան» հարց կու տայ պատանի Յարութ: Հայրը կ’որոշէ պահել: «Յիշողութիւն է, էլի՛»:

Հայր ու որդի լիճի ափին կը գտնեն խաղաղ անկիւն մը, որ կը պատկանի միայն իրենց: Տեղի կ’ունենայ եղեգներով զինուած կատակ սուսերամարտ մը, որ կ’աւարտի ոչ ոքի: Հայրը Յարութին կը սորվեցնէ հասկերով սլաքներ պատրաստել: Պատանին կը սեղմէ կոճակը եւ ո՜վ հրաշք, ռատիոլան կը յառնու եւ կը սկսի սփռել քնքոյշ մեղեդի մը: Պատանին կը վստահեցնէ հօրը, հայրը թէ ինք չէ յոգնած, ապա կը շարունակէ հարցերու տարափը…

Ամբողջ ժապաւէնին ընթացքին որդին ֆիզիքապէս կպած է հօրը: Դժուար է երեւակայել աւելի ջերմ յարաբերութիւն:

Ի աղաղակող տարբերութիւն միւս մրցանակակիր ժապաւէններուն, ամբողջ ժապաւէնի ընթացքին մենք չենք լսեր նոյնիսկ մէկ նախադասութիւն, զոր կարելի է համարել բարոյա-հայրենասիրական ատենախօսութիւն (12):

Թղթակիցներու հետ հանդիպման ընթացքին բեմադրիչը կրկին եւ կրկին շեշտեց, թէ ժապաւէնին բներգը սերունդներու բախումն է եւ թէ ոչ մէկ «ընկերային ենթաթեքսթ» ունի: Յայտարարութիւնը յոյժ զարմանալի էր: Ինչո՞ւ  պիտի բեմադրիչը ուզէր բացառել այսքան ակներեւ մեկնաբանութիւն:

Այո՛, կային լուսաւոր կէտեր: Պէտք է յուսալ եւ հաւատալ:

———————-

  1. Տես, օրինակ, http://168.am/2014/06/03/372338.html
  2. Թրեյլըրը կարելի է դիտել Եութիւպի վրայ (v=eImrGOgezY8)
  3. Chienne d’Histoire կ’ակնարկէ Սերժ Աւետիքեանի «Շուներու Կղզին» ժապաւէնին:
  4. Տես, օրինակ, «Քարքարոտ Արահետներ»-ուն լռութիւնը, Լուսյէն Քոփար, «Ակօս» 1 յունիս 2016:
  5. Կամախ, ներկայիս Kemah եղած է բերդաքաղաք: Տես վերեւի լուսանկարը:
  6. Թրեյլըրը կարելի է դիտել Եութիւպի վրայ v=fNp0EvqbNa4
  7. https://soundcloud.com/jack-bartman/save-her
  8. «Ազդակ», 6 յուն. 2016, գաղութային, Վիգէն Արմէնեանի «Ընձառիւծին լռութիւնը» ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
  9. «Առաւօտ», 16 յուլիս 2016, «Կինոն մի ամբողջ աշխարհ է, ես ձգտում եմ ստեղծել այդ աշխարհը».
  10. Թրեյլըրը կարելի է դիտել Եութիւպի վրայ v=Ql8D2ix5a6
  11. Մրցանակը կը կիսուի Գարիկ Ավագեանի վաւերագրական «Ես լսեցի մի անոյշ ձայն» (13վ) յոյժ տպաւորիչ ժապաւէնին հետ, որ կը խօսի կոյրերու դպրոցի մը մասին: Եութիւպ  v=EYgdL9mvJlM
  12. Ժապաւէնը կարելի է դիտել Եութիւպի վրայ v=DHJLI_kSVSM
  13. Մամլոյ ասուլիսը կարելի է Եութիւպի վրայ դիտել v=TMYCBGlkk08

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւ` Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?