Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է Ամերիկեան Նոր Վարչակազմին Հետ Աշխատանքի Առաջնահերթութիւնները

Յունուար 22, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Ճօ Պայտընը` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահի երդման արարողութեան առիթով:

Մենք կը միանանք մեր համայնքին, դաշնակից գործընկերներուն եւ քոնկրեսական դաշնակիցներուն` քաջալերելով վարչակազմը կառուցողաբար եւ համագործակցաբար ներգրաւուելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան գերակայութիւններուն մէջ, որոնք ազդեցութիւն ունին Հայաստանի, Արցախի, Եւրասիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Մեծն Միջին Արեւելքի վրայ:

Նախորդ վարչակազմի կրաւորականութեան եւ շրջանի թշնամական ուժերու յարձակողական միջամտութեան ենթահողին վրայ` Միացեալ Նահանգները պէտք է շրջադարձ կատարեն դէպի ներգործական մօտեցում, այն է` Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութիւն, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ շարունակուող թշնամանքի համար Պաքուի եւ Անգարայի պատասխանատուութիւն, Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդում, Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում:

Պայտընի վարչակազմի ուշադրութիւնը, իր պաշտօնավարման առաջին օրերէն, կը հրաւիրենք կայունութիւնը վերականգնելու, խաղաղութիւնը խթանելու եւ Ալիեւի ու Էրտողանի ցեղասպանական համաթրքական ծրագիրները հետաքննելու, ինչպէս նաեւ հետեւեալին վրայ.

Օժանդակութիւն Հայաստանին Եւ Արցախին. 250 միլիոն տոլարի հրատապ մարդասիրական օգնութեան թղթածրար` մարդասիրական կարիքները բաւարարելու եւ Արցախի մէջ հայ գաղթականներու տուները անվտանգ ու կայուն դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի նոր բաղադրիչներու ներդրում` Հայաստանի մէջ բարձր ճարտարագիտական կրթութիւնը խրախուսելու համար:

Զինուորական օժանդակութիւն/վաճառք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին. Աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ յօդուածի լիակատար կիրարկում: Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգներու զինուորական եւ անվտանգային բոլոր օժանդակութիւններու կասեցում եւ թէ՛ Ազրպէյճանին, թէ՛ ալ Թուրքիոյ զէնքի արտածման բոլոր նոր արտօնագիրներու մերժում:

Պատժամիջոցներ. Մակնիթսքիի միջազգային եւ այլ կանոնադրական պատժամիջոցներ Ալիեւի եւ Էրտողանի վարչակարգերուն նկատմամբ` մարդու իրաւունքներու հանդէպ յանցագործութիւններու համար, որոնք անոնք գործած են Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումին ընթացքին, ներառեալ Թուրքիոյ կողմէ հաւաքագրուած օտարերկրեայ ահաբեկչական մարտիկներու օգտագործումը:

Ամերիկեան պահեստամասերը Ազրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Փենթակոնի եւ Արդարադատութեան նախարարութեան միացեալ հետաքննութիւնը ամերիկեան արտադրութեան մասերու վերաբերեալ: Անոնք յայտնաբերուած են թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ, զորս Ազրպէյճանը կ՛օգտագործէր Արցախի վրայ յարձակումին ժամանակ:

Բանտարկեալներու ազատ արձակում. Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը պէտք է ապահովէ Ազրպէյճանի կողմէ հայ քաղաքային անձերու եւ զինուորներու ազատ արձակումը, որոնցմէ շատերը խոշտանգուած, խեղուած եւ սպաննուած են, եւ այդ արարքներուն մասին նիւթեր տարածուած են ընկերային ցանցերուն վրայ:

Եկեղեցիներու պահպանութիւն. Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դերը ներկայիս Ազրպէյճանի զինուորական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային վայրերու փաստաթղթաւորման, հսկողութեան, պաշտպանութեան եւ պահպանման գործին մէջ:

Արցախի ճանաչում. Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը իբրեւ շտապ վերականգնողական գործողութիւն, որ անհրաժեշտ է այս հին հայկական երկրի քրիստոնեայ հայ բնակչութեան գոյատեւման համար:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու վերաշխուժացում. նորացուած ռազմավարական գործընկերութիւնը, որ կեդրոնացած է շօշափելի տնտեսական եւ զինուորական համագործակցութեան վրայ, եւ որ կ՛աջակցի ու կը պահպանէ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Արցախի անվտանգութիւնը:

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

20 յունուար 2021

Նախորդը

Վաղարշակ Յարութիւնեան Սերկէյ Շոյկուի Հետ Քննարկեց Գերիներու Վերադարձին Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?