ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ Միացեալ Նահանգներէն Ամերիկայի Հայ բժշկական ընկերակցութիւնը (Armenian Medical Fund, AMF) բուժարանին տրամադրած է 85.248 ամ. տոլար, որ պիտի յատկացուի արեւային Վահանակներ (Solar Battery Panels) զետեղելու` ONGRID SYSTEM-էն HYBRID SYSTEM-ի վերածելու համար, որպէսզի երկար ժամեր բուժարանը օգտուի ելեկտրական հոսանքի արտադրութենէն: Նաեւ վառելանիւթի մեծածախս նիւթական խնայողութիւն ապահովէ:
Ջերմ շնորհակալութիւն խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանի առաքելութեան նկատմամբ հաւատք եւ հոգածութիւն ունեցող բոլոր բարերարներուն:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
————————————–
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2026-2027 դպրոցական տարեշրջանի նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը` 14, 21 եւ 28 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ:
Կարեւոր:
1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք դիմումնագիրները պիտի մերժուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
ՀԱՍՑԷՆ` ՀՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ, ԿԻԼԻԿԻԱ ԹԱՂ»
Հեղինակ` ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Տպարան Զաւէն եւ որդիք
Պէյրութ, 2026



