ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բ.- Կատարողական
Ընդհանուր գիծեր.- Անհեթեթ թատրոնին կերպարները ընդհանրապէս զուրկ կ՛ըլլան անհատականութենէ: Թատրերգութեան մէջ տեղի ունեցող որեւէ զարգացում կ՛ընթանայ դէպի հոգեկան քայքայում եւ տիպարի անկում: Ներկայ թատրերգութիւնը բացառութիւն չէ (1, 2): Անհեթեթը կը խորշի բազմամարդ տեսարաններէ: Այս իմաստով, բնագիրին մէջ նշուած տասնեակ մը մարդ-խամաճիկ դերակատարներու փոխարինումը փայտէ տիկնիկներով` համահունչ է անհեթեթի բեմական աւանդին: Բեմադրիչը շատ աւելի զտարիւն ապսիւրտիսթ է, քան` հեղինակը:
Այսպէս կոչուած` «չորրորդ պատը» ելոյթի ընթացքին տեսանելի՛ էր կարգ մը դերակատարներու համար, բայց ոչ տեսանելի` ուրիշներու: Հարցը կը ծագի նոյնինքն բնագիրէն: Նախաբանին մէջ, երբ վարագոյրը փակ է, խամաճիկ մարդիկ կը շրջին հանդիսականներու միջեւ: Բայց մայր թատրերգութեան երկխօսութիւնը միանշանակ ուղղուածութիւն չունի, ինքնաներդաշնակ (consistent) չէ: Այս կու գայ աւելնալու գաղափարական աններդաշնակութեան:
Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.– «Ճղճիմ մարդը» (Էթիէն Սէօքիւնեան), որ թատրերգութեան միակ իսկական ընդդիմադիրն էր, ունեցաւ ասուպային ելոյթ: Կարելի էր ձեւով մը անոր ներկայութիւնը դարձնել աւելի ցցուն:
Տիտին կին «շեֆ» մըն է, որ կը գտնուի իշխանութեան գործադիր մարմինի գագաթին: Շեֆը կը դժուարանայ իր կամքը պարտադրել անոր: Հայրիշխանութեան շրջանին այդ աներեւակայելի էր: Նման կնա-մեծարա-մխիթարական առասպելներ երեւան եկան Վերածնունդէն ետք: Տիտին ելոյթի միակ burlesque տարրն էր: Մանաւանդ` այն տեսարանին մէջ, ուր սեռային հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Արա Գեղեցիկի… ներողութիւն, Աննիպալի նկատմամբ: Դժուար է ջրել այն մեղադրանքը, որ կինը փոխարինուած է ամրակազմ, մօրուսաւոր երիտասարդով մը` ծիծաղ կորզելու համար: Ինչո6ւ իր կարգին Շեֆը չէր փոխարինուած աղջնակով մը: Նժդեհ Մկրտիչեանը գրագէտ, այլեւս փորձառու դերակատար է, լաւապէս կատարեց այն, ինչ որ թելադրուած էր իրեն: Հարկ է սակայն, որ փորձէ ձերբազատիլ իր դէմքին վրայ ամրագրուած քմծիծաղէն:
Եւա, ինչպէս անունը կը թելադրէ, կարծրատիպ մըն է: Կերպարին անդրադարձած են բազմաթիւ ակնարկներ (3, 4, 5): Արփի Սողոմոնեանը բարեձեւ եւ փորձառու դերասանուհի է, ակնյայտ նուիրումով կատարեց իր դերը: Շա՛տ բարի: Այսուհանդերձ, դուրսէն դիտած, կը թուի, որ անկարելի չէր դերը վստահիլ տեղական դերակատարուհիի մը: Այդ առիթ պիտի տար զարգացնելու գաղութին ուժերը, մանաւանդ որ թատերախումբը ելոյթ պիտի ունենար նաեւ մայրաքաղաք Երեւանի եւ դժուարահաճ Գիւմրիի մէջ:
Ինչպէս վերը նշած եմ, Ծերունին թատրերգութեան ամէնէն հարցայարոյց, պատմական հիմնաւորում ի սպառ չունեցող կերպարն է: Կերպար մը, որուն գլխովին հակադրուած եմ: Այսուհանդերձ, Զաւէն Պաաքլինի ժխտական այդ կերպարը մարմնաւորեց ոչ միայն համոզիչ, այլեւ համակրելի կերպով: Երեւակայեցի միջնադարեան գիտնական մը, ինչպէս` Օմար Խայեամ, որ պարտադրուած է ծառայելու էմիրին: Իր հմտութիւնները ի գործ դնել` հաստատելու համար բռնակալի իշխանութիւնը: Ծերունին «շինած» է գահը, ծառայած` ինը էմիրներու: Ունի մարդկային թուլութիւններ եւ երազներ, բանաստեղծ մըն է: Ծերունին յոգնած է, դադրած, կ՛անճրկի եւ կը կործանի, ինչպէս անկ է անհեթեթ թատրոնի մէջ: Շա՛տ բարի:
Շեֆը առաջին կարգի կարծրատիպ մըն է: Այս տիպարին շուրջ եւս կան բազմաթիւ ակնարկներ: Կատարումի առումով, պարզունակ է, որովհետեւ, ի տարբերութիւն Ծերունիի կամ Աննիպալի, անոր էութեան մէջ չկայ երկբայութիւն եւ հակասութիւն: Շեֆը արագ կը փլի զերթ խաւաքարտէ վագր (որ կը թուի նկարուած ըլլալ իր ճակտին վրայ): Կը փոխարինուի «ընդդիմադիր» մրցակից շեֆով մը: Այդ է կարգը անտառի: Ժան Պեքերեճեանը նուիրեալ դերակատար մըն է: Ուրախալի է տեսնել, որ բեմի վրայ կ՛աճի` արհեստավարժութեան առումով: Թերեւս ակամայ խաղաց «Պրեխթեան» ոճով: Հարկ էր խաղալ համահունչ` տուեալ ելոյթի ընդհանուր դիրքորոշումին:
Այդտեղ կային նաեւ անհասկնալի շարժումներ: Ինչո՞ւ, օրինակ, Շեֆը արագ ձերբազատեցաւ իշխանութեան խորհրդանիշ «խոյր»-էն եւ «ծիրանի»-էն:
Աննիպալ Արիստոտել Արծրունիին «միւս ես»-ն էր (alter ego): Կը ներկայացնէր յոյսը: Ըստ թատերախումբի մեկնաբանութեան, այն ճարճատող ջահն էր, որ պիտի բոցավառէր, «խելագարեցնէր» ամբոխները: Աննիպալ արկածախնդիր, կենսունակ, արտ-ուղղուած (extrovert) անձնաւորութիւն է: Խաչիկ Տեմիրճեանը, սակայն, կը թուի ըլլալ ներամփոփ, ներուղղուած (introvert) անձ: Աւելի Արիստոտել է, քան` Աննիպալ: Նախապէս նշած եմ, որ անոր խաղարկութիւնը նուազագոյնպաշտ է: Այդ հարց չէ շարժապատկերի մէջ, ուր քամերան կրնայ մօտենալ դերասանին (close up): Յիշենք, որ Ռ. Ժպարայի «Զրադաշտ»-ին մէջ շատ յաջող մարմնաւորեց հալածախտով տառապող անձը: Աննիպալի տիպարին համար անձնապէս պիտի առաջարկէի, օրինակ… նոյնինքն բեմադրիչը:
«Կոնտոլեզիա»-ի ամէնէն թատերական կերպարը հետախոյզ Էտին է: Միակ կերպարը, որ կ՛ունենայ դրական զարգացում: Այս իմաստով, «հեթեթային» է… այսինքն ան-անհեթեթային: Էտի արդէն իսկ հանգստեան կոչուելու տարիք ունեցող (65) ճղճիմ պաշտօնակատար մըն է, չինովնիկ մը: Ամբողջ կեանքը անցուցած Է հլու եւ աւելի քան պարտաճանաչ: Առաջին արարի վերջաւորութեան կը նկատէ «բանը» եւ պահ մը կ՛արտորայ: Բնագիրը կը նշէ, թէ «բանը» օդին մէջ է, իսկ ելոյթը զայն նետած էր յատակին, այսինքն` մէկ կողմ նետուած, «անտեսուած բան»: Այդ թերեւս աւելի յարիր էր թատրերգութեան ասքին:
Էտի կը մտնէ ձկնորսի կերպարին մէջ… (վայրկեան մը… ձկնո՞րս, բայց չէ՞ որ Կոնտոլեզիայի մէջ չկայ ջուր, չկան ձուկեր… չէ՞ որ առաքեալները… ) եւ վկայ կը դառնայ Աննիպալի խաչելութեան… պիտի ըսէի` սպանութեան: Կը զեկուցէ տխուր… եւ ահա կը տեսնէ եւ շօշափէ նոյն այդ «բանն անիմանալի»: Մէկ կողմ կը շպրտէ հետախոյզի վերարկուն եւ կը յայտնուի առաքեալի սպիտակ պարեգօտով, որ երեւի միշտ կը կրէր իր մորթին վրայ: Կը դիմէ հանդիսատեսին (չորրորդ պատը վերացած է)` «Առէ՛ք, հաղորդուեցէ՛ք»: Մեսիան կը սպաննուի, պատգամը յանձն կ՛առնէ առաքեալը: Հրայր Գալեմքերեանը, ըստ իս, տուաւ ցարդ իր ամէնէն համոզիչ խաղարկութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ իր մնջախաղային միջնարարները: Բարի՛:
Այստեղ կը ծագի մեկնաբանական հարց: Արծրունիի բնագիրին մէջ Էտի կը վերադառնայ ձկնորսի տարազով: Այդ կը թելադրէ, որ հոգեփոխութիւնը կատարուած է խաչելութեան ընթացքին: Ելոյթի մէջ, սակայն, Էտի կ՛ազատագրուի, երբ վերացած է իշխանութեան մեքենան: Անհետացած է Շեֆը, Ծերունին եւ Տիտին զգայազուրկ են, թերեւս` անշնչացած: Կը շպրտէ տարազը, երբ վերացած են կաշկանդումները: Ելոյթին մեկնաբանութիւնը հոգեբանական է, իսկ բնագիրինը` հոգեւոր: Ըստ իս, երկրորդը աւելի յարիր է Արծրունիի ասքին. ի դէպ, կը յիշեցնէ Ստեփանոս Նախավկան, որուն հոգեփոխութիւնը տեղի ունեցած է խաչելութեան ընթացքին, եւ որ քարոզած է «բանը»` ի հեճուկս ռաբբունական արիւնարբու վերնախաւին:
Մեկնաբանական.- Այստեղ հիմնական հարցադրումը հետեւեալն է. պատմութեան հոլովոյթը ուղղութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ: Կարելի՞ է տեսնել «սլաք»: 19-րդ դարուն ձեւաւորուած գաղափարաբանութիւնները, յատկապէս` յեղափոխական գաղափարաբանութիւնները, ի հարկէ կը հաւատային վերընթաց զարգացման: Այլապէս յեղափոխական գործընթացը անիմաստ պիտի ըլլար: Ներկայիս կան այլ դպրոցներ, որոնց չեմ ուզեր անդրադառնալ:
Այն դրոյթը, որ 21-րդ դարու մարդը փողկապ կապած կապիկ մըն է, ոչ միայն սխալ է, այլեւ` հակայեղափոխական եւ, հետեւաբար, վնասարար: Սխալ է, որովհետեւ կ՛առաջադրէ «մարդկային բնութիւն» մը, որ կազմուած է քանի մը միանշանակ վերացական իմաստազրկուած զգացումներէ. սէր, նախանձ, ագահութիւն եւ այլն: Այս նուազապաշտ տեսութիւն է, որ անկարող է բացատրել կեանքի բարդութիւնները: Մարդկային յաւերժ անուղղայ բնութեան դրոյթը ոչ միայն պարզամիտ է, այլեւ` չարամիտ: Չարամիտ է, որովհետեւ կը մղէ յոռետեսութեան եւ յուսահատութեան: «Ճշմարտութիւնը,- կ՛ըսէ Արծրունի,- հայելիին ետին մթութիւնն է» (6): Այդ դրոյթը անհատը կը տանի դէպի ընկերային հարցերու հանդէպ անտարբերութիւն:
Անհեթեթը ծաղր ու ծանակի ուղղութիւն մըն էր, որ հակադրուած էր լուսաւորութեան դարէն եւ ճարտարագիտական յեղաշրջումէն ետք գերիշխող արդիապաշտ մթնոլորտին: Այս իմաստով, որոշ նմանութիւն ունէր Լուդդական շարժումին, որ կը կոտրէր ահաւոր թշուառութիւն պատճառող հիւսուածեղէնի մեքենաները: Լա՛ւ, կոտրենք, յետոյ ի՞նչ… վերադառնա՞նք կոյս անտառ, ինչպէս Աննիպալ կ՛երազէր: Անհեթեթը կը մերժէ յոռին, բայց այլընտրանք չ՛առաջադրեր:
Արծրունի մեծ անկեղծութեամբ եւ հաւատքով կը փորձէ ետ մղել մեղադրանքը. «Ինչո՞ւ այսօր անոր մէջ կը գտնենք յոռետեսութիւն: Արդեօք անոր մէջ չկա՞յ լաւատեսութիւն: Արդեօք նոր յայտնաբերումներու միջոցով չե՞նք կրնար ի յայտ բերել անհեթեթի դրական մտածողութիւնները» (7): Այս անուղղակի խոստովանանք է, որ նման դրական յայտնագործում տակաւին չէ կատարուած:
Թատրերգութեան մէջ տեղ գտած է նաեւ ա՛յլ, ոչ յեղափոխական ասք: Ինչպէս նշեցի, Աննիպալ կ՛երազէր փախչիլ դէպի անաղարտ բնութիւն: Այս անհատական լուծում է, այլ` ոչ հաւաքական, չի ծառայեր բարեփոխելու Կոնտոլեզիայի կացութիւնը: Աննիպալի քաղաքական ծրագիրը նոյնպէս անհատական էր: Ան ոչ մէկ յարաբերութիւն ունէր Կոնտոլեզիայի (իմա` հայրենի) ժողովուրդին հետ:Ժողովուրդի գրկին մէջ ծնած յեղափոխական առաջնորդը չէր: Աննիպալ այդպէս էր, որովհետեւ հեղինակը ինք անհատապաշտ մըն է, կը հաւատայ նիցչէական «գերմարդուն»: Աննիպալ, ինչպէս նշեցի, Արծրունիի «միւս ես»-ն է, հետեւաբար ան եւս ժողովուրդը կը տեսնէ որպէս մարդ-խամաճիկներու ամբոխ, որ կը պահանջէ սեռ եւ գոմէշի սեր, բայց` ոչ սէր:
Թատրերգութիւնը կ՛ըսէ, թէ Շեֆը կը չարաշահէ իր իշխանութիւնը: Ի սէր Պուտտայի, մի՞թէ այս ճանաչողական յայտնագործում է: Ոդիսականը համադրուած է ՆՔ 8-րդ դարուն: Ագամեմնոն կը չարաշահէր իր իշխանութիւնը: Սոփոկլեսի «Անթիկոն»-ը բեմադրուած է ՆՔ 441 թուականին: Քրէոն կը չարաշահէր իր իշխանութիւնը: Լորտ Աքթոն 1631 թուականին կատարած է իր ծանօթ յայտարարութիւնը` «Իշխանութիւնը կ՛ապականէ…»: Այս ուղղութեամբ քաջատեղեակ են Պուրճ Համուտի բոլոր լաճերը, եւ` ոչ միայն…
Թատրերգութեան լոզունգ-վերնագիրը` «Կոնտոլիզա, իմ սէր», ցաւոտ խոց մըն է: Հայրենասիրութեան պատիր կոչով կը պարտկուին բազում անարդարութիւնք եւ սադրանք: Ինչպէս անգլիացի Սամուէլ Ճոնսըն դեռեւս 1775-ին ըսած է. «Հայրենասիրութիւնը սրիկայի մը վերջին ապաստանն է» (8): Շեֆը արագ ըմբռնեց այդ լոզունգին օգտակարութիւնը` անգլուխ ամբոխը ձեռնածելու (manipulate) գործընթացին մէջ:
Արծրունի կ՛առաջադրէ հոգեւոր զարթօնք: Ներկայ թատրերգութեան մէջ ակնյայտ է քրիստոնէական ասքը` որպէս փրկութեան ուղեցոյց: Հ. Ճէպէճեան իր յօդուածին մէջ երկասիրած էր այդ: Բայց քրիստոնէութիւնը քարոզեց արհամարհել անցաւոր աշխարհը, քաջալերեց խստակեացութիւնը: Միջին դարերուն աւատապետական կարգերը Հայաստանի մէջ թէ այլուր հովանաւորեցին եկեղեցին: Մաքրակրօն խստակեացութեան շարժումներ աւելի ուշ երեւան եկան Եւրոպայի մէջ: Այդպիսով, Շեֆեր… ներողութիւն, իշխաններ կամ գործատէրեր կրնային վայելել աւելի զեխ կեանք եւ կամ կուտակել յաւելեալ դրամագլուխ:
Տիեզերական ճշմարտութիւններու որոնման մէջ Արծրունի հեռու չէ ամբարձումէ (ascention), հեռազգայնութենէ (telepathy) եւ նման այլ գերբնական երեւոյթներէ (9): Ընկերային յեղափոխութեան ճանապարհի քարտէսը կարելի չէ հիմնել այսպիսի դրոյթներու վրայ: Այդ ուղին անխուսափելիօրէն կը տանի դէպի յուսալքում: «Կոնտոլեզիա, իմ սէր» եղերերգ մըն է, այլ ոչ` մարտական քայլերգ:
Ի դէպ, «յեղափոխութիւն» եզրը կրկին ու կրկին մէջբերած եմ, որովհետեւ այդ կրկին եւ կրկին կը յայտնուի ելոյթին վերաբերող ակնարկներու եւ տեսակցութիւններու մէջ:
Բեմադրութեան հիմնական ներդրումը երկու արարներու միջեւ գտնուող հագուկապի եւ ճարտարագիտութեան զարգացումն է: Բնագիրին մէջ ելեկտրականութենէ եւ փենիսիլինէ ետք գիւտերը կը դադրին: Փոթորկալից դէպքերու թոհուբոհին մէջ ծերունին այդ ուղղութեամբ աշխատելու ո՛չ առիթ ունի, եւ ո՛չ ալ տրամադրութիւն:
Ելոյթին մէջ չես գիտեր` ինչպէ՛ս, կը զարգանայ թուային ճարտարագիտութիւնը: Այդ մեծ նշանակութիւն չունի, որովհետեւ հանդիսատեսը արդէն իսկ գիտէ, որ դէպքերը կը պատահին միաժամանակ ութ հազարամեակ առաջ Ե՛Ւ այսօր: Այդ նոյնիսկ անուղղակիօրէն շփոթեցուցիչ կրնայ ըլլալ: Կրնայ թելադրել, որ այդ ճարտարագիտութիւնը կրող հետախոյզ Էտիի համար թուային սարքերու գալուստէն ետք միայն մատչելի դարձաւ «բանը»:
Անհեթեթի հիւմըրը առհասարակ սեւ է: Բեմադրիչը փորձած էր այդ համեմել Տիտիին burlesque-ով: Այսուհանդերձ, ընդհանուր մթնոլորտը եւ յատկապէս աւարտական տեսարանը մնացին գերազանցօրէն ծանր եւ ճնշող:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայրենիքի մէջ ցուցադրած երկու թատրերգութիւնները` «Ժողովուրդի թշնամին» եւ «Կոնտոլեզիա, իմ սէր», անհատ հերոսը կը հակադրեն ամբոխին: «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերուն, միթէ ա՞յդ էր մեր ժողովուրդի «առօրեայ տագնապներուն գեղարուեստական արտացոլացումը» (10):
Վերջապէս, ժամը չէ՞ հասած տարիներէ ի վեր գոյ իրողութիւնը պաշտօնականացնել եւ «Գասպար Իփէկեան»-ը վերանուանել «Համազգային անհեթեթի թատերախումբ»:
11 յունիս 2018
(Շար. 2 եւ վերջ)
————————————-
1.- Լեւոն Մութաֆեան, «Արա Արծրունու թատերգութիւնը», մենագրութիւն, 2010:
2.- «Գրական Թերթ», «Աղասի Այվազեանի թատրոնը», 26 նոյ. 2013:
3.- Ռ. Ա., «Մերօրեայ անհեթեթութիւն», «Ազդակ», 19 մայիս 2018:
4.- Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, «Արդ, հասնինք գլխագիր բանին», «Ազդակ», 4 յունիս 2018:
5.- Համբիկ Պիլալեան, «Անկախ մտածողներու վերջին խնճոյքը», «Ազդակ», 6 յունիս 2018:
6.- Լեւոն Մութաֆեան, «Արա Արծրունու թատերգութիւնը», մենագրութիւն, 2010:
7.- «Patriotism is the last refuge for a scoundrel».
8.- Ասպետ Մանճիկեան, գրախօսութիւն, «Ծուէնները» ,«Ազդակ», 10 մայիս 2017:
9.- Ա. Արծրունի «Մտորումներ – Թատրոնի ծնունդն ու ընթացքը», «Ազդակ», 21 մարտ 2017:
10.- Նարէ Գալեմքէրեան, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հայաստանի մէջ», «Ազդակ», 8 յունիս 2018: