«Ազդակ»-ի հաւաքածոյի արխիւային բաժինին մէջ գոյութիւն ունեցող յատուկ թիւերը սկզբնական շրջանին ընդհանրապէս ե՛ւ ազգային-կուսակցական, ե՛ւ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան յոբելենական տարիներու առիթով լոյսին եկած հրատարակութիւններ են: Այնուհետեւ շատ աւելի կանոնաւոր հերթականութեամբ ամանորեան եւ ապրիլքսանչորսեան բացառիկները եկած են համալրելու արխիւային այս բաժինը:
«Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ ամբողջացաւ հաւաքածոյի այս նիւթերու թուայնացումը:
Այս նիւթերու բովանդակութիւնը առաւելաբար յօդուածագրական, վերլուծական, յուշագրական եւ նուազ քանակով` տեղեկատուական բնոյթի հրապարակագրութիւն է:
Թուային այս նոր հաւաքածոյէն օրինակ մը շուտով կը յանձնուի Հայաստանի Ազգային գրադարանին, ի լրացումն օրաթերթային թուային հաւաքածոյին:
Արձանագրենք, որ բացառիկներու եւ յաւելուածներու հաւաքածոն ամբողջական չէ մեր արխիւներուն մէջ: Այս առիթով մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ նման առիթներով լոյս տեսած բացառիկներու եւ յաւելուածներու օրինակներ եթէ ունին իրենց տրամադրութեան տակ, յանձնեն «Ազդակ»-ի խմբագրութեան` առ ի թուայնացում: Բնագրային օրինակները կը վերադարձուին սեփականատէրերուն: