Thursday May 23, 2013

Սուրիական Բանակը Ընդդիմադիր Ուժերը Հալէպի Հայկական Որոշ Թաղամասերէն Դուրս Մղած Է

By adminx - Thu Aug 23, 7:52 am

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական բանակը Հալէպի մէջ յաջողած է վերատիրանալ որոշ տարածքներու, որոնց շարքին` նաեւ հայկական թաղամասեր: Բանակը երեքշաբթի օր Ճիտէյտէ թաղամասը ապահով շրջան յայտարարած է, իսկ երեքշաբթի կէսօրէ ետք Պոսթան Փաշայէն Նոր Գիւղ երկարող շրջանը եւս իր վերահսկողութեան տակ առած է:

Ռէյիսեան նշեց, որ Ազգային առաջնորդարանի շրջանը դարձեալ անցած է կառավարական զօրքերուն վերահսկողութեան տակ: Ան նաեւ հերքեց այն լուրերը, թէ ընդդիմադիրները ուզած են գրաւել Կիլիկեան վարժարանը:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբերը ըսաւ, որ հայ համայնքը զոհեր եւ վիրաւորներ չէ ունեցած, այլ պարզապէս նիւթական փոքր վնասներ, որոնք տուեալ պայմաններուն մէջ բնական կը նկատուին:

 

 

Leave a Reply

Advertisement