Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոծակի Առօրեայ Առասպել

Նոյեմբեր 24, 2018
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Collectif de l’ACT» թատերախումբը «Մոնօ» թատերասրահին մէջ  արաբերէն լեզուով եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց  Արա Արծրունիին «Մժեղը»: Թատրերգութիւնը Թորոնթոյի մէջ բեմադրուած է Զոհրապ Եագուպեանի (2004),  իսկ Երեւանի մէջ Արա Երնջակեանի եւ Արմէն Մեհրաբեանի կողմէ (2005): Այս ելոյթներուն շուրջ անձնապէս որեւէ ակնարկի չեմ հանդիպած:

Թատերագիրը.- Արծրունիի թատրերգութեան  մօտիկ անցեալին անդրադարձած եմ(1): Կու տամ ամփոփում մը: Հեղինակը կազմաւորուած է 60-ական թուականներու ըմբոստ մթնոլորտին մէջ: «Կեղծ աստուածներու» կուռքերը ջարդելու իր հակումը կարելի է վերագրել այդ մթնոլորտին: Իր թատրերգութիւները չունին կուռ գաղափարական համակարգ: Իր որդեգրած անհեթեթի ուղղութիւնը, ցաւօք, կը նշանակէ ժխտական դիրքորոշում` գիտութեան եւ առհասարակ համակարգուած մտքին հանդէպ:

Թատրերգութիւնը.- «Մժեղ»-ին հիմնական բներգը իշխանափոխութիւնն է: Բայց, Արծրունիի պատկերացումով, ատիկա տեղի կ’ունենայ որպէս արդիւնք ոչ թէ ընկերային-քաղաքական ուժերու պայքարին, այլ հիմնուած` «մարդկային բնութեան» թուլութիւններուն վրայ: Դրոյթը, ուրեմն, բնազանցական եւ յոռետեսական է:

Բեմադրիչը, որուն մեկնաբանութիւնը աւելի քան համահունչ է թատերագրի թեզին, քանի մը առիթներով  արտայայտուած է(2): Կու տամ այդ թեզի իմ ընկալումս: Տիտղոսները, իմա` ընկերային դիրքը, կամայական կերպով անհատին կը «հագցուին» շրջապատին կողմէ: «Անուն» ստացող անհատը կը վերածուի իրեն տրուած կարծրատիպ նախակերպարին (prototype) : Այս ելոյթի պարագային անանուն, կորսուած ոչ ոք մը կը վերածուի Նափոլէոնի մը, ընթացիկ իմաստով` փառասէր բռնակալի մը:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը հայրենի Մալեան թատրոնը այս օրերուն (նոյ. 16), Նարինէ Մալեանի բեմադրութեամբ, անգամ մը եւս կը ներկայացնէ Մ. Տըլափորթի «Անունը» ( Matthieu Delaporte , “Le Prénom”,  կամ` «Տրուած կոչումը»), ուր հայր մը իր որդին կ’ուզէ անուանել Ատոլֆ: Նորածինին ընտանիքը ի հարկէ կը սարսափի: Կողքի որմազդին մէջ նկատել աչքերու կապոյտ շպարը եւ իգական վարսայարդարումը:

Ընկերային պայքարներու ընդմէջէն ծնած այրեր պատահաբար չեն հասած ղեկավար դիրքերու: Պէտք է ենթադրել, որ Արծրունի կը ձաղկէ մանր շեֆերու քաշքշուքը` փոքր աթոռներու շուրջ:

Հապճեպ նշանակուած շեֆը կը հրապարակէ իր հապճեպ հնարուած «հիմնադրական առասպելը», որ կը պատմէ թուրի… ներողութիւն, հովանոցի մէկ հարուածով… մժեղ մը սատկեցնելու մասին: Կը թուի, որ Արծրունի կը ձաղկէ հիմնադրական առասպելները առհասարակ, ինչպէս աժդահա Բելի սպանութիւնը` նետի մէկ հարուածով… (3)

Արծրունի քաղաքական-ընկերային միտք չունի: Կը հաւատայ, որ փոփոխութիւնը կը սկսի անհատէն: Անհատն է, որ կ’ընտրէ  ուղղուիլ դէպի աջ կամ ձախ, վեր կամ վար: Այս կրօնաբնազանցական մօտեցում է: Համահունչ է քրիստոնէութեան հիմնադիր տեսաբան սուրբ Աւգուստինոսի (St. Augustine 354-430)  դրոյթին: Այդտեղ ևս անհատը ազատ կամք ունի ընտրելու  չարը կամ բարին: Արծրունիի «Կոնտոլեզիա, իմ սէր» թատրերգութեան մէջ եւս փրկարար «Բան»-ը ակնյայտօրէն կրօնական էր: Ինչպէս Աւգուստինոսի, այնպէս եւ Արծրունիի համար անհատը հակուած է ընտրելու չարը: Բոլորս մեղաւորներ ենք: Ինչպէս Աւգուստինոս, այնպէս եւ Արծրունի յոռետես եղերերգակ մըն է: Ինչպէս սուրբգրային մարգարէները, այնպէս եւ Արծրունին կ’ողբան անկեալ Երուսաղէմը:  Արծրունի անծրագիր բարոյախօս մըն է, ոչ յեղափոխական մը:

Բեմայարդարում, տարազներ եւ այլն.- Ելոյթը տեղի ունեցաւ «Մոնօ»-ի փոքր սրահին մէջ, որ ունի նուազ քան 5մ  լայնք եւ շուրջ 60 աթոռ: Բեմը պարզապէս շարունակութիւնն է սրահին, ակնյայտօրէն նախատեսուած է փորձառական թատրոնի համար:

Բնագրի բեմը բոլորովին դատարկ է: Ատիկա յատկանշական է անհեթեթի թատրոնին: Բեմին վրայ մնայուն կային սեւ խորանարդ մը եւ անուաւոր «hoverboard » մը: Առաջինը կը ծառայէր որպէս ամպիոն, աթոռ եւ այլն: Երկրորդը խորքին մէջ գահ մըն էր, որ իր տէրը փոխեց: Շարժուն գահը կարելի էր հասկնալ որպէս ակնարկութիւն` անկայուն իրավիճակի, եթէ  բեմադրիչը չբացատրէր, թէ  անիւները տրուած էին դերասանին որովհետև ան խառնուածքով ծայրայեղ շարժուն է: Բեմադրիչը տեսակցութեան մը ընթացքին յայտնած էր, որ ներկայացուածը «դերասանի՛ թատրոն» է(3):

Խորքի վարագոյրէն դուրս կու գային արձանագրութեան թափանցիկ գրատախտակ մը եւ տանջանքի աթոռ մը, որ կը յիշեցնէ վատահամբաւ «Garotte»-ը  (Տե՛ս կողքի նկարը):

Բնագրին մէջ չորս կերպարները արական են: Բեմադրիչը որոշած է ուղղահայեաց կերպով ( ոչ գերադաս-ստորադաս) դերերը բաժնել երկու սեռերուն միջեւ: «Երկու սպասուհիներ» եւ «Կոնտոլեզիա» թատրերգութիւններու մէջ իգական կերպարներ տրուած էին տղամարդոց: Անձնապէս չեմ յաջողած բացատրութիւն գտնել: Հանդերձանքը միանման էր: Տղամարդիկ եւս հագած էին բարձրակրունկ կօշիկներ: Բայց եթէ բեմը մանրանկարն էր ընկերութեան, ինչո՞ւ կերպարները պիտի նմանեցուէին այլամոլորկային որձեւէգ միջատներու: Կերպարներու ընկերային դիրքը կ’արտայայտուէր իրենց աչքերու կապտաւուն շպարով: «Ոչ ոք»,  ուրեմն` ոչ մէկ շպար: Շեֆ` ուրեմն առաւելագոյն շպար: Վերը տեսնուած «Անունը» թատրերգութեան որմազդին մէջ Հիթլեր եւս ունի որձեւէգ կերպարանք եւ աչքերու կապտաւուն շպար:  Զուգադիպութի՞ւն:

Որմազդին մէջ կենսաբանութեան թեթև խախտումները (աչքերէն բուսած շօշափուկներ եւ խոշոր արիւնոտ խոց) մժեղին տուած են վախազդու հրէշի տեսք: Ատիկա յարիր է թատրերգութեան բներգին, ուր աննշան միջատի մը կը տրուի անհամեմատ մեծ կարեւորութիւն: Բարի՛:

Յիշեցնեմ, որ փոքր սրահին մէջ դերակատարները կը գտնուէին առաջին շարքերու հանդիսատեսի աչքի մակարդակին վրայ: Լուսաւորումը կը ցցէր կերպարներու դէմքերը: Ինչպէս կողքի ընտրովի լուսանկարը ցոյց կու տայ, եթէ բեմի կարմրաւուն տախտակամածի կեդրոնական մասը վերէն յարատև լուսաւորուած չըլլար, պիտի թուէր, որ դէմքերը կը լողային (խորհրդանշական) մթութեան մէջ: Ափսո՜ս:

Երաժշտութիւնը եւ արտատեսարանային (diagetic) ձայնը սահմանափակ, օժանդակ դեր ունէին: Այսպէս, օրինակ, լսեցինք «suspense» (առկախային, բեմադրիչի բառերով` ակաթաքրիստիական) երաժշտութիւն, երբ կը փնտռէին արիւնոտ թաշկինակին տէրը` յանցագործը. լսեցինք տօնական երաժշտութիւն, երբ տեղի կ’ունենար անանուն մարդու զգեստաւորման ծէսը.  լսեցինք մժեղի գոռ բզզոց, որպէսզի հասկնանք, թէ այդ «չգիտեմ-ինչը» (je ne sais quoi) տակաւին չէ՛ վերացուած, եւ այլն: Բաւարար:

Լեզուական.- Արծրունի յայտնած է, որ կերպարներու անունները կը ցոլացնեն առկայ նուիրապետական կարգը.- Jacobson > Wilson > Essen  (>  = գերադաս): Այդ շարքը հաւանաբար կը բխի հեղինակի հնչիւնային «քիմք»-էն, որովհետեւ չէ հիմնուած պատմական, լեզուաբանական կամ իմաստաբանական տուեալներու վրայ: Ինչ որ է:

Իմ տրամադրութեանս տակ ունիմ բնագրի արեւելահայերէն տարբերակը: Թատերախումբը զայն բաւական յաջող թարգմանած է առօրեայ «լիբանաներէն»-ի, որպէսզի իրականանման ըլլայ: Գաղափարը հաւանաբար այն է, որ անհեթեթը չի խօսիր այլ լեզուով, առօրեան ինքնի՛ն անհեթեթ է:  Այս մասին` մեկնաբանութեան հատուածին մէջ:

Կային շարգ մը թերի թարգմանուած բառեր: Մժեղի դիակին անհետացումը կ’որակուի որպէս «դաւաճանութիւն»: Հարկ էր որ ըլլար` «դաւադրութիւն»: Շեֆը անծանօթը կ’ամբաստանէ «վէճեր» ստեղծելով: Հարկ էր որ ըլլար` «տարակարծութիւն» կամ «անմիաբանութիւն»: Կ’ակնկալուէր, որ վկայեալ ջոկատ մը կարենար ջոկել իմաստի նման երանգներ: Բարեբախտաբար շեղումները սահմանափակ էին եւ էական հետևանք չունեցան ելոյթին վրայ:

Յուրախութիւն բոլորիս` «Մժեղ»-ին մէջ տեղ չեն գտած Արծրունին յատկանշող երկարաշունչ մենախօսութիւնները:

Բնագրէն զեղչուած էին մժեղը սպաննելու համար գործածուած «զէնքերը»` հովանոց մը եւ երեք լրագիրներ: Ասիկա ոչ թէ լեզուական, այլ մեկնաբանական հարց է:  Իրենց գրպաններուն մէջ լրագիր եւ ձեռքերուն մէջ հովանոց կամ ձեռնափայտ կրող տիպարներ պիտի յիշեցնէին 19-րդ դարու «քաֆէ թրոթուար»-ներու կիսամտաւորականները:

Կատարողական.- Խաղարկութիւնը հարկ էր որ ըլլար նուազապաշտ, որովհետեւ հանդիսատեսը մօտ էր բեմին, կրնար նկատել ձայնի, դիմախաղի կամ մարմնի լեզուի փոքր երանգներ: Բեմադրիչը դերակատարներուն թելադրած է հաւատալ, որ իրենց մարմնաւորած կերպարը կու գայ իրական կեանքէ, որ նման մարդոց կարելի է հանդիպիլ փողոցին մէջ: Այլ խօսքով, խաղարկութիւնը կը միտէր ըլլալ «իրականանման», հակառակ անոր որ ներկայացուած կացութիւնները ակնյայտօրէն անհեթեթ են: Այս նիւթին հանգամանօրէն անդրադարձած եմ(4):

Ելոյթը ունէր անկիւնադարձային պահ, որ անանուն մարդու «Նափոլէօն» անուանումն էր: Այդ պահէն ետք տեղի ունեցան երեք կերպարանափոխումներ (Metamorphosis): Առաջինը, ի հարկէ, անանուն մարդունն էր, երկրորդը` երկչոտ ենթակայ Էսսենին, որ վերածուեցաւ խրոխտ դահիճի: Գահընկէց Ճէյքըպսըն ի հարկէ խեղճացաւ: Ինչպէս ենթադրելի է, պատեհապաշտ Ուիլսընը մնաց անփոփոխ, սկսաւ ծառայել նոր շեֆին: Խորքին մէջ ի՛նքն էր «թագաւորներ շինողը»:

Դերակատարները թատերական կրթութիւն ստացած երիտասարդներ են, պարզ է, որ պիտի ըմբռնէին պարզամիտ գործ մը: Սառա Ապտօ աչքի ինկաւ իր 100 տոկոս նուիրուածութեամբ եւ եռանդով: Իրենց բեմական ներկայութեամբ տպաւորիչ էին Անժելա Խալիլը (Անանուն Մարդ) եւ Թոնի Ֆարահը: Անժելան ունի նաեւ գրաւիչ արտաքին եւ հումորի զգացում, իսկ Թոնի Ֆարահը ունի ֆիզիքական մեծ կարողութիւն, որ անհրաժեշտ է արհեստավարժ դերասանին:

Կը թուի, որ Ժոզեֆ Խուրին (Էսսեն) հակամէտ է զաւեշտական դերերու: Տանջամահ եղող շեֆի կողքին կանգնած է ինքնագոհ տրամադրութեամբ` յիշեցնելով նացի կամ օսմանցի սպաներու լուսանկարները դիակներու կողքին: Բեմի յատակին ցանուած էին մեծ թիւով սպիտակ երիզներ, որոնք կը յիշեցնէին ծխիկի մնացորդներ: Ժոզեֆ ջղային, ձախաւեր շարժումներով առ նուազն երեք իսկական ծխիկ վառեց: կը թուի նաեւ, որ արտօնուած է բեմին վրայ ծխել, որովհետեւ իսկապէ՛ս ծխամոլ է, ինչպէս որ Թոնի Ֆարահը մեքենական անիւներ ստացած է, որովհետեւ իսկապէ՛ս «շարժամոլ» է: Բեմադրիչին նշանաբանն է` «Ամէն ինչ ի սպաս դերասանին»:

Յամենայն դէպս խաղարկութիւնը գրեթէ արհեստավարժ մակարդակի էր: Բարի՛:

Մեկնաբանական.- Բեմադրիչը կատարած էր կարգ մը «սրբագրութիւններ»: Վերցուած էին, օրինակ, Արծրունիին նշած «բազմաթիւ անխօս մարդիկը»: Յիշենք, որ «Կոնտոլեզիա»-ի մէջ եւս անխօս դերակատարները վերցուած էին: Այդ աւելի համահունչ է անհեթեթ թատրոնի աւանդներուն: Այլապէս ելոյթը կարելի պիտի չըլլար ներկայացնել փոքր բեմի վրայ:

Թաշկինակի խորհրդանիշը հետաքրքրական է: Առաջին հերթին կը կատարէ անձնագիրի դեր: Անանուն անձը անուան հետ ստացաւ այդ անուան առաջին տառը կրող թաշկինակ: Թաշկինակը պատրուակ մըն էր նաեւ վարկաբեկելու համար մակածութեան  (déduction) դերը եւ այդ ճամբով տրամաբանութիւնը` առ հասարակ:  Թաշկինակները նիւթական իրեր են, իմա` փաստացի տուեալներ: Թատրերգութեան մէջ կարելի չեղաւ այդ տուեալներէն մեկնած` որեւէ հաւաստի եզրակացութեան հասնիլ: Յիշենք, որ նման տեսարան մը կար նաեւ Իոնեսքոյի «Ճաղատ սոփրանօ»-ին մէջ, ուր հանդիսաւոր նիստ մը կը գումարուի քննելու համար դրան խորհրդաւոր զանգի հարցը: Ի հարկէ` ապարդիւն(5): Բեմադրիչը այս մասը ուռճացուցած էր` աւելցնելով գրատախտակ մը, ուր հարցաքննութեան ատենագրութիւնը կ’արձանագրուի: Մենք կը տեսնենք անհասկնալի խծբծումներ եւ անհեթեթ «գիտական» տարազներ(6): Գրատախտակի յաւելումը կը զարգացնէ հեղինակին ասքը: Բարի՛: Թերևս բեմադրիչը այս տեսարանը նկատի ունէր, երբ հարցազրոյցի մը ընթացքին կ’ըսէր, որ «Մժեղ»-ին մէջ «ակաթաքրիստիական բան մը» տեսած է: Բայց Ակաթա Քրիստի ոչ թէ կը վարկաբեկէ ինքնին տրամաբանութիւնը, այլ դիտաւորեալ կերպով կը շեղէ զայն: Այս նիւթին առանձին անդրադարձած եմ(7):

Կար նաեւ ա՛յլ ուռճացում: Բնագրին մէջ անծանօթը մարդը անուն կը ստանայ` առանց ծիսակատարութեան: Արծրունի իր բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ մանրամասն ցուցմունքներ կու տայ: «Մժեղ»-ի պարագային, հագուկապի վերաբերեալ նշում չկայ: Բեմադրիչը տեղադրած է 5,5 վարկեան տեւող երաժշտական միջնարար մը, երբ սպիտակ շրջազգեստով (այո՛, անգոյն, անմեղ, անաղարտ) անշպար, անանուն մարդը կը վերածուի սեւազգեստ, շպարուած «իրենցմէ մէկուն»: Ասիկա բաւական երկար հատուած է` նկատի առած, որ ելոյթը միայն 55 վայրկեան կը տեւէ: Աւելցուած էին նաեւ Ճէյքըպսընի վեց թաշկինակներու պաստառի կազմութիւնը եւ այլ տեսարաններ, որոնք ելոյթին մէջ պարզապէս խօսուն մասերու անխօս շարունակութիւններն էին: Մինչդեռ մնջախաղը ունի ի՛ր ձեւաչափերն ու մարմնի լեզուն: Հարկ էր անդրադառնալ այդ նրբութեան:

Մնջախաղի ընթացքին կային հումորային պատկերներ: Օրինակ` կօշիկներ հագցնելէ առաջ անանուն մարդուն ոտքերը «հականեխուեցան», հաւանաբար որպէսզի վերանան «անմեղութեան մանրէները»: Բարի՛:

Կար նաեւ ա՛յլ «սրբագրութիւն» մը: Բնագրին մէջ երեք դերակատարները գահընկէց շեֆը կը սպաննեն կոխկռտելով: Ելոյթին մէջ Էսսեն Կարրոթին (խեղդամահ մահապատժի գործիք) կապուած շեֆը իր ձեռքերով կը խեղդէ: Այդ աւելի յարիր է, որովհետեւ շեֆեր նման «աղտոտ գործերը «կը յանձնեն ստորին դասի գործակատարներու: Էսսեն հաճոյքով կատարեց այդ, ինչպէս վերը տեղադրուած լուսանկարը կը թելադրէ: Բարի՛:

Ելոյթի մէջ կար հիմնական հարցական մը: Լեզուն առօրեայ էր, սովորական, մինչդեռ պատկերները արտասովոր էին, յոյժ պայմանական: Այս ակնյայտ հակասութեան կարելի է տալ ժխտական կամ դրական մեկնաբանութիւն: Այդ կախեալ է մեկնաբանողի մեկնակէտէն:

Բեմադրիչը աւելի պապական է քան` պապը, իմա`աւելի  «անհեթեթապաշտ», քան` Արծրունին: Հետևաբար ելոյթը աւելի զտարիւն անհեթեթ էր, քան` բնագիրը: Թատերական, արհեստագիտական առումով, ատիկա դրական է: Կը մնայ հարցի ընկերային-քաղաքական երեսը:

Հուսկ բանք.-  Արծրունիի թատրոնին հարկ է մօտենալ մեծ վերապահութեամբ, առնուազն` երկու պատճառներով:

Նախ այն, որ անհեթեթ ուղղութեան տուն տուող պատճառները շատոնց վերացած են: Անհեթեթը կը ձաղկէ, օրինակ, գիտական գոռոզ տրամաբանութիւնը: Ատիկա հակազդեցութիւն էր լուսաւորութեան դարուն սկսած եւ մինչեւ 20 դարու առաջին տասնամեակները շարունակուած մեքենապաշտ, պարզապաշտ (Reductionist) մտայնութեան: Ատիկա այլեւս հիմնովին վարկաբեկուած է թէ՛ գիտական և թէ՛ իմաստասիրական առումով: Ասիկա առանձին նիւթ է: Հիմնովին վերատեսուած են նաեւ լեզուական տեսութիւնները: Արծրունիի անհեթեթը, ինչպէս անգլիական առածը կ’ըսէ «աքացի կու տայ սատկած ձիուն» (Kick a Dead Horse) (8):

Աւելի լուրջ է քաղաքական երեսը: Արծրունիի ընկերաբանական տեսութիւնները, մեղմ ասած, պարզամիտ են, որեւէ կերպով չեն հիմնաւորուած: Առաջին հերթին նախնական ընկերութիւնները երբեք հաւասարապաշտ (egalitarian) չեն եղած, ընդհակառա՛կն, նուիրապետական դասակարգումը եղած է շատ աւելի անողոք(9): Միաստուածեան կրօններն իսկ (որոնք ունին նուազ քան 4 հազար տարուան պատմութիւն), կ’օրինականացնեն տէրերու եւ ծառաներու գոյութիւնը: Չկա՛յ իտէալական անաղարտ անցեալ, որ ապականած է ներկայիս: Հաւասարապաշտ գաղափարները սկսած են յօրինուիլ վերածնունդի դարուն որպէս գաղափարական զէնք` աւատապետութեան դէմ: Գործադրութիւնը դեռ կը յամենայ… :

«Մժեղ»-ին եւ «Կոնտոլեզիա»-ի մէջ մենք կը տեսնենք, որ տեղի կ’ունենայ «իշխանափոխութիւն», բայց էապէս ոչինչ կը փոխուի ընկերային կարգավիճակին մէջ: Պարզապէս «շեֆ» մը կը փոխարինուի այլ «շեֆ»-ով մը:  Արծրունի չունի քաղաքական միտք: Իսկական իշխանաւորները ոչ թէ «շեֆ»-երն են, այլ` այն ուժերը, որոնք կը տիրեն երկրի տնտեսութեան: Շեֆերու փոխարինումը ոչինչ կը փոխէ գետնի վրայ, ժողովրդավար ընտրութիւնները վկայ:

Արծրունիի հիմնական բացթողումը այն է, որ հարցերը կը տեսնէ անհատական, հոգեբանական գետնի վրայ: Կը հաւատայ նաեւ «մարդկային բնութեան», որ ի հարկէ անփոփոխ մնացած է` Ադամ եւ Եւայէն սկսած: Այս բոլորի համադրումը կը տանի յոռետեսութեան, այն եզրակացութեան, որ էապէս ոչինչ կարելի է փոխել: Այս մօտեցումը, ընկերային առումով, վնասակար է, որովհետեւ կը բացառէ յեղափոխութիւնը:

Այս նկատողութիւնները անգամ մը եւս կը յանձնեմ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ուշադրութեան:

Ցնոր… ներողութիւն, ցյաջորդ տեսութիւն:

————————-

1.- «Հաւատք անյոյս եւ սէր»  Ա. եւ Բ. – «Ազդակ», 7 եւ 8  յուլիս 2018:

2.- Հարցազրոյց, Արա Արծրունիի «Մժեղը» լիբանանեան բեմին վրայ, «Ազդակ», 2 նոյ 2018:

3.- Տեսակցութիւն «Վանայ ձայն»-ի հետ:

4.- «Կատարողական քառուղիներ», Ա., Բ., եւ Գ.,  «Ազդակ» 30 յուլիս, 31 յուլիս,  1 օգ. 2018:

5.- «Ճաղատ սոփրանոն», «Ազդակ», 14 յունիս 2013:

6.- Ի բաց առեալ մէկէն, որ բեմադրիչը որպէս հանաք փոխ առած էր ինձմէ:

7.- «Առկախի թատրոնը», «Ազդակ», 30 յունուար 2018:

8.- Ի դէպ, Sam Shepard 2007-ին այդ վերնագրով թատրերգութիւն մը հրատարակած է:

9.- Կենդանական աշխարհին եւ ցեղախումբերու մէջ կայ խիստ նուիրապետութիւն: Կայ նաեւ կատաղի պայքար Ալֆա (Այբ) դիրքին շուրջ, որովհետեւ Ալֆան արուն ունի սերնդագործելու մենաշնորհ եւ սննդառութեան առաջնահերթութիւն: Ֆեմինիստներուն կը թելադրեմ ուսումնասիրել բորենիներու «հասարակութիւնը»:

 

Նախորդը

Կոյի Խաղին Սիրոյն Համար…

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Արամ Մանուկեանի Մահուան Առիթով «Աշխատանք» Թերթին Բացառիկ Թիւը Եւ Արամի Յուղարկաւորութիւնը

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?