Մարդկային գիտութիւններու եւ ստեղծագործութեան համաշխարհային ընկերակցութիւնը (World Association for Creativity and Humanities), որուն կեդրոնն է Եգիպտոսը, «Վանայ Ձայն»-ին շնորհեց «Իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան» պատուոյ գիր, ծանօթանալէ ետք ռատիոկայանին 2020 տարուան յայտագիրներուն եւ իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ` իրազեկ դառնալէ ետք այս գծով մասնագիտական յանձնախումբի մը պատրաստած յատուկ տեղեկագիրին, ռատիոկայանը հռչակելով Լիբանանի անցնող տարուան մամլոյ-տեղեկատուական մարզի ամէնէն յաջող եւ կազմակերպուած հաստատութիւններէն մէկը:
Յայտնենք, որ ընկերակցութիւնը տարեկան պատուոյ գիրերով կը պատուէ արաբական զանազան երկիրներու ռատիոկայաններ եւ պատկերասփիւռի կայաններ: Այս տարի ան «Իւրայատկութեան եւ գերազանցութեան» պատուոյ գիրեր շնորհած է լիբանանեան երկու ռատիոկայանի` «Վանայ Ձայն»-ին եւ «Նուր» ռատիոկայանին: