Newsletter

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներու ներխուժման: Յայտարարութեան ամբողջութիւնը` ստորեւ. Արդէն մի քանի օր է` Ազրպէյճանի զինուած ուժերը շարունակում են գրաւուած պահել ռազմավարական նշանակութեան տարածքներ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերում: Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ի զօրու չեն եղել կանխել մեր տարածքների զաւթումը թշնամու կողմից,...

Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ  Կ՛արձանագրուին Բախումներ. Կը Նահատակուի Հըզպալլայի  Անդամ Երիտասարդ Մոհամետ Թահհան

Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Կ՛արձանագրուին Բախումներ. Կը Նահատակուի Հըզպալլայի Անդամ Երիտասարդ Մոհամետ Թահհան

Հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-ի երեկոյեան հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուեցան երեք հրթիռներ, որոնք ինկան Գալիլիոյ Շլոմի իսրայէլեան բնակեցման վայրին վրայ: Իսրայէլեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ հրթիռները արձակուած են Քլայլէ գիւղաքաղաքէն: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժեր Սուրի մէջ ձերբակալած են հրթիռները արձակողները, որոնք պաղեստինեան Ռաշիտիէ գաղթակայանէն եղած են: Սակայն լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը ոչ...

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Յղեց  Էմանուէլ Մաքրոնին

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Յղեց Էմանուէլ Մաքրոնին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն յանձնեց գրաւոր նամակ մը` ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Նամակը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Միւս կողմէ, նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, թէ «Մուսթաքպալ Ուեպ» կայքն ու «Լիբանանի ձայն» ռատիոկայանը անճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն հանրապետութեան...

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի պաշտօնակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպումին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային թատերաբեմի իրադարձութիւնները: Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան եւ ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն` ճշդելով որ անհրաժեշտ են կառավարութեան արագ կազմութիւնը, ազգային համերաշխութեան պահպանումը, բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին...

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի  Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Ուրբաթ, 14 մայիս 2021-ին, ժամը 1:30-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարին կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածուն` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ հռչակուեցաւ Ներկայացուցչական տան յառաջիկայ 2021-2026 նստաշրջանին համար:

Միացեալ Նահանգներ Սադրանք Կը Նկատեն  Հայաստանի Սահմաններուն Մօտ  Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ Սադրանք Կը Նկատեն Հայաստանի Սահմաններուն Մօտ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ Ազրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր: «Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատեն «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսած է Փորթըր` հեռաձայնային...

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց  Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը.  «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի  Եւ Ըստ Կարիքի Պիտի Շարունակուի»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը. «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի Եւ Ըստ Կարիքի Պիտի Շարունակուի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշեց Կազայի մէջ շարունակել զինուորական գործողութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»¬ը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները իրենց կարգին հաղորդեցին. «Քիչ առաջ նախարարաց խորհուրդի ժողովը չքննարկեց Կազայի հետ զինադադարի հարցը, եւ իսրայէլացի կարգ մը պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկարատեւ զինադադարը ներկայիս իսրայէլեան կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլ յարձակում գործեց Համաս շարժումի հրթիռներուն ու անհատներուն վրայ, եւ...

Ակնարկ.  Հաւասարաչափութեան Խախտումի  Հիմնաւորումները

Ակնարկ. Հաւասարաչափութեան Խախտումի Հիմնաւորումները

Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը: Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու: Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու...

Ազրպէյճանցիները Կը Խախտեն Հայաստանի  Պետական Սահմանը` Սիւնիքի  Իշխանասար Լերան Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանցիները Կը Խախտեն Հայաստանի Պետական Սահմանը` Սիւնիքի Իշխանասար Լերան Ուղղութեամբ

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 մայիսին, ազրպէյճանական զինուած ուժերը կանուխ առաւօտեան, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած են  որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ազրպէյճանցի զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները: Տեղի ունեցած են բանակցութիւններ` ստեղծուած իրավիճակը հարթելու նպատակով: «Մամուլի մէջ տարածուող տեղեկութիւնները «Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերուն մասին» չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նման...

Արմէն Ռուստամեան. «Կայ Մէկ Գլխաւոր  Խնդիր` Հեռացնել Նիկոլը»

Արմէն Ռուստամեան. «Կայ Մէկ Գլխաւոր Խնդիր` Հեռացնել Նիկոլը»

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «ԱրմԼուր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ աշխատանքային փորձառութիւն ունի, եւ անոնք յաջողութեան տարիներ էին: Հարցազրոյցին ընթացքին Ռուստամեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ Դաշնակցութեան որդեգրած ուղեգիծին: Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցիլը որքանո՞վ յաղթանակ պիտի ապահովէ` Ռուստամեան ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ասիկա իսկապէս...

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարները Քննարկած Են Իրավիճակը  Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Վայրերուն Մէջ

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Իրավիճակը Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Վայրերուն Մէջ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են ռուս խաղաղապահներու տեղակայման տարածքներուն մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին հաղորդած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն: «12 մայիսին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին  քննարկուած է իրավիճակը այն տարածքներուն մէջ,...

Խումբ Մը Սպանացի Երեսփոխաններ Ու Ծերակուտականներ  Ազրպէյճանէն Կը Պահանջեն Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Խումբ Մը Սպանացի Երեսփոխաններ Ու Ծերակուտականներ Ազրպէյճանէն Կը Պահանջեն Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Խումբ մը սպանացի երեսփոխաններ ու ծերակուտականներ Ազրպէյճանէն կը պահանջեն ազատ արձակել հայ պատերազմական գերիները: Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: «Ազատութիւն հայ պատերազմական գերիներուն» գրառումով պաստառներով այսօր անոնք միասին լուսանկարուած են Սպանիոյ խորհրդարանի կեդրոնական մուտքին առջեւ», նշուած է դեսպանատան հրապարակած տեղեկատուութեան մէջ:  

«Ազրպէյճանին Կը Յորդորենք Համագործակցելու  ՄԻԵԴ-ի Հետ` Հետաքննելու Համար Հայ Գերիներու  Նկատմամբ Ոչ Մարդկային Վերաբերմունքի Մասին  Հաղորդումներու Իսկութիւնը»  Կ՛ըսէ «Ֆրիտըմ Հաուզ»

«Ազրպէյճանին Կը Յորդորենք Համագործակցելու ՄԻԵԴ-ի Հետ` Հետաքննելու Համար Հայ Գերիներու Նկատմամբ Ոչ Մարդկային Վերաբերմունքի Մասին Հաղորդումներու Իսկութիւնը» Կ՛ըսէ «Ֆրիտըմ Հաուզ»

«Ֆրիտըմ Հաուզ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու նկատմամբ տանջանքներու մասին հաղորդումներուն եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) արտօնելու հետաքննութիւն կատարել: «Ազրպէյճանի մէջ կալանքի տակ պահուող 200 հայերու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է, անոնց նկատմամբ նուաստացումներու եւ կտտանքներու մասին հաղորդումները կը շարունակուին, մինչդեռ անոնց վերադարձը որոշուած էր ամիսներ առաջ երկու երկիրներուն...

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Իրավիճակն Ու Լիբանան-Սուրիա  Սահմանային Անցքերուն Կացութիւնը

Նախագահ Աուն Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակն Ու Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Անցքերուն Կացութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն կացութիւնը: Ֆահմի նախագահ Աունին ներկայացուց սահմանային շրջաններ իր կատարած այցելութեանց արդիւնքները, ինչպէս նաեւ սահմաններուն վրայ հսկողութիւնը ամրապնդելու իմաստով որդեգրուած նոր քայլերը, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զսպել մաքսանենգումը: Ֆահմի իր...

«Կազայի Վրայ Մէկ Շաբաթ Տեւողութեամբ  Ուժեղ Յարձակում Պիտի Շղթայազերծենք»  Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Կառավարութիւնը

«Կազայի Վրայ Մէկ Շաբաթ Տեւողութեամբ Ուժեղ Յարձակում Պիտի Շղթայազերծենք» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Կառավարութիւնը

Իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդը երէկ գիշեր յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի վրայ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ ուժեղ յարձակում պիտի շղթայազերծէ: Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի` հրթիռակոծման ծիրը ընդլայնելու սպառնալիքէն ետք, Հայֆայի եւ Իլաթի շրջաններուն մէջ ապաստանարանները բացուած են: Իսրայէլեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատար հազարապետ Էլիազար Թոլտանօ Կազայի սահմանին վրայ լրագրողներուն յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը Համաս շարժումի հրթիռային կարողականութենէն անակնկալի...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ուաէլ Հասանիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ երկիրը կարենայ դուրս բերել իր տնտեսական եւ ընկերային...

Նախընտրական Քարոզարշաւը Պիտի Սկսի  7 Յունիսին Եւ Երկարի Մինչեւ 18 Յունիս

Նախընտրական Քարոզարշաւը Պիտի Սկսի 7 Յունիսին Եւ Երկարի Մինչեւ 18 Յունիս

Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 18 յունիս` ժամը 24:00: Համապատասխան որոշում տրուեցաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 11 մայիսի նիստին: Հայաստանի Ազգային ժողովի 20 յունիս 2021-ին տեղի ունենալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստութեան եւ կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը հաստատելու մասին նախագիծը ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: Թեկնածուներու, կուսակցութիւններու կամ դաշինքի անդամ...

Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»

Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ պաղեստինեան իրադարձութիւններուն,  յատկապէս Աքսայի մզկիթին դէմ յարձակումին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին միջամտելու` արգիլելու համար Իսրայէլի բռնարարքները: Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ, ինչպէս որ առանց իրաւունքները յարգելու արդարութիւն չկայ: Նախագահ Աուն ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին գոյատեւումը` հաստատելով, որ ուժի գործադրութեան, իրաւունքներու ոտնահարումի եւ...

130 Հրթիռներ Թել Աւիւի Դէմ.  «Քասսամ»-ի Ջոկատները Մինչեւ Օրս Թել Աւիւին,  Ասքալանին Եւ Աշտոտին Հրթիռային  Մեծագոյն Հարուածը Հասցուցին

130 Հրթիռներ Թել Աւիւի Դէմ. «Քասսամ»-ի Ջոկատները Մինչեւ Օրս Թել Աւիւին, Ասքալանին Եւ Աշտոտին Հրթիռային Մեծագոյն Հարուածը Հասցուցին

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` «Քասսամ»-ի ջոկատները բռնագրաւեալ Ասքալան եւ Աշտոտ քաղաքներուն հասցուցին մինչեւ օրս հրթիռային մեծագոյն հարուածը, ինչ որ անդամալուծեց բնակեցման վայրերն ու զանոնք դատարկեց: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Քասսամ»-ի ջոկատները Ասքալանը հարուածած են աւելի քան 20 հրթիռներով` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: «Քասսամ»-ի ջոկատներու բանբեր Ապու Ուպէյտա յայտնեց. «Եթէ թշնամին շարունակէ քաղաքային երկնաքերները հարուածել, ապա Թել Աւիւին...

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Հակառակ Բարդութեան` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Սահմաններուն Առնչուած Խնդիրները Լուծելի Են»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Հակառակ Բարդութեան` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Սահմաններուն Առնչուած Խնդիրները Լուծելի Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ հակառակ բարդութեան` Արցախի շրջանին մէջ սահմաններու առնչուած խնդիրները լուծելի են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը: «Այժմ մենք պէտք է զբաղինք «ցամաքի» մանրամասնութիւններով: Կան սահմանազատումներ եւ սահմանագծումներ: Ամէն ինչ յստակ չէ, սակայն, մեր համոզումով, ամէն ինչ լուծելի է: Պատերազմական փորձագէտները դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կրնան...

Page 23 of 256 1 … 22 23 24 … 256