Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

June 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը գումարեց իր 44-րդ նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկու տարիով յետաձգել Համաարաբական խաղերը, որոնք պիտի կայանային այս տարուան ընթացքին,  Իրաքի մէջ: Ինքնաբերաբար Լիբանանի մէջ 2025-ին կայանալիք Համաարաբական խաղերը յետաձգուեցան 2027-ին:

Առցանց նիստին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ նախարարութեան յարաբերական բաժանմունքի պատասխանատու Հասան Շարարա:

Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Իրաքի կողմէ Համաարաբական խաղերը յետաձգելու առաջարկը առարկայական է եւ արդարացուած` նկատի ունենալով աշխարհին դիմագրաւած «Քորոնա» համաճարակը եւ ներկայ պայմաններուն մէջ նման խաղեր կազմակերպելու անկարելիութիւնը:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը վաւերացուց նաեւ այնպիսի բանաձեւեր, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերէին արաբական կարգ մը երկիրներու երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան միջոցառումներուն:

Վ. Օհանեան–Գէորգեան Ընդունեց
Ռապիհ Սալեմը

Միւս կողմէ, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նաւերու Լիբանանի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռապիհ Սալեմի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց «Պաթրունը` առագաստներու մայրաքաղաք» ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ Պաթրունի մէջ ինչպէ՛ս անցեալին, նաեւ այսօր կը կատարուին առագաստանաւերու մրցումներ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան տեղեկացաւ նաեւ ֆետերասիոնին ապագայ ծրագիրներուն մասին` ըլլան անոնք զբօսաշրջական, կենսոլորտի եւ մարմնակրթութեան վերաբերող ծրագիրներ, նաւերու մրցումներ` տեղական եւ միջազգային, ինչպէս նաեւ ձկնորսական նաւերու արտադրութիւնը շարունակելու աշխատանքներ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց ֆետերասիոնը իր ծրագիրներուն համար,  դրուատեց Պաթրունի պատմութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնին շինիչ գաղափարներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք կը գրաւեն զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

Նախարարի պաշտօնակատարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու այդ ծրագիրներուն յաջողութեան:

Ան բարձր գնահատեց ֆետերասիոնին կարեւոր ծրագիրները եւ անոնց արձանագրած արտակարգ նուաճումները, յատկապէս տիրող դժուար պայմաններուն մէջ:

Հանդիպումին աւարտին պատուիրակութիւնը Վ. Օհանեան-Գէորգեանը Պաթրուն հրաւիրեց:

 

 

 

 

Նախորդը

Ուահապ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Յառաջիկայ Մարտին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենան Կանխահաս Նախագահական Ընտրութիւններ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Ծոցի Երկիրներ Արտածելու Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.