Լիվըրփուլի խմբապետ Վիրճիլ Վան Տայք կը մօտենայ ասպարէզին մէջ փոփոխութեան մը: Արդարեւ, Լիվըրփուլի հետ անոր պայմանագրութեան ժամանակաշրջանը պիտի աւարտի այս տարեշրջանին հետ, եւ տակաւին «կարմիրներ»-ը անոր հետ կապուած չեն` պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգելու նպատակով: «Էլ Նասիոնալ» պարբերականին համաձայն, նետերլանտցի յետսապահը կը ցանկայ տեղափոխուիլ Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբը եւ ասպարէզի աւարտի վերջին 1-2 տարին մաս կազմել անոր: Կը սպասուի, որ ան Քամփնու տեղափոխուի ազատ գործակալի կարգավիճակով:
Նոյն աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Լիվըրփուլ իր կարգին կրնայ 55 միլիոն եւրոյի դիմաց ձեռք ձգել Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխոն, որ արդէն այս տարեշրջանին փոխ տրուած է «կարմիրներ»-ուն: Բնականաբար, ակումբներուն միջեւ այս երկու հաւանական գործարքներն ալ իրարու հետ որեւէ կապ չունին, քանի որ Վան Տայքի պայմանագրի ժամկէտը կ՛աւարտի, եւ ան կրնայ հեռանալ անվճար:
Աւելցնենք, որ 2027-ի ամրան Վան Տայք 36 տարեկան կը դառնայ:


