«Էմ. Էլ. Էս.»-ի բնական տարեշրջանը վերջ գտաւ շաբաթավերջին: Վերջին հանգրուանին Ինթեր Մայեմի 3-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ 3-3 արդիւնքով աւարտեց Չարլոթի հետ իր մրցումը:
Լիոնել Մեսսի կոլ չնշանակեց այս մրցումին, բայց անոր 26 կոլերը բաւարար էին, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ան շահի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բնական տարեշրջանի ոսկի կօշիկը: Ան 4 կոլերու առաւելութիւն ունէր Տալասի յառաջապահ Փեթար Մուսային վրայ, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Այս ձեւով Մեսսի պատմութիւն կերտեց` դառնալով «Էմ. Էլ. Էս.»-ի միակ կոլ-սքորըրը, որ յաջորդաբար երկու տարիներէ ի վեր կը շահի ոսկի կօշիկը: Անցեալ տարի ան 35 կոլ նշանակած էր:
Աւելցնենք, որ Ինթեր Մայեմի հասաւ փլէյ-օֆ` գրաւելէ ետք Արեւելեան շրջանի Բ. դիրքը եւ փլէյ-օֆի իր առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Քոլոմպըս Քրու:


