Հայաստանի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի փարաբազկամարտի 28-րդ ախոյեանութեան մէջ` նուաճելով 2 ոսկիէ, երկու արծաթէ եւ մէկ պրոնզէ մետալներ:
Հաշմանդամութիւն ունեցող հայ մարզիկներու հաւաքականի հերոսներէն մէկն էր Սարգիս Ստեփանեան, որ ոսկի մետալ նուաճեց նստած մրցող մարզիկներու մինչեւ 80 քկ կշիռի մրցումներուն: Հայ մարզիկը ձախ ձեռքով մրցումներուն շահեցաւ 5-րդ անգամ ըլլալով դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Երկու մետալ շահեցաւ Սարգիս Յարութիւնեան: Մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն ան աշխարհի ախոյեան դարձաւ աջ ձեռքով մրցումներուն, իսկ ձախ ձեռքով մրցումներուն շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
Շահէն Բաբայեան նոյնպէս երկու անգամ բարձրացաւ պատուոյ հարթակ:
Մինչեւ 65 քկ կշիռի մրցումներուն հայ մարզիկը արծաթէ մետալներ նուաճեց թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքով մրցումներուն` դառնալով աշխարհի ախոյեան:
Փարաբազկամարտի աշխարհի 28-րդ ախոյեանութեան Հայաստան մասնակցեցաւ 6 մարզիկներով` իրեն հետ ունենալով գլխաւոր մարզիչ Գէորգ Ստեփանեանը եւ աւագ մարզիչ Ոսկան Մարգարեանը:
Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն 66 երկիրներ մասնակցած էին իրենց ներկայացուցիչներով:


