Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Կատի Այզենքոթ իր երկրի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան համար բարդ բանակցութիւններ կը դիմագրաւէ` խորհրդարանական յստակ մեծամասնութեան մը չգոյութեան եւ գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դաշնակիցները սիրաշահիլ ջանալուն լոյսին տակ:
Այզենքոթ զգուշացուց, որ Իսրայէլ կը գտնուի վտանգաւոր փուլի մէջ:
«Մենք արտակարգ դրութեան մէջ ենք, եւ կը մօտենանք Իսրայէլի պետութեան համար անվերադարձ կէտին», նշեց ան` կոչ ուղղելով «նորարարական եւ ոչ աւանդական» քաղաքական քայլերու միջոցով արտակարգ իրավիճակի ազգային կառավարութիւն կազմելու:
Այզենքոթ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու քաղաքական տարբեր կողմերու հետ, ներառեալ Նեթանիահուի դաշնակիցները` շեշտելով, որ իր դուռը բաց է բոլոր ներկայ փուլի վտանգաւորութեան գիտակցողներուն դիմաց:


