Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Մօտ` Դատական Համակարգը Իշխող Ուժի Վերահսկողութեան Տակ Դնելու Դէմ

Յունուար 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի գործիչները 22 յունուարին «Ամօթի պատ» կազմեցին Ազգային ժողովի մուտքերուն առջեւ` բողոքելով Գագիկ Ջհանգիրեանը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ նշանակելու` իշխանական պատգամաւորներուն մտադրութեան դէմ:

ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան ցոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Գագիկ Ջհանգիրեանը ո՛չ միայն միանշանակ անբիծ չէ իր կենսագրութեամբ, այլ նաեւ այս գործընթացը ունի ընդամէնը մէկ նպատակ` խախտելով Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ նշանակել մարդ մը, որ լիարժէք կամակատարն է Հայաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան:

«Ասիկա մեզի համար յստակ է, որ ունի ընդամէնը մէկ նպատակ` զաւթել դատական իշխանութիւնը, որ անցնող շրջանին ցոյց տուած է, որ կրցած է տակաւին պահպանել իր անկախութիւնը, չ՛ենթարկուիր Նիկոլ Փաշինեանի սադրանքներուն, անձնական հրահանգներուն եւ ցանկութիւններուն: Այսօր կ՛ուզեն զաւթել դատական համակարգը` շարունակելու համար իրենց անօրինական գործողութիւնները` ճնշումները, ձերբակալութիւնները, անօրինական դատական որոշումները, որոնցմով կը կարծեն, թէ կրնան կանխել իրենց իշխանափոխութիւնը», ըսաւ Նազարեան:

Ան արձանագրեց, որ իշխող խումբը իր իշխանութիւնը երկարաձգելու համար անգամ մը եւս կը խախտէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը:

«Մենք այս պատճառով հաւաքուած ենք` մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու, կոչ յղելու մեր քաղաքացիներուն, որ ամէն օր, որ Նիկոլ Փաշինեանը կը շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, նոր անօրինականութիւն կը բերէ, նոր հարուած կը հասցնէ պետութեան, եւ, այսպիսով, կը շարունակէ քանդել Հայաստանի հիմքերը», յայտնեց Սեւակ Նազարեան:

ՀՅԴ-ի անդամ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց. «Ազգային ժողովին մէջ տեղակայուած խումբ մը «ուսապարկեր», որոնք ուսապարկով, սելֆիի ձողով կրցան զաւթել Ազգային ժողովը, այսօր կը ծառայեն այլ երկրի շահերու»:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան անդամ Աննա Մկրտչեան ըսաւ. «Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի աթոռին նստած Արարատը, որ թուրքի գործակալ է, որ պատրաստ է թուրքին ծառայելու, որուն չի հետաքրքրեր Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ ինք թուրքի ստրուկ է, իր դիմաց նստած` իրենցքայլական անհայրենիք, անկեցուածք, անբովանդակ պատգամաւորներով, որոնք կուրցած են պարգեւավճարներէն, կը պատրաստուին հերթական հակապետական եւ հակաօրինական քայլին»:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Քոնկրեսի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հետ Սերտօրէն Պիտի Համագործակցինք Հայաստանի Եւ Շրջանի Անվտանգային Խնդիրներու Լուծման Համար Անհրաժեշտ Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Նպատակով»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կ՛ողջունեն Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւերը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?