Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ վերջերս անդրադարձած է Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի բացառիկ ասպարէզին` յայտնելով, որ անոր կարեւորագոյն նուաճումները իր շահած բաժակները կամ կոլերու մրցանիշները չեն:
«Անոր ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը արհեստավարժութեան պատկերացումները փոխելն է: Քրիսթիանոն նոր չափանիշեր սահմանեց գործին նուիրուելու, ֆիզիքական պատրաստուածութեան, մարզական երկարակեցութեան, սեփական առողջութեան նկատմամբ հոգատարութեան եւ փոքրագոյն մանրամասնութիւններուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու հարցով: Ան կատարեց կարելի ամէն ինչ իր ասպարէզը երկնցնելու եւ լաւագոյն խաղը ցուցադրելու կարելիութիւնները առաւելագոյնի հասցնելու համար»:
Ան նոյնիսկ վերյիշեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ միասին անցուցած տարիները, երբ տակաւին երիտասարդ Ռոնալտոն աչքի կը զարնէր իր աշխատասիրութեամբ եւ սովորութիւն ունէր մարզումներէն ետք մնալու դաշտին մէջ` իր խաղային որակները աւելի եւս բարելաւելու, երբ իր խմբակիցները աւարտած կ՛ըլլային իրենց փորձերը: Ֆերտինանտի կարծիքով, Ռոնալտօ Փորթուգալի պատմութեան մեծագոյն ֆութպոլիստն է, որ կրցաւ փոխել իր երկրի ազգային խումբի հոգեբանութիւնը: Անգլիացին յատուկ ձեւով յիշեց Շուէտի ազգային խումբին դէմ զտումի վերջին մրցումին Ռոնալտոյի ձեւակերպած պատմական հեթ-թրիքը, որ փորթուգալցիները 2014-ի Մոնտիալ հասցուց:
«Ան ամբողջ ազգի մը հաւատք ներշնչեց: Նախապէս Փորթուգալ նկատի չէր առնուեր իբրեւ ֆութպոլի գերպետութիւն, որ կրնայ մրցաշարքերու գլխաւոր թեկնածուներէն ըլլալ: Ռոնալտոյի շնորհիւ իւրաքանչիւր փորթուգալցի սկսաւ հաւատալ ազգային խումբի յաջողութեան»:
Նշենք, որ 5 նոյեմբերին 41 տարեկան Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պաշտօնապէս յայտարարեց Փորթուգալի ազգային խումբին հետ ասպարէզը աւարտելու մասին: Ան ազգային խումբին հետ 234 մրցում կատարած է` դառնալով 146 կոլի եւ 45 էսիսթի հեղինակ: Ռոնալտոն հեռացաւ իբրեւ տղոց ազգային խումբերու պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու եւ ամէնէն շատ հանդիպում կատարած ֆութպոլիստը, իր կատարած մրցումներուն ընթացքին ան շահած է 2016-ի Եուրոն, Ազգերու լիկայի երկու բաժակ (2019 եւ 2025): Ռոնալտօ տակաւին կը շարունակէ իր ելոյթները Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբին հետ եւ իր ասպարէզի կոլերու ընդհանուր հաշիւը հասցուցած է 985-ի:


